Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/10-2019
Զբօսաշրջութիւնը Ֆինլանտայի մէջ (ֆին.՝ Matkailu Suomessa), Ֆինլանտայի Հանրապետութեան տնտեսութեան գլխաւոր եկամուտներէն մէկն է։
Ֆինլանտա կը գտնուի Հիւսիսային Եւրոպայի Սքանտինաւեան թերակղզիին արեւելքը:
Ֆինլանտայի զբօսաշրջութեան պատմութեան գագաթնակէտը կը համարուի 1996 թուականը, երբ այս երկիրը Շէնկէնեան համաձայնութեան անդամ կը դառնայ (մէկ տարի առաջ Ֆինլանտա արդէն միացած էր Եւրոպական Միութեան)։
2011-ին Ֆինլանտա կ'այցելեն 7,3 միլիոն զբօսաշրջիկներ, ինչ որ 17 %-ով կը գերազանցէ 2010-ի ցուցանիշները։ 2013-ի տուեալներով Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ Ֆինլանտա այցելելու համար տրուած է աւելի քան 1,5 միլիոն վիզա։ 2014-էն սկսեալ Ֆինլանտա կը սկսի հետաքրքրել ասիական երկիրներու զբօսաշրջիկները, յատկապէս Ճափոնէն, Չինաստանէն եւ Հարաւային Քորէայէն: Ըստ 2014-ի տուեալներուն` Ֆինլանտա այցելող զբօսաշրջիկներուն ամենամեծ զանգուածը (աւելի քան 615 հազար հոգի) եկած է Ռուսիայէն: Այս ցուցանիշով երկրորդ տեղը կը գտնուի Ֆինլանտայի սքանտինաւեան դրացի Շուէտը (շուրջ 300 հազար հոգի) եւ երրորդ տեղը՝ Գերմանիան (248 հազար հոգի)։ Մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կը մեկնին Ֆինլանտա նաեւ Մեծն Բրիտանիայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Էսթոնիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Լաթվիայէն եւ այլ պետութիւններէ։
Ֆինլանտա կ'ամբողջացնէ զբօսաշրջութեան երկիր մը ըլլալու չափանիշները՝ պալթեան ծովափեր, հիւսիսային ցուրտ եւ մաքուր օդ եւ հիասքանչ գիշերային կեանք։ ․․․ Աւելին⇒