Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/11-2021
Կլիմայական փոփոխութիւնը կրնայ նկարագրուիլ իբրեւ դանդաղ եւ ներդաշնակ փոփոխութիւն, որ կ'ազդէ երկրագունդին կլիմային: Կլիմայական փոփոխութիւնը համերկրային հարց մըն է՝ կենսոլորտային, ընկերային, տնտեսական, բաշխումային եւ քաղաքական ծանր հետեւանքներով, եւ այսօր կը կազմէ մարդկութեան առաջնահերթ մարտահրաւէրներէն մին: Անիկա յառաջացած է մարդոց առօրեայ գործունէութիւններէն եւ կը սպառնայ բնութեան եւ մարդկութեան: Երկրագունդին ջերմաստիճանը կը բարձրանայ բնութեան ընդհարումներով:
Երկիր մոլորակին կլիմայական փոփոխութեան հիմնական ցուցանիշները` հողի եւ Ովկիանոսի ջերմաստիճանին բարձրացումը, ծովու մակարդակին եւ ջերմոցային կազերու ծաւալներու աճը, կը մատնանշեն Երկիր մոլորակին տաքնալը:
Կլիմայի փոփոխութիւնները կը նկատուին մարդկութեան ժամանակակից առաջնահերթ մարտահրաւէրներէն, որոնց պատասխանը կը պահանջէ բոլորին զօրակցութիւնը։
Մարդոց առօրեայ գործունէութիւնները ջերմոցներու կազերու արտադրման պատճառ կը հանդիսանան եւ Երկիր մոլորակին ջերմաստիճանը վտանգաւոր կերպով կը բարձրանայ․․․ Աւելին⇒