Ուխտանէս
Ուխտանէս (935 - մօտ 1000 թթ.), 10-րդ դարու հայ պատմիչ, եկեղեցական գործիչ, Սեբաստիոյ եպիսկոպոս։
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԱպրած է Ժ. դարու երկրորդ կիսուն եւ մեռած է ԺԱ. դարու սկիզբը։ Եղած է եկեղեցական։
Եղեր է Սեբաստիա քաղաքի եպիսկոպոսը: Կրթութիւնը ստացեր է Նարեկավանքին մէջ՝ աշակերտելով Անանիա Նարեկացիին։ Հմտացեր է մատենագիտութեան եւ աստուածաբանութեան մէջ։ Եղեր է Սեբաստիոյի (մօտ 970-985թթ), հաւանաբար նաեւ Ուռհայի (985թ-էն յետոյ) թեմակալ առաջնորդ։ Պայքարեր է քաղկեդոնականութեան դէմ։
Ըստ Օրբէլեանի՝ Ուխտանէս եղած է Սեբաստիոյ եպիսկոպոսը, իսկ ըստ Կիրակոս պատմիչի՝ Ուրհայի եպիսկոպոսը։ Սեբաստիոյ եւ Ուրհայի չափ ծանօթ է Հայաստանին եւ Աղուանից երկրին, վասն զի երկարատեւ ճամբորդութիւններ ունեցած է։
Գործերը
Խմբագրել980թ. Անանիա Նարեկացիի յանձնարարութեամբ սկսեր է գրել «Պատմութիւն Հայոց» երկասիրութիւնը, որ աւարտեր է մօտ 982թ.։ Երկի առաջին բաժինը կամ հատուածը (բաղկացած է 76 գլխից) կը կրէ «Պատմութիւն հայրապետաց եւ թագաւորաց Հայոց» խորագիրը։
Առաջին (Ա) գլուխը ընծայական է Անանիա Նարեկացիին, ուր նաեւ կը խօսուի երկի ընդհանուր կառուցուածքին եւ քննարկուելիք հարցերուն մասին։
Բուն պատմութեան շարադրանքը կը սկսի Բ գլուխէն՝ ընդգրկելով մարդկութեան առաջացման աստուածաշնչեան պատմութիւններէն մինչեւ Հայոց թագաւոր Տրդատ Գ Մեծի գահակալման ու Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան տարածման ժամանակաշրջանը։ Շարադրած դէպքերուն մէջ հազուադէպ կը ցուցաբերէ ինքնուրոյն մօտեցում, եւ այս հատուածի պատմական արժէքը մեծ չէ։ «Պատմութիւն Հայոց»ի երկրորդ բաժնին մէջ, որ վերնագրուած է «Պատմութիւն բաժանման Վրաց ի Հայոց» (բաղկացած է 70 գլուխէ), մանրամասն անդրադարձեր է 6-րդ դարու վերջը եւ 7-րդ դարու սկիզբը հայկական, վրացական եւ աղուանական եկեղեցիներու փոխյարաբերութիւններու ու յատկապէս Հայոց եկեղեցիէն Վրաց եկեղեցիի բաժանման պատմութեան։ Երկի այս հատուածը եզակի եւ ճշմարտապատում սկզբնաղբիւր է նշուած խնդիրներու եւ ընդհանրապէս հայ, վրացի եւ աղուան ժողովուրդներու պատմութեան ուսումնասիրութեան համար։ Այս հատուածի շարադրման համար, որպէս սկզբնաղբիւր, օգտագործեր է «Գիրք թղթոցը», Մովսէս Կաղանկատուացիի «Պատմութիւն Աղուանից աշխարհի» երկը, դիւանական վաւերագրեր, ժողովրդական բանաւոր աւանդապատումներ ու զրոյցներ, թուղթ-շրջաբերականներ։ Երկի առաջին եւ երկրորդ հատուածները պահպանուած են թերի։[1]
«Պատմութիւն Հայոցի» երրորդ բաժինը, որ կրեր է «Յաղագս մկրտութեան ազգին այնմիկ Ծադն կոչեցեալ» խորագիրը, չէ պահպանուած։ Հոն շարադրուած է յունադաւան հայերու (ծադերու) պատմութիւնը, իրենց բնակած տարածքի՝ գաւառներու, քաղաքներու, գիւղերու, բերդերու ու վանքերու պատմա-աշխարհագրական նկարագիրը։ Պատմական կարեւորագոյն արժէք ներկայացնող այս հատուածը, որպէս սկզբնաղբիւր, օգտագործեր է 13-րդ դարի պատմիչ Մխիթար Այրիվանեցին։ Անոր լեզուն պարզ է եւ սահուն։ «Պատմութիւն Հայոց»ի միակ հրատարակութիւնը կատարուեր է 1871թ.՝ Վաղարշապատի մէջ։ Մ. Բրոսսէն զայն թարգմաներ է ֆրանսերէնի (Պետերբուրգ, 1871թ.)։ Զ.Ալեքսիձէի թարգմանութեամբ վրացերէն հրատարակուեր է (հայերէն բնագրին զուգահեռ) երկի երկրորդ հատուածը (Թբիլիսի, 1975թ.)։ Գիրքի աշխարհաբար թարգմանութիւնը (հրտ.՝ 2006թ.) կատարած է հայ լեզուաբան Վարագ Առաքելեանը:
Գ.- Ծաղ ազգի մասին։ Դժբախտաբար այս երրորդ մասը որ Ուխտանէսի գործին ամէնէն մնայուն եւ արժէքաւոր բաժինը ըլլալու է՝ կորսուած է։ Ծաղերը՝ հաւանաբար հայ աղանդաւորները կամ հոռոմները եղած ըլլալու են։ Անոնք առաւելապէս կ'ապրէին Արեւմտեան հայաստանի մէջ։
Արժէքը
ԽմբագրելՈւխտանէսի գործը ունեցած է միայն մէկ տպագրութիւն 1871-ին, Վաղարշապատ։ իբրեւ պատմական երկ արժէքաւոր է ուսումնասիրելու համար հայ եւ վրաց եկեղեցիներու բաժանումը շնորհիւ իր ընդօրինակած վաւերագիրներուն։ Ստեղծագործ հեղինակ մը չէ Ուխտանէս, ո՛չ իբրեւ պատմիչ, եւ ոչ ալ իբրեւ մատենագիր։ Անիկա համեստ դէմք մըն է։ լեզուն պարզ գրաբարն է։