Պաղեստինի Ժողովուրդին Հետ Համերաշխութեան Միջազգային Օր
Պաղեստինեան ժողովուրդին հետ համերաշխութեան միջազգային օր (անգլերէն՝ International Day of Solidarity with the Palestinian People), 2 Դեկտեմբեր 1977-ին (բանաձեւ 32/40 B)՝ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին, 29 Նոյեմբերը յայտարարուած է Պաղեստինեան ժողովուրդին հետ համերաշխութեան միջազգային օր։ [1] Միեւնոյն օրը, Ընդհանուր ժողովը ընդունած է Պաղեստինի բաժանման մասին բանաձեւը (բանաձեւ 181 (2))[2]։
Օրուան առիթով կը կազմակերպուին բազմաթիւ ձեռնարկներ՝ Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին[3], ինչպէս նաեւ Ժընեւի[4] եւ Վիեննայի[5] կեդրոնատեղիներուն մէջ, որպէսզի Պաղեստինի ժողովուրդին իրաւազրկումը եւ սիոնիստներու կողմէ այս երկիրին բռնագրաւումը չմոռցուի:
29 Նոյեմբեր 2012-ին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը 138 «կողմ», 9 «դէմ» եւ 41 «ձեռնպահ» ձայներով կ'ընդունի Պաղեստինին ՄԱԿ-ի դիտորդ պետութեան կարգավիճակ տալու մասին բանաձեւը (բանաձեւ 67/19)[6]:
Պատմութիւն
Խմբագրել1920-ին, երբ Ա. Համաշխարհային պատերազմը կ'աւարտի եւ Օսմանեան կայսրութիւնը կը մասնատուի, Պաղեստին կը դառնայ Բրիտանական կայսրութեան գաղութը: Բրիտանիա, ինչպէս Պալֆուրի հռչակագիրին մէջ կը յայտարարուի, յարմար պայմաններ կը ստեղծէ դէպի Պաղեստին հրեաներու գաղթին համար: Այս գաղթը դանդաղ եւ առանց լարուածութեան չ'անցնիր: Սիոնիստական կազմակերպութիւնները տարբեր միջոցներու կը դիմեն` Պաղեստինի տարածքը գրաւելու համար: Անոնք կը փորձեն գնել պաղեստինեան հողերը: Իսկ այն վայրերուն մէջ, ուր համաձայնութիւն չի կայանար, անոնք բռնութիւն կը բանեցնեն եւ պաղեստինցիներուն տուներն ու տարածքները կը գրաւեն: Այդ օրերուն, Պաղեստինի տարբեր շրջաններուն մէջ, կը սպաննուին հազարաւոր պաղեստինցիներ, իսկ հարիւր հազարաւոր պաղեստինցներ կը տեղափոխուին դրացի երկիրներ: Սիոնիստները իրենց երկիրը կը հիմնեն հազարաւոր կիներու, տղամարդոց ու երեխաներու արեան գինով եւ արեւմտեան երկիրներու հովանաւորութեամբ: Այնուհետեւ, 1947-ին, արեւմտեան պետութիւնները ՄԱԿ-ի մէջ կը հաստատեն թիւ 181 բանաձեւը, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Իսրայէլի գոյութիւնը:
30 տարի ետք, 1977-ին, Պաղեստինի ժողովուրդին պաշտպաններուն ջանքերուն շնորհիւ, 29 Նոյեմբերը կը հռչակուի Պաղեստինի ժողովուրդին հետ համերաշխութեան միջազգային օր:
Արեւմտեան պետութիւնները եւ սիոնիստները չեն նշեր այս օրը[7]:
նօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «احياء اليوم الدولي للتضامن مع الشعب الفلسطيني»(անգլերէն)
- ↑ «International Day of Solidarity with the Palestinian People»(անգլերէն)
- ↑ On International Day of Solidarity, Palestinian Rights Committee Told 64 Years after Partition Plan, ‘History Once Again Knocking at United Nations Door’(անգլերէն)
- ↑ «United Nations Office at Geneva commemorates the International Day of Solidarity with the Palestinian People»(անգլերէն)
- ↑ «Summary of the Commemoration of the International Day of Solidarity with the Palestinian People»(անգլերէն)
- ↑ «General Assembly grants Palestine non-member observer State status at UN»։ արտագրուած է՝ 29 Հոկտեմբեր 2016(անգլերէն)
- ↑ Պաղեստինեան ժողովուրդին հետ համերաշխութեան միջազգային օր
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Նոյեմբերի 29-ին նշւում է Պաղեստինեան ժողովրդի հետ համերաշխութեան միջազգային օրը։[permanent dead link]
- ՄԱԿ-ը 2014թ. հռչակել է Պաղեստինի ժողովրդի հետ համերաշխութեան տարի։ Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.
- اليوم العالمي للتضامن مع الشعب الفلسطيني։(արաբ.)
- INTERNATIONAL DAY OF SOLIDARITY WITH THE PALESTINIAN PEOPLE – November 29։(անգլերէն)