Պատմագիտութիւնը Հայաստանի մէջ
Պատմագիտութիւնը Հայաստանի մէջ, 5-18-րդ դարերու պատմագիտութիւնը Հայ մշակոյթի ոսկեդարը (5-րդ դար) նշանաւորուած է նաեւ հայ պատմագրութեան ստեղծմամբ։
Հայ պատմագիրներ
ԽմբագրելԱռաջին պատմագիրներու (Ագաթանգեղոս, Փաւստոս Բիւզանդ Կորիւն, Եղիշէ, Մովսէս Խորէնացի, Ղազար Փարպեցի) երկերը ունին ազգային բովանդակութիւն, գրուած են գործնական նպատակադրումով՝ կապուած ժամանակի առաջադրած որոշակի խնդիրներու հետ: Ագաթանգեղոսի երկը պայմանաւորուած է քրիստոնէութեան դարձով, Կորիւնինը` հայ գիրերու ստեղծմամբ, Եղիշէինը` պարսկական գերիշխանութեան դէմ Աւարայրի Ճակատամարտով (451 թուական), Փաւստոս Բիւզանդինը, Մովսէս Խորէնացիինը եւ Ղազար Փարպեցիինը` քաղաքական եւ հոգեւոր մաքառմամբ: Օգտագործելով աստուածաշնչեան եւ յունա-հռոմէական պատմափիլիսոփայութիւնը միտքը` 5-րդ դարու պատմիչները ստեղծած են պատմագրութեան նոր ձեւեր ու բարոյագիտական նորմեր, նոր պատկերացում՝ պատմութեան նշանակութեան մասին: Մովսէս Խորէնացին բարձր գնահատած է նախորդ մատենագիրներու (հայ եւ օտար) երկերն ու հմտօրէն օգտագործած զանոնք իր պատմութիւնը շարադրելու ընթացքին: Ղազար Փարպեցին պատմագիրին ընդմէջէն կը պահանջէ չեղածը չաւելացնել, եղածները չպակասեցնել եւ չկրճատել, այլ բոլորը հրապարակ հանել բարեմիտ զգուշաւորութեամբ: Մովսէս Խորէնացին իր երկի վերջը զետեղած «Ողբում» մէջ կ՛անդրարառնայ Հայաստանի 5-րդ դարու քաղաքական, սոցիալ-տնտեսական ծանր վիճակին, կը մերկացնէ հասարակական կեանքին մէջ արմատացած արատաւոր բարքերը: Համաբնոյթ գործ է նաեւ Ղազար Փարպեցիի նամակը՝ յղած սպարապետ Վահան Մամիկոնեանին: Փաւստոս Բիւզանդի «պատմութիւն Հայոց»-ը, ստեղծուած ըլլալով ժողովրդական աւանդոյթներու հէնքի վրայ, ներշնչուած է հայրենիքի, հայրենի հողի եւ ջուրի հզօրութեան գաղափարով, քաղաքական գործիչները ներկայացուած են ժողովրդական վէպին բնորոշ գեղարուեստական գիծերով: Եղիշէի «վասն Վարդանայ եւ Հայոց պատերազմին» երկը արժէքաւոր է պատմական ճշմարտացիութեան եւ բանաստեղծ, շարադրանքի միահիւսմամբ:
Հայ ժողովուրդի ծննդեան վկայականը
ԽմբագրելՀայ դասական պատմագիտութեան հիմնասիւնը Մովսէս Խորէնացիի «Հայոց Պատմութիւն»-ն է, որ Հայաստանի առաջին համակարգուած պատմութիւնն է: Կը սկսի հայ ժողովուրդի ծննդաբանութենէն եւ կը հասնի մինչեւ 5-րդ դարու 40-ական թուականները: Մովսէս Խորէնացին քննադատաբար կը վերաբերի իր օգտագործած բազմաթիւ աղբիւրներուն (Աստուածաշունչ, հայկական, յունական, ասորական աղբիւրներ, բանաւոր զրոյցներ, ժողովրդական աւանդութիւններ՝ աւելին քան 40 աղբիւր), ըրած է հայոց պատմութեան ժամանակագրութեան մշակման առաջին փորձը: Մովսէս Խորէնացին (անուանուած է Պատմահայր, Քերթողահայր) «Հայոց Պատմութեան» մէջ կը գրէ, որ «առանց ժամանակագրութեան պատմութիւնը ստոյգ չէ»:
Սկզբնաղբիւրներ
Խմբագրել6-7-րդ դարերու (մինչեւ 661 թուականը) իրադարձութիւններու մասին կարեւոր սկզբնաղբիւր է Սեբէոս Եպիսկոպոսի «պատմութիւն»-ը, ուր Հայաստանի պատմութիւնը շարադրուած է համաշխարհային նշանակութեան իրադարձութիւններու ծիրին մէջ։ Սեբէոս կը մերկացնէ Բիւզանդիայի ու Սասանեան Պարսկաստանի վարած հայահալած քաղաքականութիւնը: 7-8-րդ դարերու պատմիչ Մովսէս Կաղանկատուացին «պատմութիւն Աղուանից աշխարհի» երկրին մէջ, չնայած ժամանակի աւատատիրական մասնատուածութենէն բխող անջատող, տրամադրութեանը, Արցախ եւ Ուտիք նահանգներու պատմութիւնը ներկայացուցած է Հայաստանի պատմութեան միահիւսուած: Նոյն ժամանակաշրջանի մատենագիր Յովհան Մամիկոնեանը «պատմութիւն Տարօնոյ» երկին մէջ կարեւոր տեղեկութիւններ կը հաղորդէ վաղմիջնադարեան Հայաստանի պատմութեան մասին: 8-րդ դարու հեղինակ Ղեւոնդ Վարդապետի «պատմութիւնը» արաբ, արշաւանքներու, հայ նախարար, տուներու ոչնչացման, հայրենասեր ուժերու ապստամբութեան եւ պարտութեան մասին պատմող ճշմարտացի սկզբնաղբիւր է: 9-րդ դարու վերջէն սկսուած է հայ պատմագրութեան նոր վերելքը՝ պայմանաւորուած հայկական պետականութեան վերականգնմամբ: 9-12-րդ դարերումնշարունակուած են 5 դարու մատենագիրներու, յատկապէս Մովսէս Խորէնացիի աւանդոյթները: Յովհաննէս Է. Ղրասխանակերտցին (9 դարու 12-րդ դարու կէս 929 թուական, Ամենայն հայոց կաթողիկոս՝ Ք.այ. 898- 521 թուականներէն) դատապարտած է երկիրը պառակտող իշխաններուն եւ պաշտպանած միասնական պետութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը: