Պետրոս Գալֆայեան

Պետրոս Գալֆայեան (1896, Խարբերդ - 1915), հայ երեսփոխան, մշակութային գործիչ։

Պետրոս Գալֆայեան
Ծնած է 1896
Ծննդավայր Խարբերդ
Մահացած է 1915
Մահուան վայր Այաս, Թուրքիա
Մասնագիտութիւն Հայ երեսփոխան, մշակութային գործիչ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

12 տարեկանին որբացած կ'անցնի Պոլիս ու կ'որդեգրուի Պալաթու Արիստակէս քհն. Գալֆայանին կողմէ, որմէ կը ստանայ իր մականունը։ Ուսումը խորէնեան դպրոցը ստանալէն ետք կը մտնէ առեւտրական ասպարէզ։ Իր ջանքերով կը բացուի թաղին մանկապարտէզ։ Կանուխնէ անդամակցած է Հնչակեան կուսակցութեան։ Կը մասնակցի Գում-Գափուի ցոյցին, ապա քարոզչական գործով կը մեկնի Ատափազար։ 1894-ին կը փախչի Աթէնք, ուրկէ Ռումանիա եւ Պուլկարիա։ Քէօսթէնճէի օսմանեան հիւպատոսը տեղւոյն կառավարութեան շնորհիւ զինք ու Մ. Տամատեանը ձերբակալելով Պոլիս կ'ուղարկէ, բայց նաւը մայրաքաղաք հասնելուն պէս անգլիացի նաւապետին շնորհիւ երկուքն ալ գիշրով իտալական նաւով Մարսիլիոյ ճամբով կը տեղափոխուին Լոնտոն։ Պետրոս կ'անցնի Ռուսջուք, ուր բացի առեւտրական գործէն քանի մը ընկերներով կը հրատարակէ «Վերածնութիւն» շաբաթաթերթը, որ յետագային Լոնտոն շարունակուած է լոյս տեսնել «Ապագայ» անունին տակ։ Պոլիս վերադարձին կը հիմնէ յանձնակատարութեան գործ մը հայկական դրամանատան մէջ իբր ներկայացուցիչ Շխեանց եւ Խաչատրեանց քարիիւղի տան։ Ընտրուած է ազգային երեսփոխան Ալթը-Մերմերէն եւ ատենապետ ելեւմուտքի հոգաբարձութեան։ 4 Մայիս 1915-ին աքսորուած է Այաշ։

Աղբիւրներ Խմբագրել