Պերճուհի Տայեան

Տայեան-Մակարեան Պերճուհի (1923-2000), ծնած է Լափսէքի (Տարտանէլ) եւ մահացած Իսթանպուլ։ Միջնակարգ ուսումը ստացած է Եսայեան վարժարանի մէջ, իսկ եկրորդականը Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ։ Բ. Աշխարհամարտին պատճառով վերադարցած է Իսթանպուլ։ Թորոս Ազատեանի եւ Ժամանակ որաթերթի խմբագրութեան քաջալերանքով իր քէրուածները լոյս ընծայած է «Ժամանակ»ի մէջ։ Կարճ շրջան մըն ալ աշխատակցած է Սան պարբերաթերթին եւ «Պայքար» շաբաթաթերթին։ Ամփոփումներ կատարած է ընկերաբանական եւ իմաստասիրական գիրքերէ։ Ունի անտիպ թարգմանութիւններուն, մասնաւորաբար Էտկար Ալէն Փոյի բանաստեղծութիւնները եւ Ալէքսիս Գարելի հանրածանոթ «Մարդը Այս Անծանոթը» հեղինակութիւնը[1]։

Պերճուհի Տայեան
Ծնած է 1923
Մահացած է 2000
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա

Ծանoթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Կարօ Աբրահամեան, Ժամանակակակից իսթանպուլահայ գրողներ, հ. Ա (խմբ. Պէպօ Սիմոնեան), Անթիլիաս, «Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ», 2004։