Ռայմոնտ Տամատեան

Ռայմոնտ Տամատեան (16 Մարտ 1936(1936-03-16)[1][2], Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 3 Օգոստոս 2022(2022-08-03)[3][2], Woodbury, Օյսթեր Բեյ, Նասաու շրջան, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) ամերիկահայ գիւտարար։ 1969-ին ստեղծած է բժշկութեան մէջ անփոխարինելի՝ «Magnetic resonance imaging» (MRI) պատկերի ախտորոշման սարքը[4][5][6][7]:

Ռայմոնտ Տամատեան
Ծնած է 16 Մարտ 1936(1936-03-16)[1][2]
Ծննդեան վայր Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մահացած է 3 Օգոստոս 2022(2022-08-03)[3][2] (86 տարեկանին)
Մահուան վայր Woodbury, Օյսթեր Բեյ, Նասաու շրջան, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գերեզման Pinelawn Memorial Park[2]
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
 Ֆրանսա
Գործունէութեան ոլորտ Բժշկական բնագիտութիւն
Կրթութիւն Ճուլիարտ Վարժարան
Ուիսքոնսին Համալսարան
Ալպերթ Այնշթայնի անուան բժշկական քոլէճ
Տիրապետած լեզուներ անգլերէն
Պարգեւներ եւ
մրցանակներ
Արհեստագիտութեան եւ նորարարութեան ասպարէզի ազգային շքանշան Ազգային գիւտարարներու փառքի սրահ Լեմելսոնի Պարգեւ Բաուերի մրցանակ գիտության բնագավառում ունեցած ձեռքբերումների համար?

1915-ին փրկուած եւ ԱՄՆ գաղթած Վահան Տամատեանի որդին է:

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Տամատեան ծնած է Նիւ Եորք։ Մանկութենէն երազած է երաժիշտ դառնալ։ Ութ տարի յաճախած է Ճուլիարտ երաժշտական դպրոցը։

Հայրը` Վահան Տամատեան (կինը` Օտէթ Եազըտճեան) հազարաւոր հայերու նման Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ՝ ապաստան գտած է Ամերիկայի մէջ:

Դպրոցը աւարտելէ ետք, Ռայմոնտ կրթութիւնը շարունակած է Ուիսքոնսին համալսարանին մէջ,1956-ին ստանալով ուսողութեան վկայական, այնուհետեւ Ալպերթ Այնշթայնի անուան բժշկական քոլէճէն` Մագիստրոսի աստիճան 1960-ին[8]: Ուսման զուգահեռ, Ռայմոնտ եղած է նաեւ թենիսի մարզիչ, ուր ծանօթացած է իր ապագայ կնոջ՝ Տոննա Թերիին։ Ամուսնացած են 1961-ին եւ ունեցած՝ երեք զաւակ։

Ռայմոնտ առաջին անգամ հետաքրքրուած է քաղցկեղով, երբ տաս տարեկան հասակին իր մօրենական մեծ մայրը մահացած է կուրծքի քաղցկեղէ: Զինք կը տանջէր այն միտքը, թէ արդեօք ինչո՞ւ կարելի չէ մարդկային մարմինին շուրջ դնել սարք մը, որուն միջոցով հնարաւոր ըլլայ տեսնել անոր ներքնամասը:

1971-ին, երբ Հարվըրտ համալսարանի ուսանող էր, "Science" ամսագիրին մէջ տպագրած է գիտական յօդուած մը, որուն մէջ կ'ըսէր, որ ուռերը եւ սովորական հիւսուածքները տարբեր ձեւով կ'արձագանգեն կորիզային մագնիսական դաշտին մէջ: Նման եզրակացութեան եկած էր առնէտներու վրայ կատարուած հետազօտութիւններէ ետք, երբ առաջին անգամ բժշկութեան պատմութեան մէջ յաջողած էր իր առաջարկած միջոցին կիրարկումով քաղցկեղ յայտնաբերել առնէտի մը մէջ: Ան համոզուած էր, որ այդ մեքենականութիւնը կրնար օգտագործուիլ մարդոց մէջ քաղցկեղի վաղ ախտորոշման համար:

Տամատեանի հետազօտական հետաքրքրութիւնները զինք կը ստիպեն փորձարկելու (N.M.R.) ուսմունքը, հիւլէական միջուկները մագնիսական դաշտի ենթարկելով՝ հետեւողական յաճախականութիւններով ռատիօ-ալիքներու արտանետում յառաջացնելու համար։

1972-ին առաջարկած է անցնիլ մարդու ամբողջ մարմինի զննման եւ հիւանդութեան ախտորոշման՝ առանց վիրահատական միջոցի[9]։ Ան դիմում մը ներկայացուցած է` հիւսուածքներու մէջ քաղցկեղի յայտնաբերման արտօնագիր ստանալու համար, սակայն դիմումը ներկայացնելէ միայն երկու տարի ետք արտօնագիր ստացած է` մագնիսական ոլորտին մէջ չարորակ նորագոյացութիւններու ախտորոշման համար:

Քանի մը տարի անց, մեթոտը փորձարկած է իր օգնականին վրայ, եւ վերջապէս գիտականօրէն ապացուցած՝ իր համոզումը: «Անոնք զիս խելագար կը համարէին, երբ ես լսարանին կը ներկայացնէի անմիտ թուացող այն գաղափարը, թէ մարդը կարելի է դնել մագնիսի մէջ», հետագային պատմած է:

Անոր յայտնագործութիւնը կը համարուի ամէնէն մեծ յաջողութիւններէն մէկը բժշկական ախտորոշման ոլորտին մէջ: Տամատեանի ներդրումներուն շնորհիւ է, որ մագնիսական տատանումներու պատկերացումը կը դառնայ բժշկութեան մէջ ամէնէն հզօր ու վստահելի ախտորոշման գործիքը:

1978-ին ան ստեղծած է իր անձնական ընկերութիւնը` «Fonar»-ը՝ (Magnetic Resonance Imaging) արտադրութեան համար[8][10]:

1989-ին դարձած է «Ազգային Գիւտարարներու Փառքի Սրահ»ի անդամ: Իր ստեղծած առաջին սարքաւորումը, զոր անուանած է «անսանձելի» («Indomitable»), ի պահ յանձնուած է Ուաշինկթընի Սմիթսոնեան թանգարանին եւ այժմ կը ցուցադրուի Օհայօ նահանգին մէջ գտնուող Գիւտերու Փառքի Ազգային Պատկերասրահին մէջ[11]:

Մահացած է 3 Օգոստոս, 2022-ին։

Պարգեւներ

Խմբագրել

Տամատեան ստացած է բազմաթիւ հեղինակաւոր պարգեւներ։

  • Միացեալ Նահանգներու նախագահը անձամբ, ճանչնալով ու անդրադառնալով Ռայմոնտ Վահան Տամատեանի ձեռքբերումներուն, 1988-ին ազգային բարձրագոյն շքանշանին արժանացուցած է զինք[12]:
  • 2001-ին արժանացած է հեղինակաւոր «Lemelson-MIT» մրցանակին, իբրեւ՝ «մարդը, որ յայտնագործեց ՄՌՏ-ն»:
  • 2001-ին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ենթակայ Արեւելեան Թեմը «Տարուան մարդ» տիտղոսը շնորհած է։
  • 2003-ին «Վարդանանց Ասպետներ» ամերիկահայ կազմակերպութիւնը «Տարուան Մարդ» տիտղոսը շնորհած է:

Նոպէլեան Մրցանակ

Խմբագրել

2003-ին ան Նոպէլեան մրցանակի արժանանար չէ, փոխարէնը ՄՌՏ-ի ոլորտին մէջ իրենց կատարած գիւտին համար Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրներ դարձած են երկու այլ գիտնականներ` Փիթըր Մենսֆիլթ եւ Փոլ Լոտերբուրը, որոնց նորարարութիւնը հիմնուած էր Տամատեանի կատարած գիւտին վրայ: Թէպէտ Նոպէլեան մրցանակին կանոններով, նոյն ոլորտին մէջ կարելի էր մէկէ աւելի դափնեկիրներ ներառել, սակայն Տամատեանի պարագային նման որոշում կայացած չէ:

Գրականութիւն

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 SNAC — 2010.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 Find A Grave — 1996.
  3. 3,0 3,1 3,2 Fonar Corp. (FONR) Announces Passing of Chairman Raymond Vahan Damadian — 2022.
  4. «Raymond V. Damadian»։ Lemelson-MIT (անգլերէն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ November 8, 2016-ին։ արտագրուած է՝ July 24, 2021 
  5. Damadian R. (1971-03-19)։ «Tumor Detection by Nuclear Magnetic Resonance»։ Science (անգլերէն) 171 (3976): 1151–1153։ ISSN 0036-8075։ PMID 5544870։ doi:10.1126/science.171.3976.1151 
  6. Odeblad E., Lindstrom G. (1955-06-01)։ «Some Preliminary Observations on the Proton Magnetic Resonance in Biologic Samples»։ Acta Radiologica։ Original Series, Volume 43 (6): 469–476։ ISSN 0284-1851։ doi:10.1177/028418515504300606 
  7. Ռայմոնտ Տամատեան
  8. 8,0 8,1 Wehrum Kasey (04-01-2011)։ «How I Did It: Raymond Damadian»։ Inc.com (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2021-10-28 
  9. Հայ Գիւտարարը
  10. Տամատեանին անձնական ընկերութիւնը
  11. Փայտեան Մարիաննա (20190614T1049+0400)։ «Նոպէլեանի խայտառակութիւնը. թէ ինչպէս հայ գիտնականին նորարարութիւնը ուրիշներուն վերագրուեցաւ:»։ Sputnik Արմենիա (հայերէն)։ արտագրուած է՝ 28-10-2021 
  12. Տամատեանին ձեռքբերումները