Ռուզաննա Վարդանեան

Ռուզաննա Վարդանեան (27 Մայիս 1898(1898-05-27), Շամախի Քաղաք, Պաքուի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 9 Դեկտեմբեր 1957(1957-12-09), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), դերասանուհի եւ ժողովրդական արուեստագէտ (1945)։

Ռուզաննա Վարդանեան
Ծնած է 27 Մայիս 1898(1898-05-27)
Ծննդավայր Շամախի Քաղաք, Պաքուի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 9 Դեկտեմբեր 1957(1957-12-09) (59 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Մասնագիտութիւն դերասանուհի
Աշխատավայր Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ակադեմական թատրոն
Երեւանի Թատրոնի եւ Շարժապատկերի Պետական Հիմնարկ
Ամուսին Խաչատուր Եսայեան

Վարդանեան քոյրն է բեմադրիչ եւ դերասան Վաւիկ Վարդանեանի եւ կինը գեղանկարիչ Խաչատուր Եսայեանի:

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Շամախ, սակայն փոքր տարիքէն փոխադրուած Տերպենտ՝ Ղազախիստան, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը, տեղի ռուսական ուսումնարանէն ներս։

1915 թուականին աւարտելէ ետք ուսումնարանը դարձած է ռուսերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի: Վարդանեանի դերասանական կեանքը սկիզբ առած է իր բեմադրիչ եղբօր շնորհիւ, որ սիրողական թատրոններ կը կազմակերպէր ու կը ներկայացնէր։ Եղբայրը բազմաթիւ պնդումներէ ետք յաջողած է համոզել Ռուզաննան, որպէսզի ինք եւս մաս կազմէ թատրոնին: Այսպիսով Ռուզաննա առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 1921 թուականին եւ ստանձնած փոքր դերեր:

Վարդանեան այնքան սիրած է թատրերգութիւնը, որ եղբօր ճամբորդութենէն ետք վեց տարի ինք ստանձնած է թատրոնի բեմադրութիւնը եւ ժամանակի ընթացքին դարձած է խումբի առաջնակարգ դերասանուհին:

Վարդանեանի դերասանութեան եւ ասմունքի կարողութեան գովքը այնքան կը մեծնայ, որ 1927 թուականին կը հրաւիրուի Երեւանի առաջին պետական թատրոն, ուր բեմ կը բարձրանայ Շիրվանզատէի «Նամուս» թատրերգութեան Սուսաննայի, «Պատուի համար» թատրերգութեան Մարգարիտայի, Պռոշեանի «Հացի խնդիր»ի՝ Հերքինայի, Շէյքսփիրի «Համլէթ»ի՝ Օֆելիայի եւ այլ բազմաթիւ դերերով:

Ռուզաննա Վարդանեան մահացած է բեմի վրայ, Սունդուկեանի անուան թատերասրահի բեմին վրայ՝ Աւետիք Իսահակեանի «Բինգեոլ» բանաստեղծութիւնը արտասանած պահուն[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-11 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։