Սահակ Վրդ. Քէշիշեան
Սահակ Վրդ. Քէշիշեան, Հալէպի Յիսուսեան Հայրերու Սուրբ Վարդան վարժարանի տնօրէն: Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ ան եղած է նաեւ Սկաուտական շարժումի հոգեւոր հայր։ Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի տնօրէն: Ուսուցիչ, դաստիարակ, հայր, ղեկավար, առաջնորդ ու հովիւ:
Սահակ Վրդ. Քէշիշեան | |
---|---|
Ծնած է | 1917-ին |
Ծննդավայր | Մարաշ |
Մահացած է | Օգոստոս 24, 2005 |
Մահուան վայր | Պէյրութ, Լիբանան[1] |
Քաղաքացիութիւն | Հայաստան[1] |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի |
Ուսումնավայր | Սեն Ժոզէֆ համալսարան |
Ազդուած է | Յիսուսեան Հայրեր |
Կարողութիւն | թարգմանիչ |
Մասնագիտութիւն | Յիսուսեաններու Սէն Ժոզէֆ համալսարանի նորընծայարան |
Աշխատավայր | դպրոցի տնօրէն |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՍահակ Վրդ. Քէշիշեան ծնած է 15 Դեկտեմբեր 1917-ին, Կիլիկիոյ Մարաշ Քաղաքին մէջ։ Մարաշի Աղէտէն ետք, 1922-ին ընտանեօք կը փոխադրուին Հալէպ, ապա՝ Դամասկոս։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Դամասկոսի Յիսուսեան Հայրերու Ֆրանսահայ Վարժարանին մէջ (1926-1931)։ Ան ապա կը փոխադրուի Պէյրութ, ուր կը յաճախէ Յիսուսեաններու Սէն Ժոզէֆ համալսարանի նորընծայարանը (193) -1936)։
Աւարտելէ ետք համալսարանական ուսումը, քահանայ կը ձեռնադրուի 31 Հոկտեմբեր 1948-ին ձեռամբ երջանկայիշատակ Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Ի. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին։ 1952-ին կը նշանակուի Հալէպի Յիսուսեան Հայրերու Սուրբ Վարդան վարժարանի տնօրէն եւ իր պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 1960 թուականը, երբ կը փոխադրուի Պէյրութ, ուր կը ստանձնէ 1923-ին Մայիս մէկին հիմնուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի տնօրէնի պաշտօնը, զոր կը վարէ մինչեւ 1998 թուական, միաժամանակ հայագիտութիւն դասաւանդելով Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Հայագիտական Ամբիոնին մէջ։
Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ եղած է նաեւ Սկաուտական շարժումի հոգեւոր հայր։
Խորհրդային Միութեան շրջանին Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեան այն հազուագիւտ հոգեւորականներէն էր, ով 23 անգամեր այցելած է Հայաստան։
Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեան մահկանացուն կնքած է 2005-ի Օգոստոս 24-ին, Պէյրութի մէջ։
Գրականագիտական, պատմական ու թարգմանչական աշխատութիւններ
ԽմբագրելՍահակ Վրդ. Քէշիշեան ունեցած է մտաւորականի բեղուն կեանք մը։ Կատարած է զանազան երկերու թարգմանութիւններ՝ գրաբարէ եւ ֆրանսերէ, որոնցմէ գլխաւորներէն նշենք՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»ը, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «Յիսուս Որդի», «Ողբ Եդեսիոյ» եւ Սուրբ Ներսէս Լամբրոնցաիի «Պատարագի մեկնութիւնը»։
Ֆրանսերէնէ թարգմանած է նախ Նարեկացիի աղօթամատեանին (հրատարակուած 1961-ին, Փարիզ) ապա Ներսէս Շնորհալիի հետեւեալ ստեղծագործութիւններուն.
-«Յիսուս, Հօր Միածին Որդի» (հրատարակուած 1973-ին, դարձեալ Փարիզ)
-«Ողբ Եդեսիոյ», «Հաւատոյ խոստովանիմ»
-«Առաւօտ լուսոյ» (հրատարակուած յաջորդաբար 1984-ին, 1985-ին եւ 1987-ին Սբ. Ղազարի մէջ, Վենետիկ)
-Ասողիկ եպիսկոպոսի «Տիրամայր Յուսոյ» ստեղծագործութեան (հրատարակուած 1996-ին, Էջմիածին)
-Սբ. Ներսէս Լամբրոնացիի «Մեկնութիւն Սբ. Պատարագի» գործին (2000-ին, Պէյրութ):
Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեան ֆրանսերէնի թարգմանած է նաեւ Վահագն Դաւթեանի «Ռեքուիեմ»-ը, որ հրատարակուած է 1986-ին Պէյրութ, Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան եօթանասունամեակի ոգեկոչումին առիթով:
Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեան մասնակցած է գիտաժողովներու, կարդացած՝ զեկուցումներ եւ տուած՝ դասախօսութիւններ: Ան աշխատակցած է նաեւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսին (հտ. ԺԳ.):
Իր այս թարգմանչական աշխատանքներուն համար, տարիներով ձեռագրային պրպտումներ կատարած է յատկապէս Երեւանի Մաշտոցի Անուան Մատենադարանին մէջ։ Հայաստան կատարած իր 23րդ ու վերջին ճամբորդութենէն հազիւ վերադարձած, վախճանած է Պէյրութ, 24 Օգոստոս 2005-ին:
- ↑ 1,0 1,1 Library of Congress Authorities — Library of Congress.
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Սահակը, Բոլորին Սիրոյն Ու Յարգանքին Առարկան Դարձած Սրբակեաց Մարդն Էր»[permanent dead link]
- Յիշատակի Ս. Պատարագ` Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի ծննդեան 100-ամեակի առիթով
- Մեր ժամանակակից թարգմանիչը՝ Հ. Սահակ վրդ. Քէշիշեան (1917-2005)
- Յիշատակի Համաշխարհային օր նուիրուած Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեանին։
- Հայր Սահակ Վարդապետ Քէշիշեանի Ծննդեան 100-ամեակին Առթիւ
- Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի Անթառամ Յիշատակին
- Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի Նախկին Աշակերտներուն Հետ