Սասունցի Դաւիթ (յուշարձան)

«Սասունցի Դաւիթ» արձան, ձիարձան «Սասունցի Դաւիթ» հրապարակին վրայ։ Հեղինակը Երուանդ Քոչարն է։

Սասունցի Դաւիթի յուշարձան, Երեւան

Յուշարձանը տեղադրուած է 1959-ին։

Ընդգրկուած է «Երեւանի Էրեբունի վարչական շրջանի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկ»ին մէջ։

Հեղինակներ

Խմբագրել

Տուեալներ

Խմբագրել

Անիկա Երեւանի ամէնէն ծանր յուշարձանն է եւ կը կշռէ շուրջ 3,5 թոն[2]:

Քանդակը կառուցուած է կոփածոյ պղինձէ եւ պազալտէ, չափերն են՝ 6,5x2,2x9,3 մ․։

Պատմութիւն

Խմբագրել

1939-ին Երեւանի մէջ կը պատրաստէին տօնել «Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպին 1000-ամեակը։ Տօնակատարութիւններուն նախօրէին կ'որոշուի կայարանամերձ հրապարակին կանգնեցնել դիւցազնավէպի հերոսին քանդակը։

Քանդակին աշխատանքները կը սկսին 1939-ին՝ հայկական դիւցազնավէպին գծագրեալ նկարաշարին զուգընթաց։

Յայտարարուած մրցոյթին, քանդակագործներուն մէկ մասը կը պնդէ, որ արձանը ստեղծելու համար հարկաւոր էր մէկ-երկու տարի, իսկ մնացեալները այլ պատուէրներով զբաղած էին։ Միայն նկարիչ-արձանագործ Երուանդ Քոչարը, որ նոր վերադարձած էր Ֆրանսայէն յանձն կ'առնէ կարճ ժամանակամիջոցին իրականացնել այդ աշխատանքը։

 
«Սասունցի Դաւիթ» արձանը խորհրդային ժամանակ

Վարպետը աշխատանքը կ'աւարտէ կարճ ժամկէտի մը ընթացքին՝ 18 օրուան մէջ։ Յուշարձանը կը տեղադրուի կայարանամերձ հրապարակին եւ հոն կը մնայ շուրջ երկու տարի։

1941-ին Քոչար կը ձերբակալուի եւ արձանը կ′'ոչնչացուի։ Քանդակագործը կը մեղադրուէր, թէ «մերկացած սուրով հեծեալը կը նայի դէպի «բարեկամ» Թուրքիա...» ։ Երկու տարի, չորս ամիս բանտարկուելէ ետք Քոչար ազատ կ'արձակուի։

1957-ին Խորհրդային իշխանութիւնները կ'որոշեն արձանը վերականգնել եւ Քոչար կը ստեղծէ իր գլուխ-գործոցներէն մէկը։

Արձանին բացումը տեղի կ'ունենայ 3 Դեկտեմբեր 1959-ին, կայարանամերձ հրապարակին մէջ (այժմ՝ Սասունցի Դաւիթի հրապարակ)։ Իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որպէսզի արարողութիւնը աննկատելի անցնի, սակայն ժողովուրդը արձանին բացումը կը վերածէ համազգային տօնախմբութեան, ինչպէս գրած է ականատեսը՝ «կատարուածը հնարաւոր չէ նկարագրել....»։

Հետաքրքրական փաստեր

Խմբագրել
  • Ձիու արձանին բնորդն է Վանուշ Խանամիրեանը (Հայաստանի պարի պետական անսամպլի մենակատար եւ գեղարուեստական ղեկավար):
  • Արձանին փոքր պատուանդանը կը խորհրդանշէ մեր փոքր Հայաստանը եւ բռնագրաւուած հայրենիքը:
  • Ձիու ոտքերուն տակի թասը կը խորհրդանշէ ժողովուրդին համբերութիւնը, համբերութեան թասն է:
  • Դիւցազնավէպին հերոսները ջրածին են, այդ պատճառով ալ արձանը տեղադրուած է ջրաւազանի մէջ:
  • Դաւիթին տաբատը եզրակարուած է այծի մազի հիւսքերով: Սասունցիները պատերազմի ատեն այդպիսի տաբատ կը կրէին:
  • Ձին սանձ չունի. ինչպէ՞ս կարելի էր սանձել խօսող ձին, չէ՞ որ ան Դաւիթին ընկերն էր եւ խորհրդատուն:
  • Ձիու պոչը անբնական մեծ է ու հզօր, քանի որ անիկա կռիւի ժամանակ կ'օգնէր Դաւիթին, կը սպաննէր թշնամին եւ հայկական հողը կ'աւլէր ոսոխին շունչէն:
  • «Սասունցի Դաւիթ» արձանը պատկերուած է 1991-ին Խորհրդային Միութեան կեդրոնական դրամատան հրատարակած 5 ռուբլի անուանական արժէքով յոբելենական մետաղադրամին, ինչպէս նաեւ 1994-ին ՀՀ ԿԲ-ի հրատարակած 25 դրամ անուանական արժէքով «Սասունցի Դաւիթ» արծաթեայ յուշադրամին։
  • ԽՍՀՄ նամականիշը 1968-ին հրատարակած է Երեւանի 2750-ամեակին նուիրուած նամականիշ մը (12 կոպեկ), ուր պատկերուած է «Սասունցի Դաւիթ» արձանը։
  • «Սասունցի Դաւիթ»ը երկար տարիներ «Հայֆիլմ» շարժապատկերի արուեստանոցին խորհրդանիշը եղած է։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

[3]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել