Սարգիս Փանոսեան
Սարգիս Փանոսեան (1 Յունուար 1935 Խըտըրպէկ (Մուսա լեռ) - 23 Նոյեմբեր 2018, Ֆրեզնօ)։ Վաստակաւոր մանկավարժ, մտաւորական, հրապարակագիր եւ «Ասպարէզ»ի տարիներու աշխատակից:
Սարգիս Փանոսեան | |
---|---|
Ծնած է | 1 Յունուար, 1935-ին |
Ծննդավայր | Մուսա Լերան Խըտըրպէկ գիւղը |
Մահացած է | 14 Մարտ, 2019 |
Մահուան վայր | Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Քաղաքացիութիւն | Ամերիկա |
Ազգութիւն | Հայ |
Կարողութիւն | հրապարակագիր |
Մասնագիտութիւն | Պսակաւոր Իմաստասիրութեան վկայական |
Աշխատավայր | մամուլի թղթակից, ուսուցիչ, մանկավարժ |
Ամուսին | Նարդուհի |
Երեխաներ | Սեւան եւ Վահան |
Կենսագրութիւն
Խմբագրել1939-ին, երբ չորս տարեկան էր, ծնողքին հետ կը գաղթէ Լիբանան եւ կը հաստատուի Այնճար, ուր եղած է Շաւարշ Միսաքեանի ջանքերով բացուած Յառաջ վարժարանի առաջին աշակերտներէն։
Երկրորդական դպրոցի ուսումը կը ստանայ Վենետիկի Մխիթարեան հայրերուն մօտ՝ Ս. Ղազար։ Գրականութեան, մատենագրութեան, գրաբարի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներ ունեցած է Հ. Կ. Քիպարեան, Հ. Ե. Փեչիկեան Հ. Մ. Ճանաշեան, Հ. Վ. Յովհաննէսեան, Հ. Ն. Տէր Ներսէսեան եւ Հ. Պ. Անանեան։ Անոնց հսկողութեամբ եւ առաջնորդութեամբ կը հետեւի հայագիտական դասընթացքներու եւ կը ստանայ համապատասխան վկայական:
Համալսարանական ուսումը կը ստանայ Հռոմի Կրեկորիանա համալսարանին մէջ, ուրկէ կ՛աւարտէ Պսակաւոր Իմաստասիրութեան վկայականով:
1959-ի Օգոստոսին, Իտալիայէն վերադարձին, Սարգիս Փանոսեան կը սկսի դասաւանդել Յառաջ վարժարանի ամառնային դպրոցին մէջ:
1960-1961 տարեշրջանին Սարգիս Փանոսեան կը դասաւանդէ Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ, դասաւանդելով գրաբար, մատենագրութիւն եւ հայոց պատմութիւն:
1961-1962 տարեշրջանին, հրաւիրուեցաւ դասաւանդելու Այնճարի Յառաջ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանները հայերէն, գրականութիւն, գրաբար, մատենագրութիւն, հայոց պատմութիւն, ինչպէս նաեւ երաժշտութիւն:
«Ճպուռ» Մանկապատանեկան երգչախումբը
Խմբագրել1959-ի Օգոստոսին, Իտալիայէն վերադարձին, Սարգիս Փանոսեան կը սկսի դասաւանդել Յառաջ վարժարանի ամառնային դպրոցին մէջ եւ կը կազմէ Ճպուռ Մանկապատանեկան երգչախումբը, որուն առաջին ելոյթը մեծ խանդավառութեամբ կը դիմաւորուի ծնողներուն եւ բարեկամներուն կողմէ: Ամառնային դպրոցին մէջ կը սկսի նաեւ ընդհանուր զարգացման փորձերը, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն աշակերտներուն մօտ:
Ճպուռը, դարձեալ կը սկսի իր տարեկան ելոյթներուն. փնտռուած մանկական երգչախումբ մը հանդիսանալով, անիկա ներկայ էր բոլոր ձեռնարկներուն: Ճպուռի կողքին, դպրոցին մէջ, պաշտօնակից ընկերներուն հետ մեծ աշխատանք կը կատարեն՝ ընկերային կեանք ստեղծելով:
Ճպուռ մանկապատանեկան երգչախումբի անդամներուն թիւը կը հասնի առաւել քան 200-ի եւ պատերազմի այդ տաք օրերուն, անիկա կը շարունակէ իր համերգները:
Նանօր երգչախումբը
ԽմբագրելԱնթիլիասի Համազգայինը կը կազմէ Նանօր երգչախումբը, որուն ղեկավարութիւնը կը յանձնուի Սարգիս Փանոսեանին եւ առաջին ելոյթին, Նանօրին կ՛ընկերանային Լիբանանի երաժշտանոցի նուագողները:
«Պարարակ Հասկեր» աշակերտական եւ «Մուսա Լեռ» թերթը
Խմբագրել1963 տարեշրջանին, կը պատրաստեցին «Պարարակ Հասկեր» աշակերտական թերթը, իւրաքանչիւր աշակերտ իր ձեռքով գրեց իր յօդուածը, իսկ յաջորդ տարին կը հրատարակեն «Մուսա Լեռ» թերթը: Դպրոցին կողքին, կը վերակենդանացնեն Շրջանաւարտից միութիւնը, որուն տրամադրուեցաւ յատուկ սենեակ։ Կազմուեցաւ գրադարան, Նոր տարիին կազմակերպուեցան հաւաքոյթներ, ամբողջութեամբ նորոգեցուեցաւ «Տիգրանեան» սրահը, րիտասարդներուն համար ստեղծուեցաւ Դալար Անկիւնը, ուր ամառնային եղանակին, աւազանին շուրջ զետեղուեցան սեղաններ, ուր երիտասարդները խաղերով կը զբաղէին եւ ամէն շաբաթ երեկո յատուկ դասախօսութիւններ տեղի կ՛ունենային:
Աշուղ Ջիւանի մեծերու երգչախումբը, Սեւումեան թատերախումբ եւ Սիփան պարախումբը
ԽմբագրելՃպուռ երգչախումբի կողքին, կազմուեցաւ Աշուղ Ջիւանի մեծերու երգչախումբը, Սեւումեան թատերախումբ եւ Սիփան պարախումբը, Ճպուռ մանկապատանեկանի կողքին, ձեռնադաշնակի (աքորտիոն) 20 հոգիէ բաղկացած խումբը:
Այնճար հայաւանը այդ տարիներուն մշակութային եռուն գործունէութիւն, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 1968:
Անթիլիասի Մարտիկեան, ապա Եղիշէ Մանուկեան վարժարանը
Խմբագրել1969 տարեշրջանին, Սարգիս Փանոսեան կը հրաւիրուի Անթիլիասի Մարտիկեան, ապա Եղիշէ Մանուկեան վարժարան, ուր նոյն թափով, դասերու կողքին, կը շարունակէ մշակութային գործունէութիւնը:
«Նախակրթարանի Երգարան»ը, «Կաղանդի Երգեր»ը եւ «Սկաուտին Երգարան»ը
ԽմբագրելԼիբանանի մէջ ազգային դպրոցներու աշակերտութեան համար պատրաստուեցան երգարաններ. Վարուժան վրդ. Հերկելեանի գրած բառերով Սարգիս Փանոսեան io պատրաստէ եւ կը հրատարակէ «Նախակրթարանի Երգարան»ը, «Կաղանդի Երգեր»ը եւ «Սկաուտին Երգարան»ը:
Ամերիկա փոխադրութիւն եւ Ճպուռ երգչախումբի վերակազմում
ԽմբագրելՕգոստոս 1987-ին, Սարգիս Փանոսեան ընտանիքով կը փոխադրուի Ամերիկա։ Նոյն տարուան Սեպտեմբերին Սարգիս Փանոսեան կը սկսի Ազգային Գռուզեան Զաքարեան Վասպուրական դպրոցին մէջ դասաւանդել հայերէն, հայոց պատմութիւն եւ երգ: Կը վերակազմէ Ճպուռ երգչախումբը: ԳԶՎ Ազգային դպրոցին մէջ, Ճպուռին անդամ էին աւելի քան 125 աշակերտ։ Ան կը մասնակցի Սան Ֆրանսիսքոյի բոլոր ձեռնարկներուն, Ս. պատարագին, այլ նաեւ Քառասնորդացի շրջանին իր մասնակցութիւնը կը բերէր երեկոյեան ժամերգութեան, Ս. Ծնունդի եւ Զատկուան ընթերցուածներուն։ Երաժշտական այս բեղուն կեանքը կը շարունակուի մինչեւ 2002՝ իր հանգստեան կոչուիլը:
«Կամուրջ» պարբերագիրքը՝ Ամերիկա
ԽմբագրելԱզգային Գռուզեան Զաքարեան Վասպուրական դպրոցին մէջ կը հրատարակուի աշակերտական «Կամուրջ» պարբերագիրքը, տարին երկու անգամ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ աշակերտներու համար դասագրքեր եւ շարք մը երգարաններ։
Մեսրոպ Մաշտոց շքանշան
Խմբագրել2002 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսին, Արամ Ա. վեհափառը, գնահատելով Սարգիս Փանոսեան երկար տարիներու աշխատանքը Ազգային վարժարաններու մէջ՝ Մեսրոպ Մաշտոց շքանշան ղրկած էր։ Հանդիսութեան ներկայ էին շրջանիս միութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք եւս յայտնեցին իրենց գնահատանքի խօսքերը:
Բնակութիւն Քալիֆորնիոյ նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքը
ԽմբագրելՍարգիս Փանոսեան բնակութիւն կը հաստատէ Քալիֆորնիոյ նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքը, իր կնոջ՝ Նարդուհիին, երկու զաւակներուն՝ Սեւանին, Վահանին եւ չորս թոռներուն հետ:
Ֆրեզնոյի Սողոմոն Թեհլիրեան կոմիտէութեան ռատիօժամ
Խմբագրել2009 եւ 2010 տարեշրջաններուն, ամէն Կիրակի, Ֆրեզնոյի Սողոմոն Թեհլիրեան կոմիտէութեան ռատիօժամէն կը ձայնասփռէ «Պատմութիւնը Կը Խօսի» յաղորդումը հայոց պատմութեան մէջ պատահած երեւոյթներուն մասին, իսկ Հոգեւոր Ղօղանջներ յաղորդումով եկեղեցական պատմութիւնը՝ սկսելով հեթանոս Հայաստանէն մինչեւ մեր օրերը:
«Ասպարէզ» Օրաթերթի Թղթակից
Խմբագրել1987էն սկսեալ մինչեւ Նոյեմբեր 2018 Սարգիս Փանոսեան թղթակցած էր «Ասպարէզ» թերթին: Ան կը մահանայ 2018-ին։
Պատրաստած Երգարանները
Խմբագրել«Նախակրթարանի Երգարան» (1971)
«Ձայնագրեալ» (1971)
«Կաղանդի Երգեր» (1983)
«Սկաուտական Երգարան» (1987)
«Վարդանանց Ծաղկեփունջ» (1999-2000)
«Լոյսի Աղբիւր» (700ամեակ, 301-2013)
«Աշակերտական Առձեռն Երգարան» (Կոմիտաս, 2001-2002)
«Ճպուռին Երգարանը» (2000-2001):
Ծանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
ԽմբագրելԱրտաքին յղումներ
ԽմբագրելՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ - Մուսալեռցի գրողների գրքերի շնորհանդէս Archived 2019-05-11 at the Wayback Machine.