Սարգիս Քհնյ. Մարսէլեան
Սարգիս Քհնյ. Մարսէլեան, (1925, Աթէնք, Յունաստան - 1992, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), աւազանի անունով՝ Մինաս, որդի Պօղոսի եւ Եղիսաբէթի, որոնք Զէյթունցի էին։
Սարգիս Քհնյ. Մարսէլեան | |
---|---|
Ծնած է | 1925 |
Ծննդավայր | Աթէնք, Յունաստան |
Մահացած է | 1992 |
Մահուան վայր | Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Մասնագիտութիւն | հոգեւորական |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՄինաս ծնողքին հետ տեղափոխուած է Հալէպ, ուր յաճախած է Ազգային Սահակեան վարժարան, բայց նիւթական դժուարութեան պատճառով կիսաւարտ ձգած է։
Երբ երիտասարդական տարիքը թեւակոխած է, իր մէջ տակաւ առ տակաւ զօրացած են ազգային զգացումները։
Իր քահանայական ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցած է ձեռամբ՝ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տէր Ղեւոնդ Արքեպիսկոպոս Չէպէեանի, Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, 29 Սեպտեմբեր 1963-ին, վերակոչուելով Տէր Սարգիս։
Տէր Սարգիս հոգեւոր հովութեան պաշտօնի կոչուած է Թեհրանի հայահոծ գաղութին մէջ, ուր ընտանեօք հաստատուած է եւ պաշտօնավարած՝ Սուրբ Սարգիս եքեղեցւոյ մէջ։
Նոյն գաղութին մէջ պաշտօնավարած է երկար տարիներ։
Վախճան
Խմբագրել1992-ին, մեկնած է Միացեալ Նահանգներ իր զաւակներուն տեսութեան եւ հոն ալ վախճանած է, անակնկալ հիւանդութեան մը պատճառով։
Մարմինը ամփոփուած է վերջին օծումէն ետք Գալիֆորիոյ հայոց գերեզմանատունը։
Առ ի գնահատանք իր տարիներու բարւոք ծառայութեան, ստացած է Լանջախաչ եւ ապա Ծաղկեայ սեւ փիլոն[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 260։