Սեդրակ Սարգիսեան

Սեդրակ Սարգիսեան, (1936, Պէյրութ, Լիբանան - 21 Փետրուար, 2017, Պէյրութ, Լիբանան), ծագումով հայ Լիբանանցի թմբուկ նուագող[1], Լիբանանի Արհեստավարժ երաժիշտներու սենտիքայի փոխնախագահ[2]։ Սարգիսեան շահած է բազմաթիւ մրցանակներ Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի մէջ իր թէ աւանդական եւ թէ արդիական կտորներուն համար արաբական նուագին մէջ։ Անոր երգագրութիւններն ու կտորները կերպարանաւորուած են աւելի քան 30 ձայնագրութիւններու եւ ֆիլմի երաժշտութիւններու մէջ, անոցնմէ 5-ը Ֆարիտ Ալ Աթրաշի հետ:

Սեդրակ Սարգիսեան
Պատկեր:Սեդրակ Սարգիսեան.jpg
Ծնած է 1936
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Մահացած է 21 Փետրուար, 2017 (80-81 տարեկան)
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն Լիբանանցի
Ազգութիւն Հայ
Տեսակ Արաբական Երաժշտութիւն
Մասնագիտութիւն Թմբուկ նուագող

Կեանքը Խմբագրել

Սեդրակ Սարգիսեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, 1936-ին: Երաժշտութեան հանդէպ անոր սէրը սկսած է փոքր տարիքէն, ներշնչուած իր մեծ եղբօր թմբուկի տաղանդէն, որ կը նուագէր տունը եւ ընտանեկան հաւաքոյթներու: Այս պատճառով, Սեդրակ 18 տարեկանին սկսած է թմբուկ նուագել: Անոր ընտանիքը միշտ քաջալերող չէ եղած Սեդրակին երաժշտութեան ասպարէզին, որովհետեւ երաժշտութիւնը այն ժամանակ չէր նկատուեր բարձր մակարդակի գործ մը ու այս պատճառով անոնք կը կոտրեն Սեդրակին թմբուկը:

Սակայն, առանց վախի, Սեդրակ շարունակեց նուագել եւ արձանագրուեցաւ երաժշտանոց որպէսզի ստանայ աւելի բարձր ուսում: Անոր տաղանդը շուտով ճանչցուեցաւ եւ ան գերազանցեց թմբուկի երաժշտութեան մէջ:

Սարգիսեան սկսաւ զբօսաշրջութիւններ կատարել պարուհի՝ Նատիա Ճամալի[3] հետ 1958 թուականին եւ անոր հետ համերգներ կատարած է մինչեւ 1962 թուական երբ սկսած է նուագել Սամիրա Թուֆիքի հետ: Սեդրակ նուագած է բազմաթիւ Միջին Արեւելք երաժիշտներու հետ, օրինակ՝ Ֆէյրուզ, Մուհամմատ Ապտուլ Ուահապ, Ֆարիտ Ալ Աթրաշ, Սապահ Ֆախրի, Ապտուլ Հալիմ Հաֆեզ, Ֆայզա Ահմատ, Ուարտա, Սապահ եւ Մաժիտա Ալ Ռումի: Ան նաեւ նուագած է բազմաթիւ պարողներու հետ, օրինակ՝ Նատիա Ճամալ, Սամիա Ճամալ, Թահիա Քարիոքա, Ֆիֆի Ապտու, Նաժուա Ֆուատ, Սուհեր Զաքի, Սամարա, Ամանի, Ռանին, Նուրա եւ Շահրաման:

Սեդրակ Սարգիսեան շարունակեց նուագել, նուագի դաս տալ եւ ձայնագրել մինչեւ իր մահը 2017 թուականին: Ան կ'ապրէր Հայկական թաղամասին մէջ՝ Պուրճ Համուտ եւ դասընթասքներ կու տար ամբողջ աշխարհին շուրջ, ինչպէս նաեւ կը մասնակցէր համաշխարհային համերգներու: Ան ձայնագրած է աւելի քան 20 աւանդական Միջին Արեւելքի երաժշտութիւններ, գրեթէ բոլորը «Hollywood Music Center»-ին հետ:

Սեդրակ Սարգիսեան մահացած է 21 Փետրուար 2017-ին, Պէյրութ, Լիբանանի մէջ[4][5]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել