Սեխ, դդմազգիներու ընտանիքի Cucumis ցեղին պատկանող բանջարանոցային մշակաբոյս։

Սեխ

Ուշագրաւ է իւրայատուկ բուրումնաւէտութեամբ եւ համով։

Մեծ տեղ գրաւած է ժողովրդական սնունդին մէջ։

Տարածուած է սեխի 10 տեսակ։

Սեխին հայրենիքը կը համարուի Կեդրոնական Ասիան եւ Փոքր Ասիան։

Սեխը ջերմութեամբ եւ լոյսով աճող, չորութեան դիմացող բոյս է, կ'աճի աղի հողին մէջ։

Սեխին պտուղը գնդաձեւ կամ հաւկթաձեւ, դեղին, կանաչ, շագանակագոյն կամ սպիտակ գոյնի կ'ըլլայ։

Կը հասուննայ 2-էն մինչեւ 6 ամսուան ընթացքին։

Հայաստանի մէջ

Խմբագրել

ՀՀ-ին մէջ կայ 3 տեսակ՝

  • Սեխ սովորական (M. sativus),
  • Սեխ մանրապտուղ կամ Շամամ (M. dudaim),
  • Սեխ մոլախոտային (M. agrestis):

Գլխաւորաբար կ'աճի Արարատեան դաշտին մէջ։ Տարածուած է մշակովի սեխը։

Ստուգաբանութիւն

Խմբագրել
 
Սեխի ծաղիկը

Սեխի ծագման հնագոյն օճախները կը համարուին Փոքր Ասիան, Իրանը, Աֆղանիստանը եւ Միջին Ասիոյ երկիրները։ ներկայիս այդ երկիրներուն մէջ կեդրոնացուած են սեխի հիմնական ենթատեսակները, ինչպէս նաեւ դաշտամոլախոտային կիսամշակովի տեսակները։ Ասիական երկիրներէն սեխը տարածուած է Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ[1]։ Սովորաբար կը բացատրուի որպէս «ուռճացուած, ուռած պտուղը»։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Առաջին յիշատակութիւնը յայտնաբերուած է Աստուածաշունչին մէջ։ Ներկայ ժամանակներուն չենք հանդիպիր վայրի սեխի։ Եւրոպայի մէջ սեխի մասին իմացած են Միջին դարերուն։ Ռուսաստանի մէջ յայտնաբերուած է Վոլգայի տարածաշրջանը, բերուած է ԺԵ.-ԺԶ. դարերուն՝ Կեդրոնական Ասիայէն։

Բուսաբանական նկարագիր

Խմբագրել

Ցօղունը կողաւոր է, գետնատարած, փռուած, ճիւղաւորուող, երկարութիւնը՝ 2-2,5 մ։ Միամեայ բոյս է. ցօղունը հնգանկիւնանի է, սնամէջ, կոպիտ թաւոտութեամբ, 1-3 մեթր երկարութեամբ եւ առաջ ճիւղաւորուող։ Հիմնական ճիւղաւորութիւնները միջինին մէջ 3-էն 6-ն են եւ աւելի։ Երկարացօղուն տեսակներու ցօղունը կ'ըլլայ 1,5 մեթր եւ աւելի։ Արմատային համակարգը բաւականին հզօր, խորացող եւ առատ ճիւղաւորուած։ Տերեւները պարզ են, խոշոր, երիկամաձեւ, տերեւանութներուն մէջ կան մազիկներ սրտաձեւ կամ հնգանկիւն՝ հինգ խոշոր ջիղերով եւ կոպիտ թաւով[1]: Ծաղիկները բաժանասեռ են։ Արական ծաղիկները փունջերով են՝ տերեւանութներուն մէջ, իգականները՝ մէկական։ Պտուղը բազմասերմ կեղծ հատապտուղ է՝ տարբեր ձեւերու (կլոր, ձուաձեւ, տանձաձեւ, գլանաձեւ, տափակ եւ այլն) եւ մեծութեան։ Պտուղին մակերեւոյթը հարթ է, կողաւոր, ցանցապատ, կնճռոտ եւ այլն, կեղեւը՝ սպիտակ, դեղին, կանաչ, սրճագոյն, նարնջագոյն եւ այլն։ Պտղամիսը սպիտակ է, կանաչաւուն, կարմրավարդագոյն, նարնջագոյն։

Կիրարկութիւն

Խմբագրել
 

Հիմնականին մէջ կ'օգտագործուի թարմ վիճակի մէջ, իբրեւ քաղցր, բուրաւէտ եւ հիւթալի սննդատեսակ։

Շաքարին քանակը սեխին մէջ կախեալ է ենթատեսակէն եւ կրնայ հասնիլ 3,6-էն մինչեւ 14%-ի։ Բացի թարմ գործածութենէն, սեխը մեծապէս կ'օգտագործուի նաեւ անուշներու, պահածոներու, չիրերու եւ մեղրի արտադրութեան մէջ, իսկ սերմերը ծեծած վիճակին մէջ նոյնիսկ կ'օգտագործեն որոշ կերակուրներու մէջ[1]։ Պտուղը կ'օգտագործուի թարմ եւ վերամշակուած։ Հայաստանի մէջ կը մշակուին Շալախ (կանխահաս), Սնեվազ (միջահաս), Մասիս 2 (միջին ուշահաս) եւ այլ տեսակեր։ Ճաբոնական «միդորի» կոչուող խմիչքը կ'օգտագործուի սեխի համային յաւելումի մէջ։

Քիմիական կազմ

Խմբագրել

Սեխերը հարուստ են քալսիումով, ինչպէս նաեւ «Էյ» եւ «Սի» կենսանիւթերով, կը պարունակէ շաքար (16-18% եւ աւելի), կենսանիւթ «Սի» (մինչեւ 60 մկ%), քարոթին (A-նախակենսանիւթ), բեքթինային նիւթեր, հանքային աղեր եւ այլն[2]։

Հոմանիշներ

Խմբագրել

Ըստ The Plant List.ի տուեալներուն Cucumis melo L. տեսակի հոմանիշները ունին հետեւեալ անուանումները[3]

Յատկանիշներ

Խմբագրել
  • Սեխը օգտակար սնունդ է, սակայն ոչ ամէն մարդ կրնայ ուտել զայն, կը պնդեն կարգ մը մասնագէտներ: Օրինակ, պէտք չէ սեխ տալ մինչեւ 2 տարեկան երեխաներուն, որովհետեւ անիկա կրնայ ստամոքսի խանգարում յառաջացնել անոնց մօտ:
  • Կը թելադրուի սեխ չուտել աղիքաստամոքսային հիւանդութիւններու եւ շաքարախտի պարագային:
  • Յատուկ վտանգ կը ներկայացնեն մեծ պարունակութեամբ բորակատ (nitrate) պարունակող սեխերը, որոնք կը զանազանուին կոշտ երակներով: Նման պտուղներ ընդհանրապէս վտանգաւոր են երեխաներուն, տարեցներուն, քրոնիք հիւանդութիւններէ տառապող մարդոց, յղիներուն եւ կաթ տուող մայրերուն համար: Մարդկային մարմնին մէջ բորակատը կը վերափոխուի բորակային կազի (nitrites): Բորակային կազը կ'արգելափակէ արենագնդինը (hemoglobin), որ կը մատնուի անգործութեան, եւ հիւսկէնները կը դադրին շնչելէ: Կը խախտի նիւթափոխանակութիւնը:
  • Սեխը օժտուած է մեծ թիւով օգտակար յատկութիւններով: Անիկա կը պարունակէ քալսիում, փոթասիում եւ մակնիզիում:
  • Անիկա կը մաքրէ մարմինը, եւ կ'օգնէ վերականգնելու թունաւորումէ ետք:
  • Սեխը կը նպաստէ դուրս բերելու ծանր մետաղներու աղերը:
  • Սեխին մէջ առկայ քալսիումը կ'ամրացնէ սիրտին մկանը, մարմինէն դուրս կը հանէ հեղուկի աւելցուկը եւ կը վերացնէ այտուցները: Քալսիումը կ'ամրացնէ ոսկորները, ակռաները, կը զօրացնէ մազերը եւ եղունգները: Մակնիզիումը կը հանգստացնէ նեարդերը եւ կը լայնցնէ անօթները:
  • Ֆոլաթթուն (Folic acid), որմով հարուստ է սեխը, օգտակար է կիներուն եւ երեխաներուն համար. անիկա կը պահպանէ նեարդային համակարգը, ինչպէս նաեւ՝ կը չէզոքացնէ մարմինին մէջ գտնուող հոմոսիսթէյնի (homo-cysteine) ազդեցութիւնը, որ աւելնալու պարագային կը յառաջացնէ բորբոքային վիճակներ:
  • Սեխին մէջ գոյութիւն ունեցող քարօթէնոյտները (carotenoids) կը բարելաւեն տեսողութիւնը[4]:

Գրականութիւն

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 Անդրեաս Մելիքյան, «Բանջարաբուծություն» Երեւան, 2005, էջ 247-250
  2. «Սեխերի սննդարարության մասին փաստեր»
  3. Cucumis melo L. Archived 2012-08-29 at the Wayback Machine. на сайте The Plant List Archived 2019-05-23 at the Wayback Machine.
  4. յատկանիշները[permanent dead link]