Քալսիում (լատին․՝ Calcium), պարբերական համակարգի երկրորդ խումբի գլխաւոր ենթախումբի քիմիական տարր, որուն նշանն է Ca եւ աթոմային թիւը՝ 20։

Ոսկորներու առողջութեան պատասխանատուն քալսիումն է, որ կը մասնակցի օրկանիզմի կարեւորագոյն գործընթացներուն[1]:

Քալսիումի առկայութիւն

Խմբագրել

Քալսիումի մեծ պաշարներ կան կաթի, պանիրի, մածունի, ընկուզեղէնի, ձկան, սերմերու եւ ընդեղէններու, հացահատիկներու, նուշի, կանաչ ոլոռնի եւ նարինջի հիւթին մէջ:

Քալսիումի պակասի ախտանշաններ

Խմբագրել

Մարմինի քալսիումի պակասի նախանշաններ են՝

  • Մկաններու ցաւը,
  • արեան բարձր ճնշումը,
  • նախադաշտանային ցաւերը,
  • օսթէոփորոզը,
  • լինտերու հիւանդութիւնը,
  • ակռաներու կորուստը, անքնութիւնը: 
  • Յաճախ երեխաները կը տառապին ռախիտ հիւանդութեամբ, որուն հետեւանքով, հիւանդները կ'ունենան ծուռ ոտքեր, ներս ինկած կրծքավանդակ, ռախիտի հետեւանքով այլանդակած կողեր. այս նշանները ցոյց կու տան, որ մայրը եւ ծնելէ ետք՝ երեխան բաւարար քանակութեամբ քալսիում չեն ստացած:

Քալսիումի օգտակար յատկութիւններ

Խմբագրել
  • Քալսիումը կ'ամրացնէ ողնաշարը, կը մեղմացնէ ցաւը եւ կ'ապահովէ ողնաշարի ճիշդ ձեւաւորումը[2] :
  • Քալսիումը կ'օգնէ տղամարդոց եւ կիներուն՝ պահպանելու մարմինի ճիշդ կշիռքը:
  • Քալսիումը կը պաշտպանէ սիրտի մկանները:
  • Քալսիումի ճիշդ քանակութեան պարագային կը հանգստանան սիրտի մկանները։ Համապատասխան քանակութեամբ քալսիում ընդունելով՝ կարելի է կանխել հաստ աղիքի քաղցկեղը։
  • Քալսիումի համապատասխան քանակը կը նուազեցնէ նախադաշտանային նշանները՝ գլխապտոյտը, տրամադրութեան խախտումները, բարձր ճնշումը եւ այլն:
  • Քալսիումի քիչ քանակը կը նպաստէ այն հորմոններու յառաջացման, որոնք պատասխանատու են նախադաշտանային տրամադրութեան տատանումներու, գրգռուածութեան եւ ընկճախտի համար:
  • Քալսիումը կը պաշտպանէ ակռաները՝ ծնօտի ոսկորը ամուր եւ կայուն կը պահպանէ ամբողջ կեանքի ընթացքին, որուն շնորհիւ ակռաները իրարու ամուր կը կպչին՝ չարտօնելով պաքթիրիաներուն ներթափանցելու այնտեղ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել