Սթամպուլի Հրանդ Տինքի Անուան Հայ Երեխաներու Դպրոց

Սթամպուլի Հրանդ Տինքի Անուան Հայ Երեխաներու Դպրոց, կը գտնուի Սթամպուլի մէջ, (Թուրքիա)։ Կը գործէ Սթամպուլի Հայ աւետարանական եկեղեցիին մէջ, 2003-էն ի վէր։ Կը գտնուի Սթամպուլի ամէնահին հայկական թաղամասերուն մէկուն մէջ՝ Գում Գափուի մէջ։ 2010-էն ի վէր կանուանուի Հրանդ Տինքի անունով։

Սթամպուլի Հրանդ Տինքի Անուան Հայ Երեխաներու Դպրոց
Տեսակ դպրոց
Հիմնադրուած է 2003
Անուանուած է Հրանդ Տինք
Տնօրէն Հերիքնազ Աւագեան
Աշակերտներ 108
Երկիր  Թուրքիա
Տեղագրութիւն Պոլիս
Հասցէ Թուրքիա, Սթամպուլ, Գում Գափու

Դպրոցի Կարգավիճակը Խմբագրել

Դպրոցը պաշտօնապէս գրանցուած չէ, սակայն անոր գործունէութիւնը Թուրքիոյ իշխանութիւնները չեն խոչընդոտէր։ Այնտեղ բոլոր նիւթերը կը դասաւանդուին հայերէնով՝ ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթական ծրագրին։ Դասագիրքերը կը ստանան Հայաստանի սփիւռքի նախարարութենէն։

Դպրոցի հատկացուցած վկայականով աշակերտները իրենց ուսումը կրնան շարունակել Հայաստանի մէջ։ Հրանդ Տինքի անունով միակ հայկական դպրոցն է, ուր նաեւ կրնան սորվիլ արեւելահայերէն։

Նիւթական Միջոցները Խմբագրել

Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի վճիռով Թուրքիոյ կառաւարութիւնը փոխ-հատուցում վճառեց Տինքի արեան, որ ան նուիրեց այս դպրոցին։ Այժմ դպրոցին նիւթապէս օգտակար կը դառնան որոշ բարերարներ, ինչպէս նաեւ ամսական $60 տոլար կը վճարեն աշակերտներուն ծնողները։

Ուսուցիչները եւ Աշակերտները Խմբագրել

Դպրոցին մէջ կը սորվին Հայաստանէն Թուրքիա տեղափոխուած եւ այդ երկրին մէջ ապօրինի ապրող հայերու զաւակները։ Ուսուցիչները եւս Հայաստանէն Թուրքիա տեղափոխուած մասնագետներ են։ Դպրոցի տնօրէնն է պոլսահայու հետ ամուսնացած նախկին հայաստանցի Հերիքնազ Աւագեանը։ Դպրոցը հիմնադրելու ժամանակ ան եղած է միակ մասնագէտը՝ դասաւանդելով հայերէն լեզու եւ գրականութիւն։

Աղբիւրներ Խմբագրել