Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան
Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան կամ Եւրոպական Դատարան, ՄԻԵԴ (անգլերէն՝ European Court of Human Rights, ֆրանսերէն՝ Cour européenne des droits de l’homme), Սթրասպուրկի մէջ հիմնուած (1959) միջազգային դատարան մըն է, որուն դատաւորներուն թիւը կը համապատասխանէ Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան Եւրոպական պայմանադրութեան վաւերացուցած Եւրոպական Խորհուրդի անդամ պետութիւններու թիւին, այժմ` քառասունեօթը:
Դատարանը կը գործադրէ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական պայմանագիրը։
Անոր նպատակն է երաշխաւորել պայմանագիրին մէջ ամրագրուած իրաւունքներուն եւ երաշխիքներուն նկատմամբ յարգանքը՝ անդամ պետութիւններուն կողմէ, ինչ որ Դատարանը կ'իրականացնէ անհատներու, երբեմն նաեւ պետութիւններու ներկայացուցած բողոքները (որոնք յայտնի են իբրեւ «դիմումներ») զննելու միջոցով։ Եթէ դատարանը նկատէ, որ անդամ պետութիւն մը ոտնահարած է վերոնշեալ իրաւունքներէն եւ երաշխիքներէն մէկը կամ աւելին, ապա որոշում կը կայացնէ։ Որոշումները պարտադիր իրաւական ուժ կ'ունենան։ Խնդրոյ առարկայ պետութիւնները պարտաւոր են ենթարկուելու անոնց։[1]
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին գործընթացը մրցակցային է եւ դռնբաց:
Դատարանին պաշտօնական լեզուներն են՝ անգլերէնը եւ ֆրանսերէնը, սակայն դիմումները կրնան յանձնուիլ անդամ երկիրներու պաշտօնական լեզուներէն որեւէ մէկով: Դիմումին ընդունուելուն պարագային, պէտք է կիրարկուի Դատարանին պաշտօնական լեզուներէն որեւէ մէկը: Սակայն Պալատին/Մեծ պալատին նախագահը կրնայ որոշում կայացնել տուեալ գործին քննարկումը շարունակելու դիմումին ներկայացման լեզուով:
Պայմանագիրին մէջ ամրագրուած իրաւունքներու խախտման զոհ հանդիսացող իւրաքանչիւր պետութիւն կամ անհատ կրնայ դիմում ներկայացնել անմիջապէս Ստրասպուրկի դատարան:
Ընտրութիւնը
ԽմբագրելԴատաւորները կ'ընտրուին Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ 6-ամեայ ժամկէտով: Լիակազմ Դատարանը կ'ընտրէ իր Նախագահը, երկու տեղակալները եւ երկու ստորաբաժանումներու նախագահները՝ եռամեայ ժամկէտով:
Կազմակերպումը
Խմբագրել- Ըստ դատարանին կանոններուն, անիկա չորս ստորաբաժանում ունի, որոնց երեք տարիով ամրագրուած միութիւնը ունի աշխարհագրական եւ սեռային հաւասարակշռութիւն եւ նկատի կ'առնէ անդամ պետութիւններու տարբեր իրաւական համակարգերը:
- Ստորաբաժանումները կը ղեկավարեն ստորաբաժանումներու նախագահները, որոնցմէ երկուքը նաեւ դատարանի Նախագահի տեղակալներն են։
- Ստորաբաժանումներու նախագահներուն կ'օգնեն, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ կը փոխարինեն ստորաբաժանումներու Նախագահներու տեղակալները, որոնք կ'ընտրուին ստորաբաժանումներուն կողմէ։
- Իւրաքանչիւր ստորաբաժանում կը հիմնէ երեք դատաւորներէ կազմուած յանձնաժողովներ՝ միամեայ ժամկէտով:
- Իւրաքանչիւր ստորաբաժանման ներքոյ կը ստեղծուի եօթը անդամներէ կազմուած Պալատ, հերթագայութեան հիմունքով, ըստ որուն ստորաբաժանման Նախագահը եւ Դատաւորը կ'ընտրուին իւրաքանչիւր գործին առնչուող պետութեան համապատասխան: Ընդ որում դատաւորը ստորաբաժանման անդամ չէ, ան կը մասնակցի իբրեւ Պալատի ex oficio անդամ:
- Դատարանին Մեծ պալատը կազմուած է 17 դատաւորներէ. անոր մէջ կը ներառուին Նախագահը, Նախագահին տեղակալները եւ ստորաբաժանումներու նախագահները՝ իբրեւ ex oficio անդամներ:
Ի՞նչ կը պահանջուի դատաւորներէն
Խմբագրել1. Դատաւորները պէտք է ունենան բարոյական բարձր նկարագիր եւ բաւարարեն դատական բարձր պաշտօններուն պահանջները կամ ըլլան ճանչցուած իրազեկ իրաւագէտներ։
2. Դատաւորները Դատարանի աշխատանքին պէտք է անձամբ մասնակցին։
3. Պաշտօնավարութեան ժամկէտին ընթացքին դատաւորները պէտք չէ իրականացնեն որեւէ գործունէութիւն, որ անհամատեղելի է անոնց անկախութեան, անաչառութեան կամ անոնց աշխատանքին մշտական բնոյթէն բխող պահանջներուն հետ, այս կէտին դրոյթներուն կիրարկման առնչութեամբ ծագող հարցերը կը լուծէ Դատարանը:[2]
Դատարանին գործելաձեւը
ԽմբագրելՔարտուղարութիւնը դատարանին իր դատական գործառոյթները իրականացնելու ընթացքին կը տրամադրէ իրաւաբանական եւ վարչական աջակցութիւն: Քարտուղարութեան կազմին մէջ կան իրաւաբաններ, վարչական եւ մասնագիտական հարցերով զբաղող անձնակազմ մը եւ թարգմանիչներ: Ներկայիս քարտուղարութեան անձնակազմը բաղկացած է 640 հոգիէ, որոնցմէ 270-ը իրաւաբաններ են եւ 370-ը աջակցող անձնակազմի անդամներ: Քարտուղարութեան անձնակազմին անդամները կը հանդիսանան Եւրոպայի խորհուրդին` դատարանին մայր կազմակերպութեան աշխատակիցներ եւ պէտք է հետեւին ԵԽ Անձնակազմին կանոններուն: Քարտուղարութեան անձնակազմին շուրջ 50 տոկոսը անսահմանափակ տեւողութեան աշխատանքային պայմանագիրեր ունին եւ կրնան շարունակել իրենց աշխատանքային ասպարէզը քարտուղարութեան կամ ԵԽ այլ կառոյցներու մէջ։ Անոնց ընտրութիւնը մրցակցային եւ դռնբաց է: Քարտուղարութեան անձնակազմին բոլոր անդամները պէտք է խստօրէն հետեւին անկախութեան եւ անաչառութեան կանոններուն:
Դատարանին լիագումար նիստերը
ԽմբագրելԼիագումար նիստերուն ընթացքին Դատարանը`
ա. Կ'ընտրէ իր նախագահը եւ Նախագահին մէկ կամ երկու տեղակալները` երեք տարուան ժամկէտով, անոնք կրնան վերընտրուիլ,
բ.Կը ձեւաւորէ Պալատներ, որոնք կը ստեղծուին որոշ ժամկէտով,
գ. Կ'ընտրէ Դատարանի պալատներու նախագահներ, անոնք կրնան վերընտրուիլ,
դ. Կ'ընդունի Դատարանին ընթացակարգին կանոնները,
ե. Կ'ընտրէ Քարտուղար եւ Քարտուղարի մէկ կամ քանի մը տեղակալ:
Ստեղծման նախադրեալները եւ ընթացքը
ԽմբագրելԵրկրորդ համաշխարհային պատերազմին սարսափներն ու դաժանութիւնները ամբողջ աշխարհին մէջ անհրաժեշտութիւն յառաջացուցած են հետագային նոյնանման իրադարձութիւններու կանխարգիլման նպատակով ստեղծելու ինչպէս մարդու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան համակարգ մը, այնպէս ալ պետութիւններու միջեւ սերտ քաղաքական միութիւն մը։
- 1948-ին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան գլխաւոր ժողովին ընթացքին (ՄԱԿ) կ'ընդունուի Մարդու իրաւունքներու Համընդհանուր հռչակագիրը, որ մարդոց մարդկային տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային իրաւունքները պաշտպանող միջազգային փաստաթուղթը կը հանդիսանայ։
- Մայիս 1948-ին Հաակայի մէջ տեղի կ'ունենայ «Եւրոպայի համագումար»ը, կ'ընդունուի «Եւրոպական շարժման» առաջարկը՝ ստեղծելու Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան մը պետութիւններուն մէջ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու վերահսկման լիազօրութեամբ։
- Փետրուար 1949-ին «Եւրոպական շարժումը» Պրիւքսէլի համագումարին կը ներկայացնէ մարդու իրաւունքներու մասին Եւրոպական պայմանադրութեան առաջին նախագիծը։
- 5 Մայիս 1949-ին Լոնտոնի մէջ, դիւանագիտական ժողովին ընթացքին, տասը պետութիւններ կը ստորագրեն Եւրոպայի խորհուրդին կանոնադրութիւնը։ Այս միջազգային գործողութիւնը կը վկայէ, որ Եւրոպայի Միութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկը «մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութիւնն ու զարգացումն է»։ Բազմաթիւ քննարկումներու, շարք մը փոփոխութիւններու եւ առաջարկներու կ'ենթարկուի պայմանագիրը։[3]
- Այսպիսով, 4 Նոյեմբեր 1950-ին Հռոմի մէջ (որմէ ետք նաեւ Փարիզի մէջ) Եւրոպայի Խորհուրդի տասը անդամ երկիրներու (Պելճիքա, Մեծն Բրիտանիա, Գերմանիա, Դանիա, Իտալիա, Լիւքսամպուրկ, Նիտըրլենտ, Նորվեկիա, Ֆրանսա) կողմէ կ'ընդունուի պայմանագիր մը մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններուն մասին։
- Պայմանագիրը ի զօրու կը դառնայ 3 Սեպտեմբեր 1953-ին, տասներորդ պետութեան՝ Լիւքսամպուրկի վաւերացումով։
- Առաջին ընտրութիւնները կը կայանան 8 Մայիս 1954-ին։
- Առաջին նիստը կը գումարուի 12 Յուլիս 1954-ին, Սթրասպուրկի մէջ։
- 21 Յունուար 1959-ին պայմանագիրին պարտաւորութիւններուն կատարումը ապահովելու նպատակով կը ստեղծուի Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան մը՝ պայմանագիրին խախտման վերաբերեալ դիմումները քննելու համար։[4]
Դատական կառոյցներ
Խմբագրել- 3 Սեպտեմբեր 1953-ին, Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Պայմանագիրը ուժի մէջ մտնելով՝ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան յատուկ գործելաձեւ մը կը ստեղծէ։ Սկիզբը անիկա երեք մարմիններէ կազմուած էր, որոնք պատասխանատուութիւն կը կրէին մասնակից պետութիւններու պարտաւորութիւններու կատարումը ապահովելու համար․
- Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական խորհրդարանական վեհաժողով,
- Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան,
- Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէ:
- Ըստ 1 Նոյեմբեր 1998-ի թիւ 11 արձանագրութեան, այդ մարմիններէն առաջին երկուքը կը փոխարինուին՝ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանով։ Անիկա տեղակայուած է Սթրասպուրկի Մարդու իրաւունքներու պալատին մէջ (Ֆրանսա), ուր նաեւ կը գտնուի Եւրոպայի Խորհուրդը։
- Առաջ բոլոր անհատական դիմումները Եւրոպական խորհրդարանական վեհաժողովի ընթացքին քննարկուելէ ետք, վերջնական որոշում կայացնելու համար գործը կը յանձնուէր Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան կամ Եւրոպական Խորհուրդի նախարարներու կոմիտէ։
- 1 Հոկտեմբեր 1994-ին, հայց ներկայացնողները իրաւունք կը ստանան Եւրոպական վեհաժողովին կողմէ ընդունելի համարուող դիմումներն անձամբ փոխանցելու Դատարանին։[5]
- Եւրոպական Դատարանը իր գործունէութիւնը սկսելէն (1959) մինչեւ 1998-ի աւարտը, որոշումներ կայացուցած է 837 դիմումներու վերաբերեալ, որոնցմէ գերակշիռ մեծամասնութիւնը քաղաքացիներու դիմումներ եղած են։
- Առաջին վճիռը կայացուած է 1960-ին (Lawless v. Ireland), յօգուտ հայցորդին առաջին որոշումը կայացուած է 1968-ին (Neumeister v. Austria)։
- 1998-ի Դատարանին աշխատանքը կը բազմապատկուի եւ 2010-ի սկիզբը գործնական որոշումներու քանակը կը հասնի աւելի քան 12,198-ի, որոնցմէ 10,156-ը պայմանագիրին կամ անոր արձանագրութիւններուն խախտումներուն վերաբերեալ էին։[6]
Դատավճիռները
ԽմբագրելՊալատները որոշումները կը կայացնեն ձայներու մեծամասնութեամբ: Գործին քննարկման մասնակցած իւրաքանչիւր դատաւոր լիազօրութիւն ունի դատավճիռին կցելու որեւէ առանձին կարծիք՝ համընկնող կամ տարակարծիք, կամ տարակարծութեան բաց յայտարարութիւն:
Դատարանին բոլոր վերջնական վճիռները պարտադիր են գործին առնչուող դատակիր պետութիւններուն համար: Դատավճիռին կատարման վերահսկման համար պատասխանատու է Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու կոմիտէն։ Նախարարներու կոմիտէն կ'որոշէ, եթէ պետութիւնները, որոնց իրաւասութեան ներքոյ յայտնաբերուած են պայմանագիրի խախտումներ, ձեռնարկած են բաւարար մեղմացնող միջոցներ՝ կատարելու Դատարանին կայացուցած յատուկ կամ ընդհանուր վճիռները։
Լիազօրութիւնը
ԽմբագրելՄարդու իրաւունքներու Եւրոպական պայմանագիրը անդամ պետութիւններու միջեւ կը ստեղծէ փոխադարձ նախաձեռնութիւններու եւ առարկայական պարտաւորութիւններու համակցութիւն մը, մինչդեռ «Եւրոպական դատարանի լիազօրութեան եւ ազգային իրաւունքի փոխյարաբերութիւն» ձեւակերպումը կ'ենթադրէ ոչ թէ փոխադարձ ազդեցութեան եւ փոխներգործութեան առկայութիւն, այլ միակողմանի յարաբերութիւն։ Այսինքն, եթէ պետութիւններու պայմանագիրին իրաւունքները եւ պարտականութիւնները ունին փոխադարձ բնոյթ, ապա Եւրոպական դատարանին հետ հնարաւոր յարաբերութիւններու մէջ պետութիւնները ունին միայն պարտականութիւններ, քանի որ Եւրոպական դատարանը քաղաքական մարմին չէ, անիկա իրեն յանձնուած վէճերը կը լուծէ միայն իրաւունքի հիման վրայ։
Եւրոպական Դատարանը «մարդու իրաւունքներու բնագաւառին մէջ հանրային կարգի պահպանման իբրեւ սահմանադրական գործիք» կը ծառայէ Եւրոպայի Խորհուրդի 47 անդամ երկիրներու համար, ուր կ'ապրի աւելի քան 800 միլիոն հոգի։
Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը իրաւունք ունի՝
- Դիտարկելու անհատական եւ միջազգային բողոքներ Եւրոպական Խորհուրդի մէկ կամ քանի մը անդամ երկիրներու կամ Եւրոպական Միութեան դէմ։
- Ճանչնալու բողոքարկողի այս կամ այն իրաւունքին խախտումը։
- Տրամադրելու արդարացի փոխհատուցում գործը շահող կողմին։
- Մեկնաբանելու Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան պայմանագիրը։
- Պարզելու, եթէ որեւէ պետութեան մէջ ինչ որ խախտում համակարգային խնդիրի հետեւանքով այլեւ-այլ բնոյթ կը կրէ, ապա կը սահմանէ, որպէսզի տուեալ պետութիւնը միջոցներ ձեռնարկէ այդ թերութիւնը ուղղելու նպատակով։
- Դիտարկելու Եւրոպայի Խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի հայցը, թէ պատասխանող պետութիւնը արդեօք խախտա՞ծ է Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին որոշումը կատարելու իր պարտաւորութիւնները։
- Կատարելու մեկնաբանութիւններ Եւրոպայի Խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի հայցին մասին նախկինէն ընդունած որոշման վերաբերեալ։
- Խորհրդատուական եզրակացութիւններ կատարելու Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հիմնարար ազատութիւններու պայմանադրութեան մեկնաբանութիւններու վերաբերեալ, որոնք չեն առնչուիր գործին քննութեան հետ։[4]
Տարածքային լիազօրութիւն
ԽմբագրելԴատարանը տարածքային լիազօրութիւն ունի անդամ պետութեան ինքնիշխանութեան ներսը գտնուող տարածքներու սահմաններուն եւ այն տարածքներուն, որոնց նկատմամբ պետութիւնը արդիւնաւէտ կառավարման հնարաւորութիւն ունի։ Այս պայմանը կը կոչուի ratione loci, որ հնարաւորութիւն կու տայ յստակօրէն սահմանազատելու Եւրոպական դատարանին լիազօրութեան ներքոյ գտնուող աշխարhագրական տարածութիւնը։ Իբրեւ կանոն, Եւրոպական դատարանին լիազօրութիւնը կը տարածուի այդ երկիրին միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն վրայ, եթէ ան չյայտարարէ, որ ինք ատիկա պէտք է տարածէ նաեւ այլ տարածութիւններու վրայ։
Եւրոպական դատարանին լիազօրութեան աշխարհագրական սահմանները ճանչնալու հարցը կ'որոշեն իրենք՝ անդամ պետութիւնները։ Օրինակ, 20 Մարտ 2002-ին պայմանագիրին միանալու[7] գծով Հայաստանի Հանրապետութիւնը ոչ մէկ յայտարարութիւն կ'ընէ։ Հետեւաբար Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններէն դուրս գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նկատմամբ պայմանագիր չի կրնար կիրարկուիլ։ Սակայն միւս կողմէն, Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին լիազօրութիւնը ամբողջական բնոյթ մը կը կրէ․ կ'ընդգրկէ Դատարանին անդամ Եւրոպական պետութիւններու ամբողջ տարածութիւնը։
«Գաղութատիրական Վերապահում»
ԽմբագրելԱզրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայ դիրքորոշման հետեւանքով յառաջացած է անտրամաբանական վիճակ մը, երբ երկուքն ալ Եւրոպական խորհուրդի անդամ են, իսկ անոնց հակասութիւններու տիրոյթին մէջ գտնուող ԼՂՀ-ի տարածքին շուրջ, պայմանագիրը Եւրոպական դատարանին լիազօրութիւնը չ'ընդգրկեր, իսկ վերջինս իր հերթին, հնարաւորութիւն չ'ստեղծեր այդ չճանչցուած հանրապետութեան քաղաքացիներուն օգտուելու Եւրոպայի խորհուրդին պայմանագիրին մարմիններուն պաշտպանութենէն։[8]
Երբեմն պետութիւններու իրաւազօրութիւնը կրնայ տարածուիլ նաեւ երկիրի մը սահմաններէն դուրս։ Այդ նկատառումով պայմանադրութեան 56-րդ յօդուածը կ'ըսէ, թէ որեւէ պետութիւն մը այդ փաստաթուղթը կրնայ վաւերացնել կամ ալ հետագային կրնայ Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարին յայտնել, որ ipso facto պայմանագիրը կը տարածուի այն բոլոր տարածքներուն վրայ, որոնց միջազգային յարաբերութիւններուն համար ինքը պատասխանատու է։ Անոր համար լրացուցիչ համաձայնութիւն մը անհրաժեշտ է, եթէ այդ փաստը նաեւ ճանչցուած է պետութիւններու միջազգային ընտանիքին կողմէ։
Գրականութեան մէջ 56-րդ յօդուածը կ'անուանեն «գաղութատիրական վերապահում»։[9][10]
Վերապահումներ
Խմբագրել1. Որեւէ պետութիւն այս համաձայնագիրը ստորագրելու կամ վաւերաթուղթը ի պահ յանձնելու ատեն կրնայ վերապահութիւն յայտնել ուզած դրոյթին վերաբերեալ` այն առումով, որ այդ ատեն իր տարածքին մէջ գործող այս կամ այն օրէնքը չի համապատասխաներ այդ դրոյթին։
Դատարանին լիազօրութիւնը ընդարձակելու պայմաններ
ԽմբագրելԵւրոպական դատարանը իր լիազօրութիւնը կրնայ ընդարձակել, երբ Դատարանին անդամ պետութիւնը իր տարածքը փոխանակէ օտարի մը հետ կամ իր զօրամիաւորումները տեղակայէ այլ պետութեան մը տարածքին մէջ։ Տեղակայումը կրնայ ըլլալ լիազօր՝ միջազգային պայմանագիրին հիման վրայ, կամ ոչ լիազօր՝ տարածքը գրաւելու ձեւով։ Նշուած դէպքերէն որեւէ մէկուն պարագային պայմանադրութեան առաջին յօդուածին՝ «իրենց լիազօրութեան ներքեւ» գտնուող ձեւակերպումը ձեռք կը բերէ աւելի ընդարձակ բովանդակութիւն մը, քան՝ «իր տարածքին մէջ գտնուող» ձեւակերպումը։ Օրինակ, միջազգային պայմանագիրին հիման վրայ, այսինքն՝ օրինական հիմքերով մէկ այլ պետութեան տարածքին վրայ գտնուող զօրամասը կը շարունակուի մնալ իր սեփական պետութեան ինքնիշխանութեան ներքեւ, հետեւաբար, ipso facto այդ զօրամասին տարածքը պայմանադրութեան առաջին յօդուածին ուժով կը յայտնուի Եւրոպական դատարանին լիազօրութեան ներքեւ։
Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ, 16 Մարտ 1995-ին կնքուած պայմանագիրը լայն լիազօրութեամբ կ'օժտէ Ռուսաստանը ՀՀ տարածքին մէջ գտնուող իր ռազմակայաններուն տարածման։ Հետեւաբար, այդ տարածքին մէջ պայմանագիրով նախատեսուած որեւէ իրաւախախտում պէտք է համարուի ռուսական պետութեան կողմէ կատարուած իրաւախախտում, որուն վրայ կը տարածուի Եւրոպական դատարանին լիազօրութիւնը։
Անհատական գանգատ
ԽմբագրելՊայմանագիրին առաջին յօդուածին համաձայն, իւրաքանչիւր անհատ իրաւունք ունի ներկայացնելու պայմանագիրով երաշխաւորուած իրաւունքի պաշտպանութեան պահանջ՝ այն անդամ պետութեան դէմ, որուն լիազօրութեան ներքեւ տեղի ունեցած է ենթադրեալ խախտումը[11]։ Տուժողը պարտաւոր չէ մատնանշելու, թէ յատկապէս ո՛ր յօդուածը խախտած է[12]։
Սակայն, տարածքային իշխանութիւնները կամ որեւէ այլ պետական մարմին գանգատ չեն կրնար ներկայացնել այդ մարմիններու կազմին մէջ աշխատող կամ անոնց ներկայացնող ֆիզիքական անձանց միջոցով, քանի որ գանգատը վիճարկելու է այն պետութեան գործողութիւնները, որոնք կը գտնուին կախեալ վիճակի մէջ եւ որուն իշխանութիւնը կ'իրականացնեն։[13]
Գանգատներ
ԽմբագրելԴատարան Դիմումներ կրնան ներկայացնել անմիջականօրէն ֆիզիքական անձանց կամ պետութիւններու կողմէ, որոնք կը կարծեն, որ իրենց իրաւունքները խախտած են: Այսպիսով, պայմանագիրը գանգատները կը տարբերակէ ըստ երկու տեսակի՝ անհատական գանգատներ՝ ներկայացուած ֆիզիքական անձի, անձանց խումբի կամ ոչ կառավարական կազմակերպութեան կողմէ (ՈԿԿ) մէկ կամ աւելի պետութիւններու դէմ. միջպետական գանգատներ, որ մէկ պետութիւն կը ներկայացնէ մէկ այլ պետութեան դէմ: Դատարանին ստեղծման պահէն սկսեալ գրեթէ բոլոր գանգատները ներկայացած են անձամբ:
Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին հետ կապերու վարչութիւն Հայաստանի մէջ
ԽմբագրելՎարչութիւնը ստեղծուած է ապահովելու Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին մէջ ՀՀ կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչին աշխատանքները՝ կապուած Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան մասին պայմանադրութեան եւ անոր կից արձանագրութիւններու շրջանակներուն մէջ ներկայացուած գանգատներու վերաբերեալ ՀՀ կառավարութեան դիրքորոշումը պատրաստելու, զայն Եւրոպական դատարանին մէջ ներկայացնելու եւ պաշտպանելու հետ։ Վարչութիւնը ունի երկու ստորաբաժանում՝ Քրէական եւ վարչական գործերու բաժին եւ Քաղաքացիական ու տնտեսական գործերու բաժին։[14]
Նախադիպային տեղեկատու
ԽմբագրելՄարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին նախադիպային տեղեկատուն տուեալ ամսուան ընթացքին արտայայտուած եւ առանձնակի կարեւորութիւն ներկայացնող իրաւական դիրքորոշումներու համակարգուած ընտրանի մըն է, որ կ'արտացոլէ Եւրոպական դատարանին ձեւաւորուած նոր ուղենիշներն ու Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական իրաւունքի զարգացման արդիական ուղղութիւնները։ Տեղեկատուն կը կազմէ Եւրոպական դատարանին քարտուղարութիւնը, եւ Եւրոպայի խորհուրդի պաշտօնական լեզուներով ազատ ներբեռնման համար անիկա հասանելի է Եւրոպական դատարանի կայքին մէջ[15] անգլերէն եւ ֆրանսերէն տարբերակներով։[16]
Տե՛ս նաեւ
ԽմբագրելԳրականութիւն
Խմբագրել- Գանգատի ընդունելիութեան ուղեցոյց [5] Եւրոպայի Խորհուրդ/Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան, ՀՀ Արդարադատութեան նախարարութիւն, 2011:
- ՄԱՐԴՈՒ իրաւունքներու Եւ ՀԻՄՆԱՐԱՐ ԱԶԱՏՈՒթիւններու ՊԱՇՏՊԱՆՈՒթեան ՄԱՍԻՆ ԵւրոպաԿԱՆ պայմանադրութիւն[6] Archived 2017-07-12 at the Wayback Machine.
- The Essentials of Human Rights [7]
- Եւրոպական դատարան [8]
- Anniversary Book The Conscience of Europe․ 2014
- Եւրոպական դատարանի լիազօրութիւնը եւ ազգային իրաւունքը [9] Archived 2016-03-04 at the Wayback Machine.
- Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան. Վճիռներու ժողովածու։ Հայերէն թարգմանութիւն, Երեւան, 2002
- Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի նախադիպային տեղեկատու [10]
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարան ՀՀ Արդարադատութեան նախարարութեան կայք
- ↑ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան
- ↑ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի պատմութիւն
- ↑ 4,0 4,1 Статьи о ЕСПЧ (ռուս.)
- ↑ The Essentials of Human Rights
- ↑ Protocol no.14 Factsheet: The reform of the European Court of Human Rights [1](PDF). Council of Europe. May 2010.
- ↑ Եւրոպայի Խորհուրդ#ՀՀ-ն ԵԽ-ի կազմում
- ↑ Վլատիմիր Օգանէսեան․ «Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան որոշ խնդիրներ չճանաչուած պետութիւններում» Ալմանախ․ Սահմանադրական արդարադատութիւնը նոր հազարամեակում, Երեւան, 2005, էջ 214-219 (ռուս.)
- ↑ Frowein J., Peukert W. Europische Menchenrechts Konvention – Kommentar. 1996. S. 743
- ↑ Թումանով Վ․ Ա․ «Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան։ Կազմակերպման եւ գործունէութեան ակնարկ», Մ․, 2001, էջ 28
- ↑ Van der Tang v. Spain, § 53
- ↑ Guzzardi v. Italy, § 61
- ↑ Գանգատի ընդունելիութեան ուղեցոյց [2] Եւրոպայի Խորհուրդ/Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան, ՀՀ Արդարադատութեան նախարարութիւն, 2011
- ↑ [3]
- ↑ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի նախադիպային տեղեկատու
- ↑ [4]
Արտաքին յղումներ
ԽմբագրելԵւրոպայի խորհուրդի տեղեկատուական գրասենեակ Հայաստանում [11]