Սուրբ Ոնոփրիոս
Սուրբ Ոնոփրիոս, Ոնոփրիոս Անապատական (320 - 400, Lower Egypt, Եգիպտոս), հազուադէպ՝ Ոնոբրիոս, Եգիպտական (Ղպտի) եկեղեցին զայն կ՛անուանէ Սուրբ Նօֆէր Մենակեաց (الأنبا نوفير السائح) իսկ Յունարէնով՝ Ὀνούφριος (Օնուֆրիոս)։ Դ կամ Ե դարուն (4ր-րդ կամ 5-րդ) Վերին Եգիպտոսի (Արաբերէն՝ صعيد مصر, Սաիիտ Միսր) անապատի ճգնաւոր մենակեացներէն։ Ան յարգուած է որպէս Սուրբ Արեւելեան Ուղափառ եւ Առաքելական եկեղեցիներուն կողմէն, ինչպէս նաեւ Հռոմէական Կաթուղիկէ եկեզեցւոյ կողմէն։[1] Անոր անունը կը յիշուի Հայաստանեաց Առաքելական Սբ․ Եկեղեցւոյ ինչպէս նաեւ Հայ Կաթուղիկէ եկեղեցւոյ պատարագին «Միանձնացելոց սրբոց» (այսինքն աշխարհէն քաշուած, միայնակ ապրող, շրջիկ ճգնաւոր Սուրբեր) ցանկին մէջ՝ «Պօղոսի, Անտօնի, Պօղայ, Մակարայ, Ոնոփրիոսի, Աբբայ Մարկոսի եւն․․․»։ [2]
Կեանքի Պատմութիւննը եւ Յայսմաւուրք
ԽմբագրելՈնոփրիոսը այսպէս կոչուող «Անապատի Հայրեր»-էն էր ով մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ երորդ եւ չորորդ դարերու Արեւելեան հոգեւորականութեան վրան, այդ ժամանակներուն երբ Քրիստոնէութիւնը կը ձեւակերպուէր որպէս Հռոմէական կայսրութեան պաշտոնական կրօնքը։ Այս ժամանակներուն բազմաթիւ քրիստոնեաներ ոգեւորուած էին անապատ մեկնելու, եւ այդտեղ ապրելու աղօթքի կեանքով, խիստ պայմաններուն մէջ ծայրահեղ տաքին ու ցուրտին, շատ սակաւ սնունդով ու խմելիքով, շրջապատուած տարբեր տեսակի գազաններով ու աւազակներով։
Յստակ չէ թէ Ոնոփրիոսը ճշգրիտ որ դարուն ապրած է, անոր հետ հանդիպած, Եգիպտոսի անապատի ճգնաւորաց կենսագիրի՝ Սբ․ Փաֆնութիոս Խստակեացի տեղեկագրութիւնը կը հանդիսանայ Սբ․ Ոնոփրիոսի կեանքի մասին մեր գիտութեան միակ աղբիւրը։
Անգամ այս տեղեկագրութեան Սբ․ Փաֆնութիոս Խստակեացի կողմէն գրուած ըլլալը ստոյգ չէ, Վաղ Եգիպտերէն արմատներ ունեցող «Փաֆնութիոս» անունը նշանաւոր էր «վերին Թէպէ»-ի մէջ (Արաբերէն՝ طيبة العليا, Յունարէն՝ Άνω Θηβαΐς, Հին Եգիպտոսի մայրաքաղաքը, այժմու Վերին Եգիպտոսի տարածքին մէջ գտնուող, صعيد مصر)։ Անիկա նաեւ կրնայ ըլլալ Վարին Եգիպտոսի «Փաֆնութիոս Մեծ»-ը կամ «Փաֆնութիոս Սքիթացի»-ն[3] (Սքիթ քաղաքը․ Ղպտերէն/Եգիպտերէն՝ ϣⲓϩⲓⲧ Շիհիթ, Յունարէն՝ Σκῆτις կամ Σκήτη, այժմ Արաբերէն կը կոչուի՝ وادي النطرون Ուատի Ալ-Նաթրուն), ով Սբ․ Անտոն Անապատականի աշակերտն էր, ու մասնակցած է Նիկիոյ Տիեզերական ժողովին, ուր ներկաները կը նկատեն Մաքսիմինուս Կայսրի կողմէն իր կրած չարչարանքներուն հետեւանքները (պոկուած աջ աչքը, ձախ ոտքի հեռացուած ջիղը, վառած ոտքերը եւն․․․)[4]։
Ոնոփրիոս անունը կ՛ենթադրուի թէ Եգիպտական (Ղպտի) «ⲩⲛⲛⲫⲉⲣ» (Ուննուֆէր) անունին Հելլենաբանուած (Յունացուած) ձեւն է, զոր վաղ Եգիպտական «ունն-նֆր» անուան արդի տարբերակն է, կը նշանակէ «Կատարեալը», կամ «անիկա ով շարունակաբար բարի է», «Օզիրիս» Աստուծոյ ածականներէն։[5]
Ըստ աւանդութեան, որ չի գտնուիր Փաֆնութիոս Խստակեացի տեղեկագրութեան մէջ, կը պատմուի թէ Որոփրիոսը նախքան «Թէբէ»-ի։ (կը հնչուի Թէպէ) մօտակայքին աբեղայ ապա ճգնաւոր դառնալը ուսանած է օրէնսգիտութիւն եւ իմաստասիրութիւն (փիլիսոփայութիւն)։[6]
Ըստ «Փաֆնութիոս Խստակեացի»-ի տեղեկագրութեան, Փաֆնութիոս ուխտագնակցութեան ելաւ Սբ․ Ոնոփրիոս Մենակեացի ապրելակերպը ուսումնասիրելու նպատակով, եւ տեսնելու համար թէ արդեօ՞ք այդ ապրելակերպը իրեն ալ կը յարմարի թէ ոչ։ 16 օր անապատին մէջ շրջելէն ետք, 17-րդ օրուն Փաֆնութիոսը կը հանդիպի վայրի կերպարանքի մը, թաւ մազերով ծածկուած, տերեւներէ պատրաոտուած ազրդրազգեստ մը հագած։ Վախցած Պաֆնուտիոսը կը փախի լեռ մը բարձրանալով, բայց կերպարը ետ կանչեց անոր բացագանչելով. Վար եկուր քովս, ով Աստուծոյ մարդ, քանզի ես ալ մարդ եմ, Աստուծոյ սիրոյն անապատին մէջ ապրող։[1]
Վերադառնալով, Փաֆնութիոսը կը խօսի վայրի կերպարանքին հետ, ով ինքն իրեն կը ներկայացնէ որպէս Ոնոփրիոս, եւ կը բացատրէ թէ ինքը ժամանակին վանական մըն էր «վերին Թէբէ»-ի մէջ (Հայերէնով բուն գրելու ձեւը այսպէս է), արդէն 70 տարի է ճգնաւորի կեանք կ՛ապրի, դիմանալով ծայրայեղ ծարաւին, անօթութեանն ու անհանգստութիւններուն։ Ան կը պատմէ թէ իր պահապան հրեշտակն էր որ իրեն այս ամայի վայրը բերաւ։[1] Ոնոփրիոսը «Փաֆնութի»-ին (երբեմն այսպէս կը կոչուի) կը տանէ իր առանձնոցը, եւ անոնք կը խօսին մինչեւ արեւամուտ, երբ հացն ու ջուրը հրաշքով մը կը յայտնուին ճգնաւորին խուցին առջեւը։[1] Անոնք գիշէրը աղօթքով կ՛անցնեն, եւ առաւօտեան Փաֆնութիոսը կը նկատէ թէ Ոնոփրիոսը մահամերձ է, մտատանջուած կը հարցնէ ճգնաւորին, թէ արդեօ՞ք ան պէտք է իր խուցին մէջ ապրի իր մահանալէն ետք։ Բայց Ոնոփրիոսը կ՛ըսէ իրեն.
«Այս մէկը պիտի չըլլայ, քու գործդ Եգիպտոսի մէջ է (Եգիպտոսի սահմաններէն ներս, ատեններ որոշ քաղաքի/շրջանի մը կրնայ մատնանշէլ, օրինակի համար այսօր կարգ մը Եգիպտացիներ «Գահիրէ»-ն Եգիպտոս կ՛անուանեն, ինչպէս կարգ մը Սուրիացիներ ու Լիբանանցիներ Դամասկոս մայրաքաղաքը «Շամ» կը կոչեն, թէեւ ամբողջական «Շամ»-ը կը ներառէ՝ Սուրիան, Լիբանանը, Պատմական Հայաստանի հարաւը, Սինայի անապատը, Արաբիայի հիւսիսը, Իրաքի արեւմուտքը, Պաղեստինն ու Յորդանանը), քու եղբայրներուդ հետ»:[1]
Ոնոփրիոսը կը խնդրէ Փաֆնութիոսէն, որ Եգիպտոսի մէջ խնկարկութեամբ իր յիշատակը նշուի, ապա կ՛օրհնէ ճանապարհորդին ու կը մահանայ:[1] Փաֆնութիոսը չկրցաւ գերեզմանի համար փոս մը փորել, քանի որ հողը կոշտ ու ժայռոտ էր, հետեւաբար թիկնոցով մը կը ծածկէ Ոնոփրիոսի մարմինը, զանիկա ձգելով ժայռերու ճեղքերուն մէջ: Յուղարկաւորութենէն ետք Ոնոփրիոսին առանձնարանը կը փլուզուի, եւ Փաֆնութիոսը ասիկա նշան մը կը համարէ, որ ան պէտք չէ այդտեղ մնայ։[1]
Դպրագէտներէն մին կը գրէ թէ Ոնոփրիոսին կեանքը համանմանէ անթիւ անապատական ճգնաւորներու եւ մենակեացներու կեանքին։ Այսուամենայնիւ, հակառակ իր կեանքի գուշակելիութեան, Փաֆնութիոսի արձանագրած Ոնոփրիոսի կենսագրութեան մէջ իւրայատուկ մանրամասնութիւններու կը հանդիպինք․ Ոնոփրիոսը երիտասարդութեան տարիները անցուցած է վանքի մը մէջ, ուր կը պահպանէր խիստ լռութեան կանոնը. եղնիկ մը անոր կ՛ուսուցանէր Քրիստոնէական ծեսերն ու պատարագը: Անապատին մէջ անցուցած իր վաթսուն տարիներու ընթացքին, Ոնոփրիոսի միակ այցելուն հրէշտակ մըն էր, ով իրեն ամէն կիրակի Սբ․ հաղորդութիւնը (Նշխարն ու գինին՝ Քրիստոսի արիւնն ու մարմինը) կու տար։[7]
Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ քոյր եկեղեցին՝ Եգիպտական (Ղպտի) Առաքելական Ուղափառ եկեղեցին Սբ․ Ոնոփրիոսի տօնը կը նշէ Փաունի ամսու 16-ին[8] (Եգիպտերէն՝ Ⲡⲁⲱⲛⲓ, Յունարէն՝ Παϋνί) ամսուն (Եգիպտական տոմարով տասերորդ ամիսը, սովորաբար Յունիսի 23-ին[9] համապատասխան)։
Թէ Կաթուղիկէ եւ թէ Ուղափառ (Յունական եկեղեցին եւ իր քոյր եկեղեցիները) սուրբ Ոնոփրիոսին տօնը կը նշեն 12 Յունիսին։[10] Երուսաղէմի Սբ․ Ոնոփրիոսի վանքը կը գտնուի «Դժոխքի Հովիտի» (Եբրայերէն՝ גֵיא־הִנֹּם, Կէհինօմ ) (Արաբերէն՝ وادي جهنّم, Ուատի Ճհաննամ) մէջ, զոր կը գտնուի հին հրեական գերեզմանատունի մը տարածքին մէջ, այս տեղը նաեւ կը կոչուի Ակեղդամա, ուր կը կարծուի թէ մատնիչ Յուդան անձնասպան եղած է:
Արուեստի Մէջ
ԽմբագրելԱնոր սրբանկարները համաշունչ են միջնադարու «Վայրի Մարդ»-ուն[11] պատկերներուն հետ (անտառի վայրի մարդը, առասպելական կերպար մ՛եւ բներգ մընէ, զոր զոր կը յայտնուի է միջնադարեան Եւրոպայի արուեստի ու գրականութեան մէջ։ Կը նմանի Յունա-Հռոմէական դասական դիցաբանութեան կարգ մը Աստուածներու եւ առասպելկան արարածներու)։ Արուեստի մէջ Սբ․ Ոնոնփրիոսը կը պատկերուի որպէս վայրի մարդ մը, տերեւներէ շինուած ազրդրազգեստ մը հագած, իր ամբողջ մարմինը ծածկող երկար մազերով։[12]
Անոր որմնանկարըին կը հանդիպինք կեդրոնական Անատոլիայի Կապադովկիա շրջանին Սբ. Թէոդորոս Զօրավար եւ Սբ․ Գէորգ Զօրավար եղեկեցւոյ մէջ։[13] Երկու վերոյիշեալներն ալ կը պատկերուին վիշապներ սպաննած ատեն, այդ պատճառով թուրքրեը Օձերու եկեղեցի (թրքերէն՝ Yilanlı Kilise) կ՛անուանեն զանիկա։ Ան ջուլհակներու (կտաւ հիւսողներ) պահապան սուրբը կը համարուի, քանի որ անիկա կը պատկերուի զգենած միայն իր խիտ մազերը եւ տերեւները մէջքին։ 1650 թուականին ան կը կարգուի Փալերմո քաղաքին պահապան սուրբերէն մէկը։
Անունին Փոփոխակները
ԽմբագրելՀայերէնին մէջ իր անունը Ոնոփրիոս կը գրուի (Փիւր տառը մինչեւ ԺԱ/11-րդ դարը Ֆէ տառին հնչիւնն ալ կարտայայտէր), Ոնոբրիոս տարբերակը սակաւադէպէ, իսկ ժողովրդային տարբերակը, որ իր հերթին փոխառուած է Եգիպտերէն/Ղպտերէնէն՝ⲀⲂⲂⲀ Ⲛⲟϫϥⲟⲣ Ⲡⲓⲁⲛⲁⲭⲱⲣⲓⲧⲏⲥ (Աբբա Նօֆօր), եւ կը գրուի՝ «Նոֆէր», «Նօֆէր», կամ Խորհրդային (Սովետական) ուղղագրութեամբ՝ «Նոֆեր»։ Անգլերէնով ՝Onuphrius, Onouphrius, կամ Onofrius Է։ Երբեմն ալ Անգլերէնով Humphrey կը գրուի, թէեւ վերջինս կապ չունի Ոնոփրիոս անուան հետ, եւ ունի Տեւտոնական (Անգլերէն՝ Teutonic, Գերմանական, Անգլերէն՝ Germanic) ստուգաբանութիւն: Փորթուկալերէն եւ Սպաներէն՝ Onofre, Ռումաներէն՝Onofrei, Իտալերէն՝ Onofrio եւն․․․ Իսկ Արաբերէնով (Այժմու Եգիպտացիներուն առօրեայ լեզուն), Սբ․ Ոնոբրիոսը կը ճանչցուի որպէս Ապու-Նօֆէր (أبو نُفر), Ապու-Նուֆէր (أبو نوفير) կամ (ⲀⲂⲂⲀ Ⲛⲟϫϥⲟⲣ Ⲡⲓⲁⲛⲁⲭⲱⲣⲓⲧⲏⲥ Ղպտերէնէն թարգմանուած՝ الأنبا نوفير السائح), զոր բացի այս անուան Արաբերէն տարբերակը ըլլալէն կը նշանակէ «բուսակէր/ խոտակէր»։[14]
Ռամկական ու Ժողովրդային Աւանդոյթներ
ԽմբագրելՍիկիլեցիները (Սիցիլիա, Իտալիոյ ինքնավար կղզին) Սբ․ Ոնոփրիոսին կ՛աղօթեն երբ բան մը կը կորսնցնեն։ Այս աղօթքը ունի մի քանի տարբերակներ, սակայն ընդհանուր արմամբ անոնց մէջ կը յիշուի անոր մազերուն հրաշագործ յատկութիւնը։ Ընդարձակօրէն ընդունուած է թէ այս աղօթքները կորսուած առարկայ մը (բանալի, մատանի, եւն․․․) փնտրած ատեն կրկնելը, մեծապէս կ՛օգնէ անիկա աւելի շուտ գտնելուն։
Տե՛ս Նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 Butler, Էջ 94
- ↑ St. Nersess Armenian Seminary Ս․ՆԵՐՍէՍ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆ Պատարագ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ էջ 21
- ↑ Butler, էջեր.95-96
- ↑ st-takla.org أنبا بافنوتيوس أسقف طيبة
- ↑ "Venerable Onuphrius the Great", Ukrainian Orthodoxy". Archived from the original on 2008-07-25. Retrieved 2013-03-28.
- ↑ lüder h niemeyer (2015-10-20). "Onuphrius of Egypt, Patron also of Weavers & Jurists; Cort, Cornelis: Saint Onuphrius with the Rosary" Archived 2021-12-21 at the Wayback Machine..
- ↑ Peter W. Parshall; Rainer Schoch, National Gallery of Art (U.S.); Origins of European Printmaking (Yale University Press, 2005), 318.
- ↑ st-takla.org/ مكتبة الكتب القبطية: كتاب السنكسار القبطى 16 شهر بؤونه نياحة القديس ابو نوفر السائح (16 بؤونة)
- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023-01-25-ին։ արտագրուած է՝ 2023-01-25
- ↑ "Venerable Onuphrius the Great", Orthodox Church in America
- ↑ National Gallery of Art | Press Office Archived 2008-08-30 at the Wayback Machine
- ↑ Butler, էջ 96.
- ↑ «"Yilanlı Kilise", Goreme.org»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-01-18-ին։ արտագրուած է՝ 2023-01-25
- ↑ "Sant' Onofrio su santiebeati.it". Santiebeati.it. Retrieved 2018-03-17.
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Alban Butler, Paul Burns; Butler’s Lives of the Saints (Continuum International Publishing Group, 2000)
- St. Nersess Armenian Seminary Ս․ՆԵՐՍէՍ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆ Պատարագ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ