Սուրէն Պարթեւեան
Սուրէն Պարթեւեան ( բուն անունով Սիսակ Պարտիզպանեան, 1876[1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 1921[1], Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս[1],), հայ գրող, հրապարակախօս։
Սուրէն Պարթեւեան | |
---|---|
Ծննդեան անուն | Սիսակ Պարտիզպանեան |
Ծնած է | 1876[1] |
Ծննդավայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] |
Մահացած է | 1921[1] |
Մահուան վայր | Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս[1] |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Ազգութիւն | Հայ[2][1] |
Ուսումնավայր |
Պէրպէրեան Վարժարան[1] Ազգային Կեդրոնական Վարժարան[1] Փարիզի Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ, հրապարակախօս |
Աշխատավայր |
Նոր Կեանք[1] Ձայն Հայրենեաց[1] |
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելԾնած է Գատըգիւղի մէջ (Պոլիս)։ Թաղին նախակրթարանը յաճախելէ ետք, անցած է Պէրպէրեան վարժարան: 1895-ի ջարդերուն արիւնոտ ու խռովալի օրերուն մեկնած է արտասահման։ Փարիզի մէջ, իբրեւ ունկնդիր ուսանող, հետեւած է Սորպոնի գրական դասընթացքներուն։ 1908-ի Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, վերադարձած է Պոլիս, ուր հայ մտաւորական կեանքին բերած է գրական եւ հրապարակագրական գործունէութեան իր բաժինը։ Խմբագրած է «Վաղուան ձայնը» պարբերականը (Մանչեսթըր, Անգլիա), ինչպէս նաեւ «Հոսանք», «Ձայն հայրենեաց», «Ազգ» թերթերը։ Իզմիրի մէջ, Համաշխարհային Ա. Պատերազմէն ետք, նաեւ խմբագրած է «Հորիզոն» թերթը։ Քեմալական ուժերու Իզմիր մուտքի եւ ընդհանուր շփոթութեան օրերուն, ապաստանած է Եգիպտոս, ուր մեռած է։
Սուրէն Պարթեւեանի գրական գլխաւոր գործն է «Կիլիկեան արհաւիրքը» (1909)։ Լեւոն Բաշալեանի «Նոր կեանք» հանդէսին մէջ հրատարակուած իր պատմուածքներն ալ, որոնք յետագային համադրաբար լոյս տեսան «Քայքայում» ընդհանուր խորագիրին տակ (1910), ներշնչուած են մեր ազգային ողբերգութենէն, կոտորածէն, ու անոր թելադրած հոգեկան խռովքներէն։ Պարթեւեան սեւեռած է հայութեան բոլոր արիւնոտ եւ հոգեցունց ապրումներուն, ցնցելու, հոգեշարժ ըլլալու ըմբոստացուցիչ դրուագներ պատկերացնելու փոյթով մը։ 1895-ի եւ 1915-ի մեր եղեռնապատումէն թելադրուած, վիպաշունչ եւ թատերական կարգ մը գործեր ունի, ինչպէս «Հայուհին» եւ «Արիւնի զոհեր» խորագրուած պատմուածքներու եւ պատկերներու հաւաքածոները, «Անմահ բոցը» խորագրուած թատերախաղը եւ «Ձայն մը հնչեց» անունով վիպաշունչ գրքոյկը։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 1,12 1,13 1,14 1,15 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 9 — հատոր 9. — է. 200.
- ↑ Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'hui — Maisons-Alfort: 2021. — P. 95. — ISBN 978-2-905686-93-0