«Զարթօնքի գրական շարժման ձեւաւորումը» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
(Տարբերութիւն չկայ)

06:26, 22 Օգոստոս 2014-ի տարբերակ

Բուն գրական շարժումը կը ձեւաւորուի՝ աստիճանաբար զտուելով ազգային ընդհանուր շարժումէն, հասունացումի հոլովոյթով մը, 1860 թուականէն ետք:

Ինքնին բնական՝ այս հոլովոյթը ենթակայ ողած է մի քանի գործօններու.-

1. Զոյգ կայսրութիւններու քաղաքական մշակութային ճնշումները կը կաշկանդեն գործիչներ ու ժողովուրդ, եւ քիչ մի ազատ կը ձգեն միայն գրականութիւնը՝ իբր ազգային ինքնութեան «անվնաս» դրսեւորում: Որոշ հին գործիչներ կ՛ամփոփուին գրականութեան վրայ, իսկ նորերը՝ Զարթօնքի սերունդի «երկրորդ ալիքի» դէմքերը, արդէն կը կազմաւորուին իբր աւելի գրական դէմքեր:

2. Եւրոպայէն եկող մշակութայինը ոճը վիպապաշտ է, զգացական, իսկ տիրող գրական ձեւը՝ քնարերգութիւնը:

3. Կրթութեան տարածումը աւելի ու աւելի համեստ խաւեր կը բանայ արեւմտեան մշակոյթին: Չքաւորութեան եւ «ազգի վիճակին» կրկնակ տխրութիւնը բնականօրէն պիտի գտնուի վիպապաշտ ոճի արտայայտութիւն մը- զգացական, յաճախ եւ յոռետես:

4. Գրական շարժման սկզբնաւորումը, Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ հայութեան մօտ, տեղի կ՛ունենայ բաւական արագ: Բուն երկրի հայութիւնը անշուշտ չի կրնար հետեւիլ եւ ծնող գրականութիւնը մասամբ կ՛ըլլայ «քաղաքի գրականութիւն», բայց պահելով հայրենասիրական ուժեղ լիցք սնանելով գաւառէն:

5. Արեւելահայութեան մէջ, շարժումը կը սկսի աւելի դանդաղ- Մոսկուայէն՝ Թիֆլիս, ապա՝ Շուշի, Երեւան ու գաւառական այլ կեդրոններ: Քաղաքական տանելի պայմաններ, գաւառի հետ մօտիկութիւն եւ ազատ կապ՝ արեւելահայ գրականութեան կու տան բնաշխարհի, «հողի գրականութեան» կնիք:

Կը հետեւին նմուշներ՝ Զարթօնքի սերունդի բանաստեղծական գործէն, խմբուած երեք բնաբաններու մէջ՝ Մարդկային Հոգի եւ Բնութիւն Կեանք եւ Մահ Ազգ. Հայրենիք, Պայքար: Բնաբաններ՝ որոնք 1860-70 թուականին մեր մէջ ունին յստակ վիպապաշտ ձեւաւորում: Կատեգորիա:Վիքիպեդիա:Արևմտահայերեն հոդվածներ