Ստեփան վարդապետ Սարեան (1865, Կ. Պոլիս - 1915, Տրապիզոն), հայ բնագէտ, մշակութային գործիչ, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ։

Ստեփան Սարեան
Ծնած է 1865
Ծննդավայր Կ. Պոլիս
Մահացած է 1915
Մահուան վայր Տրապիզոն, Օսմանեան Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Հռոմի համալսարան
Աշխատավայր Խմբագիր, դպրոցի տեսուչ

Ծնած է 1865 թուականին, Կ. Պոլսոյ Գաղատիա թաղամասին մէջ։ 1880 թուականին միացած է Մխիթարեան միաբանութեան (Վենետիկի Ս. Ղազար կղզի)։ 1887 թուականին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ։ 1890 թուականին աւարտած է Հռոմի համալսարանի աստուածաբանութեան ֆակուլտետը եւ ստացած՝ աստուածաբանութեան ու փիլիսոփայութեան դոկտորի տիտղոս։ 1890 թուականին, վերադարձած է Ս. Ղազարի վանք։ 1891-93 թուականներուն աշխատած է, որպէս՝ Ս. Ղազար վանքի դպրոցի ուսուցիչ եւ տեսուչի օգնական։ 1898-99 թուականներուն, միաժամանակ եղած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան «Բազմավէպ» հանդէսի խմբագիրը եւ տպարանի տեսուչը, բնագիտական յօդուածներով աշխատակցած՝ հանդէսին։

1899-1901 թուականներուն «Բազմավէպի» թիւերուն մէջ լոյս տեսած են անոր «Մագնիսական քուն» վերնագիրը կրող յօդուածները՝ նուիրուած հիպնոսի առեղծուածներուն։ 1902/05 թուականին գրած է հայ իրականութեան մէջ առաջին երկը տարվինականութեան եւ տեսակներու ծագման մասին։

1902-06 թուականներուն եղած է Մխիթարեաններու՝ Փարիզի, Մուրատ-Ռաֆայէլեան վարժարանի տեսուչ։ 1906-10 թուականներուն, Եղիսաբեթուպոլսոյ մէջ եղած է առաքելական քարոզիչ։ Այնուհետեւ, որոշ ժամանակ, ուսուցչութեան պաշտօն վարած է իր ծննդավայր՝ Կ.Պոլսի Գաղատիա, թաղամասէն ներս։ 1910 թուականին տեղափոխուած է Տրապիզոն եւ վարած՝ տեղի հայ կաթոլիկներու վարժարաններուն տեսուչի, ապա՝ հոգեւոր հովիւի պաշտօնները։

Զոհուած է Մեծ Եղեռնի ժամանակ՝ 1915 թուականին, Տրապիզոնի մէջ՝ 50 տարեկան հասակին։

Աշխատութիւններ

Խմբագրել
  • Ընթացք տեսական աստուածաբանութեան, 1894, 825 էջ։
  • Մագնիսական քուն, Վենետիկ, 1901։ Մինչ այդ լոյս տեսած է «ԲԱզմավէպի» 1899-1901 թթ. թիւերուն մէջ։
  • Էակներու ծագումը, 1902/1905։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։
  • Փաշայան Ասատուր, Տիտղոսակիր հայեր, XV-XIX դարեր, Երեւան, 2001։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։