Վազգէն Կ. Չալոյեան
Վազգէն Չալոյեան
Վազգէն Կ. Չալոյեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 7 (20) Յունուար 1905[1] |
Ծննդավայր | Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[1] |
Մահացած է | 24 Մարտ 1981[1] (76 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1] |
Քաղաքացիութիւն |
Ռուսական Կայսրութիւն Խորհրդային Միութիւն |
Ազգութիւն | Հայ[1] |
Ուսումնավայր | Երեւանի Պետական Համալսարան[1] |
Կոչում | թղթակից անդամ[1] |
Մասնագիտութիւն | փիլիսոփայ |
Աշխատավայր | Փիլիսոփայության, սոցիոլոգիայի և իրավունքի ինստիտուտ?[1] |
Անդամութիւն | Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա[1] |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Ալեքսանտրապոլ (այժմ Գիւմրի), 7 Յունուար, 1905-ին:
Երեւանի պետական համալսարանի առաջին ուսանողներէն, ան իր համալսարանական ուսումը կ'աւարտէ 1926-ին, ու կը նուիրուի ուսուցչական ասպարէզին,դասաւանդելով միջնակարգ դպրոցներու, ինչպէս եւ երկրի բարձրագոյն ուսումնական տարբեր հաստատութիւններու մէջ:Ժամանակի մը համար կը վարէ հայաստանի Պատմութեան Պետական թանգարանի տնօրէնի պաշտօնը: Ապա կ'անցնի Մոսկուա, ուր իր ուսումը կը շարունակէ տեղի փիլիսոփայութեան եւ գրականութեան ինստիտուտի ասպիրանդական բաժինին մէջ։ 1938-ին ան կը լծուի հայ փիլիսոփայութեան պատմութեան ուսումնասիրթեան աշխատանքին, ատով իսկ հանդիսանալով այդ բնագաւառի առաջին հիմնադիրներէն մէկը:
Մեծ են Վ. Չալոյեանի ծառայութիւնները մանկավարժական ասպարէզին մէջ։ Նոր սերունդի փիլիսոփայ-պատմաբան գիտնականերէն շատեր՝ հայաստանի տարբեր գիտական հաստատութիւններու մէջ այսօր կը շարունակեն իրենց բազմավաստակ ուսուցիչին գործը: Առանձնապէս ուշագրաւ է սակայն Վ. Չալոյեանի նպաստը հայ իմաստասիրական հետազօտման գործին մէջ։ Ծանօթ հայ մտածողներ՝ Եզնիկ Կողբացիի, Դաւիթ Անյաղթի, Յովհան Որոտնեցիի եւ այլոց կողքին, Վ. Չալոյեան՝Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի ձեռաքիրներէն լոյսին կը բերէ անյայտ մնացած հայ մտածողներ, ու կը լուսաբանէ անոնց փիլիսոփայական ժառանգութիւնը:Վաստակաշատ փիլիսոփայ-պատմաբանին անխոնջ ճիգերուն շնորհիւ վերջնականապէս կը հաստատուի փիլիսոփայութեան տեղն ու իրաւունքը, հայագիտութեան բնագաւառին մէջ, ու հայ իմաստասիրական միտքը դուրս կու գայ միջազգային ասպարէս:
1965-ին Վ.Չալոյեան կ'ընտրուի հայկական ՍՍ հանրապետութեան գիտութիւններու ակադեմիայի թղթակից անդամ:Հայ իմաստասիրական մտքի ուսումնասիրութեան բերաղ իր պատկառելի ծառայութիւններուն համար Վ. Չալոյեան արժանացած է ՀՍՍՀ գիտութիւններու վաստակաւոր գործիչի կոչումին եւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մրցանակին: Ան պարգեւատրուած է նաեւ Պատուոյ նշան շքանշանով:
Վ. Չալոյեան իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ Մոսկուայի մէջ հրատարակուած «Փիլիսոփայութեան Պատմութիւն» եւ «Փիլիսոփայութեան Պատմութիւնը ՍՍՀՄ-ի մէջ» բազմահատոր աշխատասիրութիւններու պատրաստութեան, գրելով անոնց հայ փիլիսոփայութեան վերաբերող գլուխները: Միաժամանակ ան շարք մը յօդուածներ ստորագրած է հայ փիլիսոփաներու մասին՝ «Սովետական Մեծ Հանրագիտարան»ի եւ «Փիլիսոփայութեան Հանրագիտարան»ի մէջ:
Վ.Չալոյեան գրչին կը պատկանի հետեւեալ ուսումնասիրութիւնները,մենագրութիւններն ու աշխատանքները.Ե. ԴԱՐԻ ՀԱՅ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅ ԵԶՆԻԿ ԿՈՂԲԱՑՈՒ ՈՒՍՄՈՒՆՔԻ ՇՈՒՐՋ(Երեւա,1940),ԴԱՒԻԹ ԱՆՅԱՂԹԻ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆԸ (Երեւան, 1946,ռոէսերէն), ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ՈՐՈՏՆԵՑԻՈՅ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒԹԻՒՆ «ՍՏՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆՑ» ԱՐԻՍՏՈՏԷԼԻ - հաւաքական տեքստը առաջաբանը եւ ծանօթագրութինները Վ.Կ. Չալոյեանի, թարգմանութիւնը արշակ Ադամեանի եւ Վ. Չալոյեանի – (Երեւան, 1956), ՀԱՅ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ (Երեւան, 1959), ԱՆԱՆՈՒՆ ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ «ՍՏՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆՑ» ԱՐԻՍՏՈՏԷԼԻ, - համահաւաք բնագիրը Ս.Պ. Լալաֆարեանի եւ Վ.Կ. Չալոյեանի, առաջաբանը եւ խմբագրութիւնը Վ.Կ. Չալոյեանի, թարգմանութիւնը գրաբարից ռուսերէն Ս.Ս. Արեւշատեանի - (Երեւան ,1961), ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՌԵՆԵՍԱՆՍ (Մոսկուա, 1963, ռուսերէն - Երեւան, 1964, հայերէն), ԱՐԵՒԵԼՔ-ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ - Արեւելքի եւ Արեւմուտքի փիլիսոփայութիւններու առընշութիւններու խնդիրը(Մոսկուա,1968 եւ 1978, հրատարակուած է նաեւ Սովետ. Միութեան սահմաններէն դուրս), ԵԶՆԻԿ ԿՈՂԲԱՑԻ - ռուսերէն թարգմանութիւն- (Երեւան, 1968):
Վ.Չալոյեան կը մահանայ 24 Մարտ 1981-ին:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս,Պէյրութ 1981,(էջ 349-350)