Վալերիան Մադաթով

Վալերիան Մադաթով (Ռոստոմ Մադաթեան, 18 (29) Մայիս 1782, Աւետարանոց[1] - 4 (16) Սեպտեմբեր 1829, Շումեն, Silistra Eyalet, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]), ռուսական բանակի հայազգի զօրավար։

Վալերիան Մադաթով
Ծնած է 18 (29) Մայիս 1782
Ծննդավայր Աւետարանոց[1]
Մահացած է 4 (16) Սեպտեմբեր 1829 (47 տարեկանին)
Մահուան վայր Շումեն, Silistra Eyalet, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն զինուորական

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Արցախ՝ Վարանդայի Աւետարանոց գիւղը: Հայրը` Գրիգոր Մադաթեանց` Մեհրաբենց Գիւքին, Վարանդայի մելիք Շահնազար Բ.-ի ջորեպանն էր: Ան ամուսնացած է Սոֆիա Ալեքսանդրովնայի հետ:

Մեկնած է Փեթերսպուրկ, ուր ցանկութիւն յայտնած է ռազմական ուսումնարան մտնելու եւ ռուսական բանակին մէջ ծառայելու: Ան հաւատացած էր, որ միայն այդպէս կարելի է պայքարիլ թշնամիին դէմ:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան եւ Յովհաննէս Լազարեան միջամտութեամբ, որոնք իրենց ազդեցութիւնն ու կապերը օգտագործեցին, ընդառաջեցին Ռոստոմի ցանկութեան:

Ռոստոմ Մադաթեան 1799-ին կայսերական ՓրէօպրաԺենսքի գունդին մէջ ծառայութեան մտած է եւ ենթասպայի աստիճան ստացած: Զինուորական ծառայութեան պաշտօնական թղթածրարին մէջ անոր անունը արձանագրուած է իբրեւ Վալերիան Մադաթով:

Ժամանակ մը ետք ան Փաւլովեան գունդ տեղափոխուած է, այնուհետեւ ալ` Մենկրելեան հետեւակային գունդ:

Մադաթով 1810-ին հետեւակազօրքէն Ալեքսանդրեան հուսարական հեծելագունդ տեղափոխուած է:

Չաւուշկա գիւղի կռիւներուն Մադաթով իր հեծելագունդով մխրճուելով թրքական հետեւակային գունդին թիկունքը ջախջախած է զայն: Իսկ Բատինի ճակատամարտին վճռական գրոհով մը ցիրուցան ըրած է թրքական հեծելազօրքը:

Ան 1816-ին նշանակուած է Ղարաբաղի կառավարիչ եւ տեղի ռուսական բանակի հրամանատար։

Պարգեւներ

Խմբագրել

Ռուս-թրքական 1806-1812-ի պատերազմին Մադաթով մարտական մկրտութիւն ստացած է: 1809-ին, Դունայի ափին, Բրիալով ամրոցի գրաւման ժամանակ ցուցաբերած քաջութեան համար «Խիզախութեան համար» շքանշանով պարգեւատրուած է։

Հայազգի զօրավար իշխան Փիոթր Բագրատիոնիի հրամանատարութեան տակ Մադաթով  փայլեցած, Ռասսովայի կռիւներուն եւ «Քաջութեան համար» մակագրութեամբ ոսկիէ սուրով պարգեւատրուած է:

Մարտական սխրանքներուն համար Մադաթով 1810-ին Գէորգիեւեան չորրորդ աստիճանի խաչով պարգեւատրուած եւ հեծելազօրային փոխգնդապետի կոչում ստացած է[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Ացբիւրներ

Խմբագրել