Վահէ Ֆաթթալ
Վահէ Ֆաթթալ (1942, Հալէպ, Սուրիա - 20 Հոկտեմբեր 2019, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) մարդասէր, բարերար, արուեստագէտ եւ ձեւաւորող[1]։
Վահէ Ֆաթթալ | |
---|---|
Ծնած է | 1942 |
Ծննդավայր | Հալէպ, Սուրիա |
Մահացած է | 20 Հոկտեմբեր 2019 |
Մահուան վայր | Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Ուսումնավայր | Գեղեցիկ Արուեստներու Ակադեմիա |
Մասնագիտութիւն | մարդասէր, բարերար, արուեստագէտ, ձեւաւորող |
Ամուսին | Լուսին Քուճաքեան մահացած է 2014-ին |
Ծնողներ | Ճոզէֆ Ֆաթթալ եւ Օժէն |
Ծնած է 1942-ին, Հալէպ, Սուրիա։ 1963–1971 Վահէ Ֆաթթալ արուեստի ուսումը ստացած է Փարիզի Գեղարուեստի վարժարանին մէջ (L'Ecole des Beaux-Arts)։ Փարիզ ապրած միջոցին ամուսնացած է Լուսին Քուճաքեանի հետ։
1971-ին Լոս Անճելըս փոխադրուելէ ետք, ան աշխատած է զանազան հաստատութիւններու մէջ եւ հեղինակ է շարք մը հանրածանօթ խորհրդանիշներու, ինչպէս՝ «Մինոլթա», «Կըրլ Սքաուց», «Քայզըր Փերմենենթէ» եւ «Հանա-Պարպերա» ընկերութեանց։
Ան նաեւ պատրաստած է շարք մը ֆիլմերու եւ պատկերասփիւռային յայտագիրներու որմազդները, ինչպէս՝ «Շայնինկ», «Տենսըզ Ուիթ Ուուվզ», «Իմեճըն. Ճան Լենըն», «Թոռն Պըրտզ», «Մայեմի Վայս» եւ «Պէյպի Պում»։ Ան նաեւ «AIM» ամսաթերթի խորհրդանշանը եւ անոր շարք մը կողքերը պատրաստած է։
Իր անձնական հաստատութիւնը կազմելէ միայն տարի մը ետք, ան կրցած է պատկերասփիւռի «Էյ.Պի.Սի.» կայանին ծանուցումներուն հետ համաձայնութիւն մը կնքել, անոր հետ աշխատելով 14 տարիներ։ Ան ծանուցումներ պատրաստած է նաեւ «Նիսան», «Նեշընըլ Ճիոկրեֆիք», «Քիրով» պալէի պարախումբին եւ այլ հաստատութեանց համար։
Ան նաեւ հիմնադիրներէն մէկն է Հայաստանի «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային ֆիլմերու փառատօնին եւ կամաւոր սպասարկութիւններ տրամադրած է հայկական կազմակերպութեան ու 1989-ին հեղինակած էր նաեւ Արցախին զօրակցող յայտնի որմազդը։ Վահէն հպարտ էր յատկապէս իր ձեւաւորած Արցախի Հանրապետութեան դրօշակով։
2003էն ետք Վահէ Ֆաթթալ նուիրուած էր նկարչութեան եւ բարեգործական ձեռնարկներու, որոնց շարքին էր՝ Երեւանի ԹՈՒՄՕ կեդրոնի (Tumo Center for Creative Technologies) ուսանողներուն յատուկ տարեկան մրցանքը։
Մահացած է 20 Հոկտեմբեր 2019-ին, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա[2]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Պուրճ Համուտը` Հայրենաբաղձութեան Եւ Նորոգութեան Միջեւ. Արա Մածունեանի «Թռչնոց Բոյն» Լուսանկարչական Փորձագրութիւնը»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2017-04-28։ արտագրուած է՝ 2019-10-31
- ↑ «ՄԱՀԱԶԴ. ՎԱՀԷ ՖԱԹԹԱԼ»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2019-10-24։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-10-31-ին։ արտագրուած է՝ 2019-10-31
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Վահէ Ֆաթթալ – 1942-2019 Archived 2019-10-31 at the Wayback Machine.
- ՄԱՀԱԶԴ. ՎԱՀԷ ՖԱԹԹԱԼ Archived 2019-10-31 at the Wayback Machine.
- The Vahé & Lucie Awards
- Վահէ եւ Լիւսի մրցանակ
- Renowned Artist Vahé Fattal Passes Away
- Vahé Fattal Biography