Վահրամ Կոմիկեան
Կոմիկեան Վարդան (1915-1998), ծնած է Ատափազար եւ մահացած՝ Իսթանպուլ։
Վահրամ Կոմիկեան | |
---|---|
Ծնած է | 1915 |
Ծննդավայր | Ատափազար |
Մահացած է | 1998 |
Մահուան վայր | Պոլիս, Թուրքիա |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՓոքր տարիքին փոխադրուած է Իսթանպուլ։ Աւարտած է Ազգային Կեդրոնական Վարժարանը։ Բարձագոյն ուսումը ստացած է Իսթանպուլի Բժշկագիտական համալսարանին մէջ, վկայուելով ատամնաբուժական ճիւղէն։
Սկսած է գրել դպրոցական շրջանէն։ Իր գրութիւնները առաջին անգամ լոյս տեսած են 1932-ին, «Զարթօնք» գրական պարբերաթերթին մէջ։ Աշխատակցած է իսթանպուլահայ մամուլին, մասնաւորաբար «Ազդարար», «Ժամանակ», «Արեւելք», «Մարմարա», «Պատկեր», «Ամսուան Գիրքը», «Ճառագայթ», «Թօ», «Սան», «Ազգ. Հիւանդանոցի Տարեգիրք», «Երջանիկին Տարեգիրքը», «Հանդես Մշակոյթի»։ Եղած է Հանդէս Մշակոյթի հիմնադիրներէն եւ շրջան մըն ալ՝ խմբագիրներէն։ 1957-ին խումբ մը մտաւորականներու հետ (Ռոպէր Հատտէճեան, Վ.Ս. Ծովակ եւ ուրիշներ) պատրաստած է «Համայնապատկեր հանրապետական շրջանի իսթանպուլահայ գրականութեան» հատորը, առանձին գրի առնելով ընդարձակ յառաջաբանը: Գրած է պատմուածքներ, քերթուածներ եւ գրախօսականներ: Ունի չափական թարգմանութիւններ, մասնաւորաբար Շարլ Պոտլէրէ եւ Եահեա Քեմալէ: Ասամնաբուժական ասպարէզին զուգահեռ՝ իբրեւ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ պաշտօնավարած է Կեդրոնական, Էսայեան եւ Մերամէթճեան վարժարաններու եւ Ս. Խաչ Դպրեվանքին մէջ։ Իր գրական եւ կրթական բեղուն գործունէութեան համար Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետը զինք պարգեւատարծ է «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով եւ սրբատառ կոնդակով։
Հրատարակչական Գործըեր
ԽմբագրելԱրձակ էջեր
Խմբագրել- «Բարի եկար, սէր... » (պատմուածքներ), Իսթամպուլ, 1965։
- «Համրիչի հատիկներ» (պատմուածքներ), Իսթանպուլ, 1993։
Խմբագրական աշխատանք
Խմբագրել- «Մատթէոս Էֆ. Թորոսեանի 50ամեայ յոբելեանին առթիւ», Իսթանպուլ, 1948։
- (Վ. Ս. Ծովակի եւ Ռոպէր Հատտէճեանի աշխատակցութեամբ) «Համայնապատկեր հանրապետական շրջանի իսթանպուլահայ գրականութեան», Իսթանպուլ, 1957։
- (Պերճ Էրզիեանի եւ Հերմոն Արաքսի աշխատակցութեամբ) «Յուշամատեան իսթանպուլահայ վաստակաւոր ուսուցիչներու», Իսթանպուլ, 1968[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Կարօ Աբրահամեան, Ժամանակակակից իսթանպուլահայ գրողներ, հ. Ա (խմբ. Պէպօ Սիմոնեան), Անթիլիաս, «Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ», 2004։