Վահրամ Փոթուգեան

Վահրամ Փոթուգեան (1895, Սեբաստիա - 13 Յունուար 1938, Պէյրութ), հայ բժիշկ:

Վահրամ Փօթուգեան
Ծնած է 1895
Ծննդավայր Սեբաստիա
Մահացած է 13 Յունուար 1938
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Մասնագիտութիւն Բժիշկ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Փոթուգեան ծնած է 1895-ին, Սեբաստիա։ Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրին Արամեան ազգ. վարժարանը, զոր վերջացուցած է 1911-ին։ 1913-ին շրջանաւարտ Թոքատի Յիսուսեան Հայրերու դպրոցէն եւ նոյն տարին իսկ անցած է Պէյրութ ու մտած Ֆրանսական Բժշկական Համալսարանը։ Առաջին Ընդհ. Պատերազմին Թրք. բանակ կ'առնուի որպէս բժիշկ սպայ, նախ քան այս Թրք. կառավարութեան կողմէ երեք ամիս կը բանտարկուի Պէյրութ։ Ապա կը ղրկուի Դամասկոս զինուորական բժիշկի պաշտօնով։

Զինադադարին կու վերադառնայ Պէյրութ, ուր կը շարունակէ իր ուսումը, եւ 1922-ին շրջանաւարտ կ'ըլլայ որպէս ներքին հիւանդութեանց մասնագէտ։ Կը մահանայ Պէյրութ, 13 Յունուար 1938-ին։

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Ան ունեցած է հանրային գործունէութիւն, մաս կազմելով բազմաթիւ մարմիններու։ Եղած է հոգաբարձու, Գաւառականի անդամ, Պէյրութի Քաղաքապետարանի անդամ, գործունեայ կուսակցական (Դաշնակցական), Սեբաստիոյ Հայրենակցական Միութեան վարչական, եւ վերջապէս Հայ Ճեմարանի արտօնատէր-տնօրէն մինչեւ իր մահը։

Իր հանրային ու ազգային օգտաշատ գործունէութեան ընթացքին, ըլլա՛յ Դամասկոսի մէջ՝ տարագրութենէն վերջ եւ ըլլայ Պէյրութի մէջ, հանգուցեալը որպէս բժիշկ, կուսակցական եւ հանրային մարդ՝ ամէնուն կողմէ սիրուած ու յարգուած, գործունեայ, համեստ ու բացառիկ կարողութիւններով անձ մը կը ճանչցուի թէ՛ ազգային եւ թէ օտար շրջանակներու կողմէ:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ, «Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի», Պէյրութ, «Լիբանահայ նախապատերազմեան (1914) գաղութի հրատարակչական յանձնախումբ», 1981, էջ 563։