Վաղարշակ Սրուանձտեան

Հայ երգահան եւ բանահաւաք։

Վաղարշակ Սրուանձտեան (1891, Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 16 Ապրիլ 1958(1958-04-16), Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ երգահան եւ բանահաւաք[1]։

Վաղարշակ Սրուանձտեան
Ծնած է 1891
Ծննդավայր Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 16 Ապրիլ 1958(1958-04-16)
Մահուան վայր Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մասնագիտութիւն երաժիշտ

Անուանի ազգագրագէտ Գարեգին Սրուանձտեանի ազգականն է, Կոմիտասի՝ աշակերտը։

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնածէ Թաւրիզ։ Սուլթան Համիտի հալածանքի տարիներուն արտաքսուած է Պուրսա, ուր ուսանած է Ֆրէրներու գոլէճին մէջ։ Ինըտարեկանին Վաղարշակ ֆլիւթ նուագած է ուսանողական հոգեւոր նուագախումբի մը մէջ։

1910-ին մեկնած է Կ. Պոլիս եւ ուսանած Կոմիտասի մօտ։

1920-ին, ընկերներու հետ մեկնած է Փարիզ՝ ուսումը շարունակելու, ապա՝ ԱՄՆ՝ հաստատուելով Ֆրեզնօ քաղաքը[1]։

Կոմիտասի օրինակով, ան նոյնպէս զբաղած է ազգագրութեամբ, բանահաւաքութեամբ եւ երաժշտահանական գործունէութեամբ։ Պահպանուած եւ մեզի հասած են Փարիզ եւ այլուր տպագրուած անոր երգերն ու սիրերգերը։

Կեանքի վերջաւորութեան ան յօրինած է իր լաւագոյն ստեղծագործութիւնը՝«Հայկական սիմֆոնիան»։

Ան իր մահկանացուն կնքած է Ֆրեզնօ՝1958-ին։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 ««ՀԱՍԿԱՔԱՂ». ՄԻՀՐԱՆ ԹՈՒՄԱՃԱՆԸ՝ ՆՈՐՈՎԻ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2024-08-17 

Աղբիւրներ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։