Վանի Ինքնապաշտպանութիւն (1915)
1915-ի առաջին ամիսներուն սաստկացած հալածանքները կը նեղէին Վասպուրականի հայութիւնը, որ խումբ առ խումբ կու գար Վան քաղաքին մէջ ապաստան գտնելու։ Շրջանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ղեկավարները՝ Արամ Մանուկեան, Իշխան եւ Ա. Վռամեան (որ Վանէն ներկայացուցիչ ընտրուած էր օսմանեան խորհրդարանին) կապի մէջ էին կառավարութեան հետ։ Վասպուրականի նահանգապէտ Թահսին փաշան բարեացակամվերաբերում ցոյց կու տար հայերուն նկատմամբ։ Ուրեմն, յոյս կար, որ Վանի հայութիւնը պիտի յաջողէր պատերազմի դժուարին օրերը համեմատաբար խաղաղ անցնել։
1915-ի Մարտին, սակայն, Թահսին փաշա ետ կանչուեցաւ եւ Վասպուրականի նոր նահանգապետ նշանակուեցաւ Ճեւտեթ, որ Էնվերի քեռայրն էր։ Ճեւտեթ կը պահանջէր թուրք բանակին համար անմիջապէս կառավարութեան յանձնել դրամ, հագուստ, ուտելիք եւ 4 000 զինուոր իրենց զէնքերով։ Ան կը սպառնար, որ եթէ հրամանը չկատարուի, պիտի կոտորէ Վանի ամբողջ հայութիւնը։ Ապրիլի սկիզբին, Ճեւտեթ սպաննել կու տայ Իշխանը եւ կը ձերբակալէ Վռամեանը։ Արամ Մանուկեան կը յաջողի ձերբակալութենէ ազատիլ եւ ժողովուրդին ղեկավարութիւնը ստանձնել։
Թուրքերը պաշարած էին Վանի հայկական թաղերը։ Կոտորածը անխուսափելի էր։ Արամ Մանուկեան խորհրդակցութեան կը հրավիրէ երեք կուսակցութիւններու ղեկավարները։ Կ'որոշուի ինքնապաշտպանութեան դիմել: Կը կազմուի Զինուորական Մարմինմը, որուն մաս կը կազմեն Կայծակ Առաքել (դաշնակցական), Պուլկարացի Գրիգոր (դաշնակցական) եւ Արմենակ Եկարեան (նախկին արմենական եւ ապա ռամկավար): 20 Ապրիլին թուրքերը գերի կը վերցնեն Վան մտնել փորձող խումբ մը հայ կիներ եւ կրակի տակ կ'առնեն անոնց օգնութեան եկող հայերը։ Հրացանաձգութիւնը կը սկսի հայկական թաղերու վրայ եւ հայերը ինքնապաշտպանութեան կը դիմեն։
Կռիւը կը տեւէ ամբողջ ամիս մը։ Արամ Մանուկեան կը դառնայ ինքնապաշտպանութեան ոգին եւ ղեկավարը։ 19 Մայիսին Վան կը մտնէ առաջին հայ կամաւորական խումբը՝ Դաշնակցական Խեչոյի ղեկավարութեամբ։ Նոյն օրը կը հասնի նաեւ երկրորդ կամաւորական խումբը՝ Դրոյի գլխաւորթութեամբ։ Յաջորդ առտու վերջապէս կը մտնէ ռուսական զօրաբաժինը։ Թուրքերը փախուստի կը դիմեն, ճամբուն վրայ կոտորելով շրջակայ գիւղերու հայ բնակիչները։ Վանը կ'ազատագրուի: Ռուս հրամանատարին հաւանութեամբ, նահանգապետ կը կարգուի Արամ Մանուկեան, որ կը սկսի հիմը դնել ինքնավար Վասպուրականի վարչական կառոյցին։
Վանի ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ աշխատող ամերիկացիներու վկայութիւններուն վրայ հիմնուած, դեսպան Մորկընթաու կը գրէ, թէ Վանի դէպքերը ինքնապաշտպանութիւն էին եւ ոչ «ըմբոստութիւն, յեղափոխութիւն կամ դաւադրութիւն»: Սակայն կ'ըսէ, թէ ամէն անգամ, երբ ինք Թալէաթին կը դիմէր ի նպաստ հայերուն, վերջինս այդ «յեղափոխութիւն»ն ու «դաւադրութիւն»ը կը յիշեցնէր անոր:
Վանի ազատութիւնը կը տեւէ 70 օր միայն: Ռուս բանակը «ռազմագիտական» հաշիւներով նահանջի հրաման կը ստանայ։ Եւ Վանի շրջաններէն 200 000 հայութիւն, թրքական կոտորածներէն խուսափելու համար, կը նահանջէ ռուսերուն հետ։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Դատ, 11րդ Դասարան, Հեղինակ՝ Ռուբինա Փիրումեան, էջ 66-67