Վարազդատ Ղազանչեան
Վարազդատ Ղազանչեան |
---|
Վարազդատ Ղազանչեան (), հայ վիրաբոյժ-ատամնաբոյժ։ Կազմողական վիրաբուժութեան հայր։ Կազմողական վիրաբոյժներու ամերիկեան ընկերակցութեան նախագահ։
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելԾնած է Երզնկա։ 12 տարեկանին կորսնցուցած է հօրն ու ստիպուած եղած է աշխատելու` ընտանիքին օգնելու համար:
15 տարեկանին փախչած է համիտեան ջարդերէն եւ ապաստան գտած Մարսէլի մէջ, կարճ ժամանակ անց տեղափոխուած է Նիւ Եորք, այդտեղէն ալ` Կեդրոնական Մասաչուսէթս:
Գոյատեւելու համար Վարազդատ աշխատած է տարբեր գործարաններու մէջ, իբրեւ բանուոր:
Ծանր աշխատանքը չէ խանգարած զինք զբաղելու ինքնակրթութեամբ: Ան երեկոյեան դպրոց յաճախած է, անցած է անգլերէնի մասնաւոր դասեր:
Քանի մը տարի անց տեղափոխուած է Պոսթըն եւ ընդունուած է Հարվըրտի Ատամնաբուժական դպրոց: Կարճ ժամանակուան մէջ Ղազանչեան յաջողած է տաղանդաւոր ուսանողի համբաւ ձեռք բերել եւ աշխատանքի անցնիլ Հարվըրտի մէջ սկիզբը իբրեւ օգնական, այնուհետեւ 1915-ին դարձած է Հարվըրտի գլխաւոր ատամնաբոյժը:
Գործունէութիւն
ԽմբագրելԱռաջին աշխարհամարտի տարիներուն, ան ամերիկացի բժիշկներու խումբի կազմի մը հետ մեկնած է Ֆրանսա` պատերազմի հետեւանքով վիրաւոր զինուորներուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար: Այդ տարիներուն Ղազանչեան սկսաած է համատեղել արհեստական ատամներու ու դիմածնօտային վերականգնողական եւ կազմողական վիրահատութիւնները:
Ան դարձած է դաշնակիցներու բանակի ամենաճանչցուած վիրաբոյժը: Ֆելտմարշալ սըր Ճոն Ֆրենչը բարձր գնահատած է անոր ծառայութիւնը եւ այդ փաստաթուղթն անձամբ Ուինսթըն Չերչըլը ստորագրած է:
Ղազանչեան Եւրոպայի մէջ ծառայութիւնը շարունակած է մինչեւ 1918 եւ իր օգնականին հետ միասին Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն իրականացուցած է գրեթէ 3000 դիմածնօտային վիրահատութիւններ․ զինք անուանած են Արեւմտեան ճակատի «հրաշագործ (վունտեր) բժիշկ»:
Բժիշկ Ղազանչեան շարունակած է իր բժշկական ուսումնասիրութիւնները Հարվըրտի մէջ: Յայտնի բժիշկ Մարտին Տէրանեան Վարազդատ Ղազանչեանի մասին գիրք գրած է` վերնագրելով «Արեւմտեան ճակատի հրաշագործը». իր յիշողութիւններուն մէջ ան գրած է, որ Ղազանչեան պարզապէս սովորական ուսանող էր մինչեւ այն օրը, երբ բրիտանացի երկու անուանի վիրաբոյժներ եկան Հարվըրտ, փորձի փոխանակման, ինչպէս հիմա կ’ըսեն` սեմինարի, որուն ընթացքին ցուցադրեցին նաեւ իրենց կողմէ կիրառուող բժշկական նորարարական մեթոտները․
«Երբ անոնք հանդիսատեսի շարքերուն նկատեցին Ղազանչեանը, բառին բուն իմաստով նետուեցան անոր վրայ եւ քաշեցին բեմ` ըսելով, որ այն տեխնիկան, որ հէնց նոր ցուցադրեցին, իրենց սորվեցուցած է բժիշկ Ղազանչեանը: Այդ օրուընէ ան Հարվըրտի մէջ հերոս դարձաւ»
1940-ին ան ընտրուած է կազմողական վիրաբոյժներու ամերիկեան ընկերակցութեան նախագահ: Իր վայելած հեղինակութեան շնորհիւ Ղազանչեան երկու յայտնի հիւանդ ունեցած է` մէկը օդաչու Ֆրենք Հոուքսը, միւսը` յայտնի հոգեբան Զիգմունտ Ֆրոյտը․ բժիշկ Ղազանչեան յարդարած է քաղցկեղի հետեւանքով վնասուած Ֆրոյտի ծնօտը: Յայտնի հոգեբանը բժիշկին «հրաշագործ» անուանած է:
Բժիշկ Ղազանչեան շարունակած է աշխատիլ մինչեւ 85 տարեկան եւ կեանքէն հեռացած է 1974-ին` 95 տարեկանին:
Գրեթէ 50 աշխատանքային տարիներու ընթացքին իւրաքանչիւր վիրահատութենէ ետք ան հաւաքած է ծնօտի, ոսկորներու գաճաքարէ կրկնօրինակներ. հիմա ամբողջ հաւաքածուն, որ կ’ընդգրկէ գրեթէ 5000 ցուցանմուշ, ներկայացուած է Հարվըրտի համալսարանի Ղազանչեանի անունը կրող սրահին մէջ:
Հայաստանի համար
ԽմբագրելՅաջողութիւններն ու ձեռքբերումները բժիշկ Ղազանչեանին չեն մոռցուցած հայկական ծագումը: 1920-ին ան քաղաքական առաքելութեամբ մեկնած է Ուաշինկթըն` ներկայացնելու Հայաստանը, քանի որ ԱՄՆ կառավարութեան մէջ կը քննարկուէր Հայաստանի Հանրապետութեան տէ ֆակտօ ճանաչման հարցը:
Կոչումներ եւ մրցանակներ
Խմբագրել- 1916-ին՝ հրամանատար մայորի կոչում,
- 1916-ին՝ Սուրբ Միքայէլի եւ Սուրբ Գէորգի շքանշանի ասպետի կոչում,
- 1979-ին՝ Նիլ Ոուէնի մրցանակ, կազմողական եւ վերականգնողական վիրաբուժութեան ոլորտին մէջ[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Արմենիա Sputnik (20190321T1248+0400)։ «Կազմողական վիրաբուժութեան 1-ին փրոֆէսորը. ինչպէ՞ս հայ բժիշկը Հարվըրտի մէջ հռչակաւոր դարձաւ»։ Sputnik Արմենիա (ամհարերեն)։ արտագրուած է՝ 2023-03-22