Վարուժան Վահագնեան

(Վերայղուած է Վարուժան Վահգնեան-էն)

Վարուժան Վահագնեան (ծնած է 1950-ին Գասթամոնուի (Սեւ Ծովեան շրջան) մէջ), բուն անունով՝ Վարուժան Պարըշ։

Վարուժան Վահագնեան
Ծնած է 1950
Ծննդավայր Գասթամոնու, Գասթամոնու, Թուրքիա
Ուսումնավայր Պեզճեան Մայր Վարժարան

Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, եւ ապա Իսթանպուլ՝ Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ։ Շրջանաւարտ է Ս. Խաչ Դպրեվանքէն։ Հետեւած է Իսթանպուլի համալսարանի գրականութեան ճիւղին եւ վկայուած է արուեստի ճիւղէն, իբրեւ աւարտաճառ ներկայացնելով «Istanbul Surlari Icinde Sekiz Ermeni Kilisesi» (Իսթանպուլի պարիսպներէն ներս գտնուող ութ հայկական եկեղեցիներ) ուսումնասիրութիւնը, որ գիտաշխատող Էլմոն Գարօղլու-Հանչչէրի կողմէ հայերէնի վերածուած լոյս տեսաւ "Նոր Սան" պարբերաթերթի յաջորդական համարներուն մէջ։

Գրած է հայերէն եւ թրքերէն բանաստեղծութիւններ, հայերէն բանաստեղծութիւնները լոյս տեսած են "Մարմարա"յի եւ "Նոր Սան"ի մէջ, իսկ թրքերէն բանաստեղծութիւնները ամփոփած է երկու հատորներու մէջ։ Հրատարակուած հայերէն գիրք չունի, սակայն լուսապատճէնուած բազմաթիւ գգրքոյկներ պատրաստած է ոմանք՝ առանց խորագրի։ Ներկայիս կը պաշտօնավարէ գրատան մը մէջ։

Հրատարակուած գործեր

Խմբագրել
  • Suyu Arayan Ates (թրքերէն, բանաստեղծութիւն) - Իսթանպուլ, 1999։
  • Kirmizi Karinca Baslarken (թրքերէն, բանաստեղծութիւն) - Իսթանպուլ, 1999[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Կարօ Աբրահամեան, Ժամանակակակից իսթանպուլահայ գրողներ, հ. Ա (խմբ. Պէպօ Սիմոնեան), Անթիլիաս, «Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ», 2004։