Վեհանոյշ Թեքեան

Վեհանոյշ Թեքեան (ծն.՝ 1948, Պէյրութ), հայ գրող:

Վեհանոյշ Թեքեան
Ծնած է 1948
Ծննդավայր Պէյրութ
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Ուսումնավայր Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Մասնագիտութիւն գրագէտ, բանաստեղծուհի, արձակագիր
Աշխատավայր Սփիւռք?
Բագին
Ամուսին Տոքթ. Մկրտիչ Փանոսեան
Ծնողներ Սարգիս Թեքեան եւ Մարի
Երեխաներ Հայկ եւ Նայիրի

Վեհանոյշ Թեքեան, ծնած է Պէյրութ 1948-ին: Նախական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Հայ Աւետարանակն Գոլէճը, ուրկէ բարձրագոյն ուսման համար անցած է Հայկազեան Գոլէճը։ Ապա յաճախած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը վկայուելով Փիլիսոփայութեան եւ Անգլիական Գրականութեան բաժիններէն։

Հայրս դերձակ էր ձմրան եղանակին, իսկ միւս ամիսները ունէր պանրագործութեան ընդարձակ գործատեղի Լիթանիի ճռնչացող գետի եզրին։ Պատանեկութենէն՝ ճէզուիթներու ամբողջ դպրոցին առաջնութիւնը շահած է տարիներով, ուզեր է բժշկութիւն ուսանիլ, ծնողքը բառացիօրէն պարտադրեր են որ մեծ եղբօր նման դերձակ ըլլայ։ Հօրը հետ երթար պանիր շինէր: Չորս լեզու կը խօսէր։ Մայրս բժշկութեան առաջին տարուան արձանագրուած էր, «գլուխը տարեր են» ազգականները որ ասանկ բախտ չի ներկայանար, եւ ուրեմն վէճը չշարունակուելու համար խաղաղատենչ մայրս ամուսնացեր է. տասնութ տարեկան։
- Վեհանոյշ Թեքեան


Հայսքուլէն հազիւ շրջանաւարտ՝ աշխատակցեցայ Սիրան Սեզայի «Երիտասարդ Հայուհի»ին։ Սիրան պիտի մեկնէր Պոլիս, իր եղբօր՝ Մատթէոս Զարիֆեանի գերեզմանին շիրմաքար զետեղելու. խնդրեց որ «Երիտասարդ Հայուհի»ի այդ ամսուայ թիւը սրբագրէի։ Ճակատագրական եղաւ Տպարան Սեւան ուղղուիլս. Սիմոն Սիմոնեան հրաւիրեց որ Սփիւռքին ալ աշխատակցիմ Գորովն ու գնահատանքը զոր Սիմոնեան կը տածէր նոր գրողներու նկատմամբ բարեբեր դարձուցին հողը, ծնաւ Սփիւռք-Գարունը. մենք կոչուեցանք Գարունականներ։ 1967-1978 յաւերժահմայ Սփիւռքի մէջ էի։
- Վեհանոյշ Թեքեան


Վեհանոյշ Թէքէան գրել սկսած է շատ կանուխ, իր դպրոցական օրերէն իսկ։ Գրել սկսած է «Սփիւռք»ի մէջ, ապա աշխատակցած է «Բազին»ի, «Ազդակ»ի եւն:

1969ին Սիմոնեանի պնդումով եւ Գուրգէն Մահարիի խմբագրութեամբ ու յառաջաբանով, ինչպէս նաեւ Արմենակ Օհանեանի ինքնակամ մեկենասութեամբ հրատարակուեցաւ «Կապոյտ Ապրիլ» գիրքը։

Ցարդ ունի հրատարակած 11 հատոր գիրք: Իր առաջին գիրքին՝ «Կապոյտ Ապրիլ»ի նախաբանը գրած է Գուրգէն Մահարին։

Հետաքրքրականը այն է նաեւ, որ առաջին հատորի ներածականին մէջ, Գուրգէն Մահարի իր սովորական սրամտութեամբ բանաստեղծուհիին անունին վրայ բառախաղ մը կատարելով կ’ըսէր. «ե՛ւ վեհ, ե՛ւ անո՞յշ ... Քիչ մը շատ չէ՞: Թող վեհ լինի Թեքեանի ճանապարհը: Իսկական բանաստեղծի ճանապարհը միշտ վեհ է եղել, գալով «անոյշ»ին .... Ո՞ր բանաստեղծի ճանապարհը անուշ է եղել» (Կապոյտ Ապրիլ, «Մուտք», էջ 7): Մահարի իր կեանքի դառն փորձով գիտէր, որ բանաստեղծի ճակատը յաճախ պիտի զարդարուի ... փշապսակով:


Վեհանոյշ է նաեւ Լիբանանահայ երիտասարդ սերունդի տաղանդաւոր ասմունքողներէն։ Անհատական ասմունքի երեկոյ մը ունեցաւ 1969-ին եւ իր ասմունքողի բաժինը բերած է զանազան գեղարուեստական հանդէսներու։

1979-էն ի վեր հաստատուած է Նիւ Ճըրզի[1]:

1992-էն ի վեր անդամ է Հայաստանի Գրողների Միութեան։ Գրական մրցանակներու կողքին՝ 2012-ին պարգեւատրուած է Մովսէս Խորենացի շքանշանով։

1995-ին Մ. Աբեղեանի անուան Գրականութեան Ինստիտուտի մէջ պաշտպանած է իր տոքթորայի աւարտաճառը։

  • Կապոյտ Ապրիլ (բանաստեղծութիւններ), 1969, Պէյրութ, Լիբանան
  • Ոստրէ (բանաստեղծութիւններ), 1974, Պէյրութ, Լիբանան
  • Ճեղքուած մանրանկար (պատմուածքներ), 1977, Պէյրութ, Լիբանան
  • Կիզակէտ (բանաստեղծութիւններ), 1978, Պէյրութ, Լիբանան
  • Նշանագիր (արձակ եւ բանաստեղծութիւն), 1987, Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ
  • Բազմածուփ աշխարհ (բանաստեղծութիւններ), 1993, Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ
  • Տոհմածառ (պատմուածքներ), 1997, Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ
  • Սնունդ եւ անդունդ (բանաստեղծութիւններ), 2000, Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ
  • Հրագիր (քերթուածներու ընտրանի), 2000, Երեւան, Հայաստան
  • Խօսող լերան պատմութիւնը (գրավերլուծումներ), 2015, Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ
  • Աղօթքներ ուռկանի մէջ (բանաստեղծութիւններ), 2015, Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։