Վրացական-թրքական Յարաբերութիւններ
Վրաց-թրքական յարաբերութիւններ , միջազգային յարաբերութիւններ Վրաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ։ 16 Դեկտեմբեր 1991-ին Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք, Թուրքիա կը ճանչնայ Վրաստանի անկախութիւնը։ «Դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին համաձայնագիրը» երկու երկիրներու միջեւ կնքուած է 21 Մայիս 1992-ին։ «Ազատ առեւտուրի համաձայնագիրը» մինչեւ այսօր ուժի մէջ է։ Վրաստան դեսպանատուն ունի Անգարայի մէջ[1], երկու հիւպատոսութիւն Պոլսոյ եւ Տրապիզոնի մէջ։ Թուրքիա դեսպանատուն ունի Թիֆլիսի մէջ[2] եւ մէկ հիւպատոսութիւն ՝Պաթումի մէջ։ Երկու երկիրներն ալ Եւրոպական Խորհուրդի, ԵԱՀԿ, Պլեքսիֆորի, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան, Առեւտուրի Համաշխարհային Կազմակերպութեան անդամ են։ Թուրքիա արդէն ՆԱՏՕ-ի անդամ է, մինչդեռ Վրաստան տակաւին թեկնածու է։
Թուրքիա | Վրաստան |