Տանիէլ Տեքըր, փորթօ ռիքոցի երաժիշտ եւ երգահան։

Տանիէլ Տեքըր
Ծննդավայր Փորթօ Ռիքօ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
 Հայաստան
Ուսումնավայր Crane School of Music?
Տեսակ փոփ երաժշտութիւն
Մասնագիտութիւն երգահան, երգիչ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Համագործակցեր է Արա Գէորգեանի հետ, մասնակցեր Սարդարապատի համերգին, գրեր եւ կատարեր է «Ատանա» երգի անգլերէն բառերը։ Արա Գէորգեանի հետ մասնակցեր է համերգային շրջագայութիւններու Աւստրալիոյ, Միացեալ Նահանգներու շարք մը քաղաքներուն մէջ, եւ Սուրիա:

2005 թուականին Տանիէլ Տեքըրը Հայաստանի կողմէն պաշտօնապէս հրաւիրուեր է Երեւան՝ երգելու «Ատանա»ն Ցեղասպանութեան 90-րդ տարելիցին նուիրուած համերգի ժամանակ։

2010 թուականին թողարկեր է «Հայ եմ իմ ընտրութեամբ» ձայնասկաւառակը, որուն շնորհանդէսը տեղի ունեցեր է Նարեկացի արուեստի միութեան մէջ[1]: Ձայնասկաւառակին մէջ ընդգրկուած է 13 երգ՝ «Կիլիկիա», «Տլե Եաման», «Մարտիկի երգը», «Սիրոյ գիշեր», «Ախր ես ինչպէս», «Աղջկայ երգը», «Հայոց աշխարհ», «Ատանա» երգի անգլերէն տարբերակը եւ այլն։ Զուգերգեր կատարեր է երգչուհիներ Լեյլա Սարիբեկեանի, Քրիսթինէ Փեփելեանի, Շուշան Պետրոսեանի, Աննա Խաչատրեանի հետ։ 2010 եւ 2016 թուականներուն Արամ Խաչատրեանի անուան մեծ համերգասրահին մէջ տեղի ունեցեր է Տանիէլ Տեքըրի համերգը[2][3], 2017 թուականին «Իմ Արցախ» նախագիծի համերգովելոյթ ունեցեր է Շուշիի մէջ[4]:

Տանիէլ Տեքըրը` Հայաստան այցի եւ հայերուն սատարելու մասին Խմբագրել

Արցախի մէջ 2020 Սեպտետբեր 27-ին սկսած պատերազմի, Հայաստանի ծանր իրադարձութիւններու մասին իր զօրակցութիւնը յայտնելով ըսած է.-

  Կ'ուզեմ վերադառնալ Արցախ, քալել Շուշիի մէջ. Ես հզօր մարդ չեմ, ես բանակ չունիմ, ես ուղղակի մարդ եմ, բայց կը կարծեմ, որ պէտք էր գալ Հայաստան ու ըսել, որ ձեզի հետ եմ ու կ'աջակցիմ ձեզի, որ անհրաժեշտ է ուժեղ ըլլալ: Հիմա տխրութիւն եւ զայրոյթ կը զգամ: Կը ցաւիմ այն զինուորներուն համար, որոնք զոհուեր են, ընտանիքներուն համար, որոնց տուները աւերուեր են: Շուշին, ուր 2017-ին երգեր եմ, թիրախաւորուեր է: Կը զայրանամ այն բարբարոսութիւններէն, որոնք կ'իրականացուին, բայց, կը կարծեմ, որ անհրաժեշտ է կռուիլ ու յաղթել, պաշտպանել Հայաստանն ու Արցախը: Եթէ ցանկութիւն ունին անկախանալ, պէտք է անկախանան: Ես հպարտ եմ, որ եղեր եմ Արցախ, կը ցանկամ վերադառնալ հոն, քալել Շուշիի, Ստեփանակերտի եւ այլ քաղաքներուն մէջ[5]:
- Տանիէլ Տեքըր 17 Հոկտեմբեր 2020
 


Մեջբերումներ Տանիէլ Տեքըրէն Խմբագրել

  «Ես անչափ ուրախ ու հպարտ եմ, որ կը գտնուիմ Արցախ եւ կ՝երգեմ արցախցիներուն համար` արժանանալով նման ջերմ ընդունելութեան: Այստեղ եմ, որ քաջալերեմ արցախցիները եւ ցոյց տամ, որ մենք միշտ կանգնած ենք ձեր թիկունքին: Հայոց պատմութիւնը ուսումնասիրելով` տեղեկացայ սարսափելի իրադարձութեան` Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ որոշեցի, որ ես անպայման պիտի երգեմ «Ատանա» երգը: Ես կը հասկնամ երգերուս իմաստը, եւ այդ է, որ ինծի կը ստիպէ երգել սրտիս խորքէն: Ի հարկէ, ես ամէնուր կը խօսիմ ե՛ւ Ցեղասպանութեան, ե՛ւ Արցախի խնդիրին մասին եւ կոչ կ'ընեմ աշխարհի բոլոր հայերուն, որպէսզի միաւորուած ըլլան», ըսած է Տեքըր[6]:
- Տանիէլ Տեքըր, Սեպտեմբեր 3 2017 Շուշի
 


  «Հայաստան կատարած իմ այցելութեան առաջին նպատակը ղարաբաղեան զարգացումներու այս օրերուն հայ ժողովուրդի կողքին ըլլան ու իմ աջակցութիւնս յայտնելն է: Ես Հայաստան այցելած եմ 15 անգամ եւ արդէն Հայաստանի քաղաքացի եմ: Այսպիսով, ես կ՛ուզեմ ամէն ինչ ընել՝ աջակցելու հայ ժողովուրդին, իմ ժողովուրդիս[7]:
- Տանիէլ Տեքըր
 

Պարգեւներ Խմբագրել

  • Ֆրիտիոֆ Նանսենի անուան շքանշան
  • Գրիգոր Նարեկացի յուշամետալ, 2016[8]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Տանիէլ Տեքըր «Հայ եմ իմ ընտրութեամբ»
  2. Տանիէլ Տեքըր, Հայ երգչուհիները երգեցին ամերիկացի երգիչին հետ
  3. «Տանիէլ Տեքըրեան. «Ես հայ եմ իմ ընտրութեամբ»»։ kamartert.am։ արտագրուած է՝ 2016-10-17 [permanent dead link]
  4. «Շուշիին մէջ տեղի ունեցեր է Տանիէլ Տեքըրի համերգային երեկոն (լուսանկարներ)»։ artsakhpress.am։ արտագրուած է՝ 2017-09-06 
  5. |Կ'ուզեմ վերադառնալ Արցախ, քալել Շուշիի մէջ. Տանիէլ Տեքըրը` Հայաստան այցի եւ հայերուն սատարելու մասին
  6. «Իմ Արցախ» Նախագիծով Տանիէլ Տեքըր Շուշիի Մէջ Համերգ Ունեցաւ
  7. «Ես Կ՛ուզեմ Ամէն Ինչ Ընել՝ Աջակցելու Հայ Ժողովուրդին, Իմ Ժողովուրդիս». Տեքըր
  8. Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի համար երգիչ-երգահան Տանիէլ Տեքըրը պարգեւատրուեր է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան «Գրիգոր Նարեկացի» յուշամետալով

Արտաքին յղումներ Խմբագրել