Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութիւն
Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութիւն, հիմնուած է 1917-ին, միութեան երդիքին տակ համախմբուած են գլխաւորաբար սասունցիներու շառաւիղները, բայց նաեւ` մշեցիներ, պիթլիսցիներ, խնուսցիներ, ախլաթցիներ, մանազկերտցիներ, սղերդցիներ, պշերիկցիներ[1]:
Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութիւն | |
---|---|
Տեսակ | ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն |
Երկիր | Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Հիմնադրուած | 1917 |
Պատմութիւն
ԽմբագրելՄիութիւնը հիմնուած է 1917-ին, Միացեալ Նահանգներու Կրանիթ Սիթի քաղաքին մէջ (Իլինոյ նահանգ): Հիմնադիրներ` Արիս Տէր Իսրայէլեան (Էջմիածնայ Գէորգեան ճեմարանի երբեմնի ուսանողներէն), Հայկ Մալոյեան եւ Հրանդ Փարիզեան, երեքն ալ` Եղեռնէն առաջ Ամերիկա գաղթած տարօնցիներ, նախաձեռնողներն ու բուն հիմնադիրները կը նկատուին այս միութեան:
Երկու տարի ետք, 1919-ին, Էքրըն քաղաքին մէջ (Օհայօ նահանգ) գումարուած է նորակազմ միութեան Ա. Պատգամաւորական ժողովը, եւ որ մշակած ու վաւերացուցած է հայրենակցական այս մարմինին ծրագիր-կանոնագիրը[2], ընտրած է կեդրոնական վարչութիւն` Ֆրեզնոն նստավայր յայտարարելով:
Հետզհետէ մասնաճիւղեր սկսած են կազմուիլ Ամերիկայի հայաշատ նահանգներուն մէջ ու Քանատա, նաեւ` Լիբանան, Սուրիա, Իրան, Պուլկարիա, Յունաստան ու Ֆրանսա:
Միութեան զինանշանը
ԽմբագրելՏարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան զինանշանը մտայղացուած է 30-ական թուականներուն:
Հոն կը տեսնենք Տարօնի թեւաբաց արծիւը` ժայռէ բարձրադիր պատուանդանի մը վրայ կանգնած: Մագիլներուն մէջ ունի ուղղահայեաց մերկ սուր մը, որուն բռնակոթին տակ ամրօրէն սեղմած է օձի մը մարմինը` զայն երկուքի բաժնելէ ետք:
Իսկ պատուանդանին վրայ գրաբարով արձանագրուած է դարերու խորքէն եկող «Մամիկոնէից ուխտ»-ը.
«Քաջութեամբ մեռցուք ի վերայ աշխարհիս մեր եւ ի վերայ ազգիս մեր, եւ մի տեսցեն աչք մեր կոխան ոտից պղծալից լեալ զսրբարանս մեր» (թարգմանութիւնը` քաջութեամբ մեռնինք մեր աշխարհին ու մեր ազգին համար, եւ թող մեր աչքերը չտեսնեն մեր սրբարաններուն ոտնակոխ ըլլալն ու պղծուիլը)[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 «Տարօն Եւ Տարօնցիք (Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութեան 100-ամեակին Առիթով – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2023-01-19
- ↑ Միութիւն Տարօն Տուրուբերան Հայրենակցական (1954)։ Ծրագիր-կանոնագիր Տարօն-Տուրուբերան հայրենակցական միութեան։ "Asparēz"-i tp.