Տօնապետ Լիւլէճեան

Տօնապետ Լիւլէճեան (1875, Խարբերդ - 1917, Կարին), մանկավարժ, խմբագիր հրապարակախօս։

Տօնապետ Լիւլէճեան
Ծնած է 1875
Ծննդավայր Խարբերդ
Մահացած է 1917
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ուսումնավայր Եէյլի համալսարան
Քոռնելի Համալսարան
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ, հրապարակախօս, թարգմանիչ
Աշխատավայր Մանկավարժ, խմբագիր

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Տօնապետ Լիւլէճեան ծնած է Խարբերդ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Խարբերդի մէջ, հետագային տեղափոխուած է Եփրատ եւ ուսանած է տեղի Քոլէճին մէջ։ 1991 թուականին տեղափոխուած է ԱՄՆ եւ ուսանած Եէյլի եւ Քոռնելի համալսարաններուն մէջ։ 1912 թուականին վերադարձած է Խարբերդ եւ աշխատանքի անցած Եփրատի Քոլէճէն ներս, իբրեւ փրոֆեսոր։ Եղեռնի օրերուն ձերբակալուած ու ենթարկուած է աննկարագրելի տանջանքներու, ձեւով մը Կարին հասնելէ ետք մահացած է՝ ռուսական հիւանդանոցին մէջ։

Գործունէութիւն Խմբագրել

Աշխատակցած է «Արեւելեան Մամուլ», «Մանզումէի էֆքայր», «Կոչնակ» եւ այլ պարբերակններուն, իր ստորագրութեամբ կամ Բագրատ ծածկանունով։ Թարգմանած է Լոնկաֆելլոյի «Իճանճել»ին: 1955-ին Ֆրեզնo մէջ հրատարակուած է անոր գրական երկերը պարունակող «Հասկաքաղ Գրական Վաստակին» գիրքը, որ բաղկացած է 691 էջէ։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • «Եղեռնազոհ Գրողներ» հանրագիտական անթոլոկիա (ծաղկաքաղ), «Անտարես», 2015:

Արտաքին Յղումներ Խմբագրել