Տօնացոյց
Տօնացոյց, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ տօներու մասին ցուցմունքներ պարունակող ծիսամատեան, տօներու օրացուցային կարգի եւ արարողութիւններու կատարման ուղեցոյց, ուր արձանագրուած է իւրաքանչիւր օրուան ներքին ծիսակարգը՝ իր յատուկ հերթագայութեամբ եւ կատարման համար սահմանուած ընթերցումներով (Աստուածաշունչ, քարոզ, աղօթք, շարական եւ այլն)։
Ստեղծումը
Խմբագրել- Ըստ աւանդութեան, Հայ եկեղեցւոյ տօներու կարգաւորութեան պաշտօնական հիմնադիրը Գրիգոր Ա. Լուսաւորիչն է։
- Այդ գործին մեծապէս նպաստած է Սահակ Ա. Պարթեւը։ Մասնաւորաբար հայկական Տօնացոյցին յատուկ եօթնեակ ձեւը (երբ Ս. Զատկուան շարժականութեամբ թելադրուած՝ շարք մը տօներ՝ եօթ օրուան տատանումով կը նշուին) կը կապուի անոր անուան հետ։
- Տօնացոյցին կազմաւորման գործին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Գիւտ Ա. Արահեզացի եւ Յովհաննէս Մանդակունի կաթողիկոսները։
- Յովհաննէս Գ. Օձնեցին կանոնակարգած է Ս. Ծննդեան չորս մեծ տօները՝ իբրեւ նախատօնակ։
- Ներսէս Շնորհալին սահմանած է Հոգեգալուստը՝ եօթ եւ Վերափոխումը՝ ինն օր տօնախմբելու կարգը։
- Տօնացոյցը խմբագրած եւ վերստին ստուգաբանած է Գէորգ Լամբրոնացին (ԺԳ. դար)։ Ան Կանոնագիրքէն քաղած վկայութիւններով հաստատագրած է Հայ եկեղեցւոյ տօնական կարգաւորութիւնը։
- Նշանակալից է Սիմէոն Ա. Երեւանցիին մասնակցութիւնը տօնացոյցի կարգաւորման աշխատանքներուն։ Անոր ջանքերով հայ եկեղեցական տօնացոյցը ձեռք բերած է նոր եւ հաստատուն կերպարանք։ Կիրակի օրուան սրբութիւնը պահելու նկատառումով ան Տէրունական եւ Սրբոց տօներու կապակցութեամբ տօնացոյց ներմուծած է 21 օր, հանած է Մեծի պահոց Կիրակիներու մէջ Յարութեան յիշատակումը, մշակած գործածութեան աւելի դիւրին եւ հաստատուն ձեւ մը, որ ցոյց կու տայ 36 տարեգիրքերու համար 22 Մարտէն մինչեւ 25 Ապրիլ տեղի ունեցող Ս. Զատկուան տօնին փոփոխութիւնները։ Սիմէոն Ա. Երեւանցիին տօնացոյցը կը կիրարկուի ցայսօր։
- Ըստ տօնացոյցին՝ Հայ եկեղեցին տարին կը բաժնէ երեք տեսակ օրերու՝ տօներու, սրբոց օրերու եւ ապաշխարութեան կամ պահոց օրերու։