Փաթրիք Պապումեան

Փաթրիք Պապումեան (գերմաներէն՝ Patrik Babumian, 1 Յուլիս 1979(1979-07-01), Ապատան, Խուզեսթան, Իրան), ծանրաբարձ, 2011-ին գերաններու բարձրացումով ծանրաբարձութեան մրցանիշ հաստատած է Գերմանիոյ մէջ, արժանանալով «ամենաուժեղ մարդ» կոչման:

Փաթրիք Պապումեան
պարս․՝ پاتریک بابومیان
Ծնած է 1 Յուլիս 1979(1979-07-01) (45 տարեկան)
Ծննդավայր Ապատան, Խուզեսթան, Իրան
Քաղաքացիութիւն  Գերմանիա
 Իրան
Մասնագիտութիւն ծանրաբարձ, հոգեբան, strongman
Կայքէջ armenian-viking.com

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Փաթրիք Պապումեան ծնած է Իրան, հայ ընտանիքէ ներս։ Ան եօթը տարեկանին մօր եւ մեծ մօր հետ միասին կը փոխադրուի Գերմանիա, ուր 15 տարեկանէն կը սկսի «քուլթուրիզմ»ով զբաղելու։ Գերմանիոյ մէջ կը նուիրուի արհեստավարժ ուժային մարզախաղի: 2013 թուականին իր ուսերուն վրայ 555 քիլօ ծանրութեամբ 10 մեթր քալելով կը կոտրէ աշխարհի մրցանիշը[1][2][3][4]:

Ան Ծանրաբարձութեան մրցանիշ կը հաստատէ Գերմանիոյ մէջ, արժանանալով «ամենաուժեղ մարդ» կոչման[5]։ Պապումեան աշխարհի մրցանշակիրն է այս ասպարէզէն ներս (165 քկ.) եւ կը նախատեսէ յաղթանակ տանիլ նաեւ «Աշխարհի ամէնէն ուժեղ մարդ» մրցումին մէջ։ Ան նաեւ 140 քկ. դասաւորման մէջ «քուլթուրիզմ»ի 2012-ի Եւրոպայի ախոյեան է։ Փաթրիք Պապումեան հայերու մասին կ՛ըսէ.

  Ես միշտ այն կարծիքն ունեցած եմ որ հայեր առանձնապէս պինդ մարդիկ են, իսկ ծանրաբարձութեան, «քուլթուրիզմ»ի կամ բազկամարտի պէս պահանջկոտ մարզաձեւերու մէջ յաջողելու համար հարկաւոր է նաեւ մեծ ու խիզախ սիրտ ունենալ։  


2011-էն ի վեր ան բուսակեր կը դառնայ եւ կը հրաժարի միսէ եւ ամէն տեսակ անասնական սնունդէ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել