Փարա-Ողիմպիական Խաղեր

Փարա-Ողիմպիական Խաղեր, մարզանքի միջազգային մրցաշարքեր, որոնց կը մասնակցին ֆիզիքական կամ մտային դժուարութիւններ կամ տկարութիւններ ունեցողները:[1][2]

Փարա-Ողիմպիական Խաղերու նշանակը

Այս մրցաշարքը միշտ տեղի կ'ունենայ Ողիմպիական խաղերէն ետք:

Կարգ մը մարզաձեւեր յարմարցուած են ֆիզիքական դժուարութիւններ ունեցող մարզիկներուն, ինչպէս` շրջուն անուասայլով խաղցուող կողովագնդակը կամ նստած խաղցուող արկագունդը: Ուրիշ մարզաձեւեր կազմակերպուած են տեսողութեան դժուարութիւններ ունեցողներուն համար, ինչպէս` առաջնորդի մը ընկերակցութեամբ կոլպոլը կամ դահոյկը:

Երեք մարզաձեւերուն` աթլէթիզմի, լողի եւ փինկ փոնկի կրնան մասնակցիլ նաեւ մտային դժուարութիւններ ունեցող մարզիկներ:

Նպատակ

Խմբագրել
 
Լուտուիկ Կաթմէն

Լոնտոնէն բժիշկ մը՝ Լուտուիկ Կաթմէն յղացած է գաղափարը 1948-ին կազմակերպելու մրցաշարքեր, պատերազմին վիրաւորուած իր հիւանդներուն համար: Այս մրցաշարքերուն մասնակցիլը անոնց կարելիութիւն պիտի տար մարզանք ընելու, բան մը, որ անհրաժեշտ է անոնց դարմանման ընթացքին, միաժամանակ լաւ ժամանակ անցընելու:

Այս խաղերը առաջին անգամ ըլլալով կը միանան Ողիմպիական խաղերուն 1960 թուականին: Այդ թուականէն սկսեալ միշտ աւելի մեծ թիւերով մարզիկներ կը մասնակցին: Իսկ 2012-էն սկսեալ, անոնք շատ մեծ յաջողութիւն կը գտնեն նաեւ հանդիսատեսներուն կողմէ եւ լրատուական աշխարհին մէջ:

 
Փարա-Ողիմպիական Խաղերու առաջին նշանակը (1988-1994)

Շնորհիւ Փարա-ողիմպիական խաղերուն, տկարութիւններ ունեցող մարզիկները կրնան իրենց սիրած մարզանքը շարունակել եւ փաստել, որ կրնան բացառիկ իրագործութիւններ կատարել: Սակայն, այս խաղերուն կարեւորութիւնը միայն մարզական չէ. ան առիթն է յատուկ դժուարութիւններ ունեցող անձերը աւելի երեւելի դարձնելու, նաեւ մղելու մարդիկ այս մարզիկներուն նկատմամբ իրենց մօտեցումը փոխելու, զանոնք ընդունելու ու ընկերութեան մէջ անոնց տեղ տալու:

Հետաքրքրական փաստեր

Խմբագրել
  • Կոյրերու ոտնագնդակը աչքերը փակ կը խաղցուին:
  • Հաշմանդամներու անուասայլակով կողովագնդակի խաղ մը կը տեւէ՝ 10 վայրկեան չորս ընդմիջումով,
  • Հաշմանդամներու անուասայլակով խաղցուած եւ պարզ թենիսի խաղերը մէկ տարբեր օրէնք ունին: Խաղը կը խաղցուի պարզ թենիսի խաղի մը նման, մէկ բացառութեամբ. գնդակը կրնայ 1 անգամուան փոխարէն` 2 անգամ ցատկել ցանցին ետեւը:
  • Տեսողութեան տկարութիւն ունեցող մարզիկները կրնան մասնակցիլ վազքի մրցումի մը, որովհետեւ՝ առաջնորդ մը կ'ընկերանայ մարզիկին` գործածելով փոքրիկ կապ մը, որ կ'անցուի երկուքին ձեռքին շուրջ: Անշուշտ, ստիպողական է, որ տեսողութեան դժուարութիւն ունեցող մարզիկը իր առաջնորդէն առաջ անցնի վերջնագիծը:
  • Փարա-ողիմպիական խաղերուն տեղի կ'ունենան Ողիմպիական խաղերուն յայտագիրին մէջ գոյութիւն ունին բոլոր լողերը, քրուալ, պրաս, կռնակ, թիթեռնիկ, ազատ լող եւ չորս լող:
  • Փարա-ողիմպիական լողի մրցումի մը ընթացքին, օգնականը՝ երկար ձողով մը մարզիկի մը գլխուն կը դպչի, օգնելու համար անոնց՝ իրարմէ հեռանալու:
  • Փարա-ողիմպիական ժիւտոն եւ պարզ ժիւտոյին իրարու բռնելու օրէնքները կը տարբերին: Խաղը կը սկսի քումի-քաթայով մը, որ սովորական կառչումն է` մէկ ձեռքը հագուստի թեւին վրայ, միւս ձեռքը մրցակիցին ուսին:
  • Փարա-ողիմպիական թեքուանտոյին միայն մարմինին կեդրոնը հասցուած ոտքի հարուածները արտօնուած են, ուրիշ որեւէ մէկ ոտքի հարուած գլխուն` սխալ կը հաշուըւի:
  • Կոլպոլը տեսողութեան դժուարութիւն ունեցող մարզիկներու յատուկ մարզաձեւ մըն է: Որպէսզի մարզիկները կարենան լսել գնդակին ձայները, անհրաժեշտ է, որ հանդիսատեսները լուռ մնան:
  • Փալ Սզեքերես առաջին անգամ պրոնզ մետալ մը կը շահի 1988-ի Սէուլի Ողիմպիական խաղերուն: Փոխադրակառքի ծանր արկածէ մը ետք ան դարձեալ կը վերադառնայ մարզական վարժութիւններու, սակայն` հաշմանդամի անուասայլակի մը վրայ: 1992-ին ան վերջապէս ոսկի մետալի մը կ'արժանանայ Պարսելոնայի Փարա-ողիմպիական խաղերուն:
  • 2016-ի խաղերուն 83 երկիր արժանացած է նուազագոյնը մէկ ողիմպիական մետալի` լուսարձակի տակ բերելով մարզական ներառական  առիթը, փաստելով անոր համաշխարհային հասողութիւնն ու մարզաձեւերու այլազանութիւնը:
  • Չինաստան արժանացած է ընդամէնը 1024 մետալի, որոնցմէ 434-ը` ոսկի:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել