Փեթրա
Փեթրա (Յորդանան), ժայռերու մէջ փորուած քաղաք մըն է: Քաղաքը իր փառքի գագաթնակէտը ապրած է առաջին դարուն, ժամանակի ընթացքին իր բնակիչներէն պարպուելէ առաջ: Արձանագրուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ։
Բնակավայր | |
---|---|
Փեթրա | |
Երկիր | Յորդանան |
Հիմնադրուած է՝ | ՔԱ800 |
Տարածութիւն | 26 171 հեկտար |
ԲԾՄ | 800±1 մեթր, 1350±1 մեթր |
Պաշտօնական կայքէջ | visitpetra.jo |
Ք. Ա. մօտաւորապէս 8րդ դարու վերջաւորութեան կազմուած այս քաղաքը կ'աճի, մինչեւ որ ան փառքի իր գագաթնակէտին կը հասնի մօտաւորապէս 50 թուականին. այդ թուականին է, որ կը կառուցուին ամէնէն գեղեցիկ տաճարները եւ գերեզմանները:
Փեթրա կը գտնուի Հռոմէական կայսրութեան արեւելքը տանող ճամբաներու խաչմերուկին, ուրկէ կու գային` խունկը, ոսկին, արծաթը, զմուռսը եւ համեմները: Սակայն մօտաւորապէս 8րդ դարուն առեւտուրի ճամբաները փոխուեցան: Կամաց-կամաց Փեթրա դարձաւ մեռած քաղաք մը[1]:
Պատմական ակնարկ
ԽմբագրելՓեթրան իր շրջակայքով բնակուած է նախապատմական ժամանակներէն: Ան կը գտնուի Չինաստանէն եկող Մետաքսի ճամբուն, Հնդկաստանէն եկող Համեմներուն ճամբուն եւ արաբական աշխարհէն եկող ճամբուն վրայ:
Նապաթեցիները Փեթրա հաստատուած են Ք.Ա. 6րդ դարուն: Ք.Ա. 4րդ դարուն քաղաքը կը տարածուի աւելի քան տասը քիլոմեթրի վրայ: Իսկ կ'ենթադրուի, որ 50 թուականին հոն կ'ապրէր քսանէն մինչեւ յիսուն հազար մարդ: Քաղաքը հռոմէացիները կը գրաւեն. ապա, Դ. դարուն կը դառնայ քրիստոնեայ քաղաք:
747 թուականի երկրաշարժէն ետք քաղաքը ամբողջովին լքուած է:
ԺԹրդ դարուն զուիցերիացի մը վերագտած է այս վայրը եւ սկսած է իր շուրջիններուն խօսիլ անոր մասին: Բազմաթիւ հնագէտներ հետաքրքրուած են եւ Փեթրա դարձած է աշխարհահռչակ հնագիտական վայր մը:
Այժմ ան Յորդանանի ամէնէն շատ այցելու ընդունող զբօսաշրջական վայրն է[2]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «ՈՒՐԱԽ ՔՈՍԹԱ ՌԻՔԱՆ - Aztag Daily» (en-US)։ արտագրուած է՝ 2022-01-04
- ↑ «Դէպի Փեթրա»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2015-07-25։ արտագրուած է՝ 2022-01-04