Քարլոս Անթառամեան

Քարլոս Էտուարտոյ Անթառամեան (ծնած՝ 1972, Մեքսիքո), մարդաբան։ Կը զբաղի մեքսիկայի հայկական գաղթավայրի պատմութեան եւ հայութեանը վերաբերող թեմաների հետազօտմամբ։

Քարլոս Էտուարտ Անթառամեան
Ծնած է 1972
Ծննդավայր Մեքսիքա
Քաղաքացիութիւն Մեքսիկացի
Ազգութիւն Մեքսիկահայ
Մասնագիտութիւն մարդաբան
Ծնողներ Էտուարտո Անթառամեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Քարլոս Անթառամեանը ծնած է Մեքսիքայի մէջ՝ Էտուարտո Անթառամեանի եւ Սպանա-Հնդիկ ծագումով մեքսիկուհու ընտանիքի մէջ։ Հայրական մեծ մայրը՝ Վիգտորիան ծնած է Պոլիսի մէջ, մեծ հայրը՝ Կարապետը, ով Մեծ եղեռնի վերապրածներէն է, Խարբերդի Խոշի գիւղի մէջ։

Աւարտած է Մեքսիքոյ Ազգային Համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժինը եւ Մորելիայի մէջ (Միչոական) ուսանած է սոցիալական մարդաբանութիւն։ Թեկնածուական թեզը վերաբերած է հայոց ցեղասպանութեան: Ոգեկոչման արարողութիւններ նկարահանած է Փարիզի մէջ, Պուենոս Այրեսի, Ստամպուլի, եւ Երեւանի մէջ։ Իր աշխատութեամբ ցոյց կու տայ եւ կը վերլուծէ ապրիլ-քսանչորսեան առաջին ոգեկոչումէն (Կոստանդնուպոլիս, 1919) մինչեւ օրս կատարուող յիշատակի հանդէսներու միջեւ առկայ ընդհանրութիւններն ու տարբերութիւնները[1]: Նկարահանած է Մեքսիքայի մէջ հայերու ներկայութեան պատմութեան առնչուող փաստագրական ֆիլմ ( “Los armenios en Mռxico: historia y actualidad”)[2]: Մեքսիքայի մէջ ինկվիզիցիայի արխիւներուն մէջ յայտնաբերած է 1632 թուականին հայազգի Ֆրանսիսքո Մարդինի մեղքերու համար թողութիւն ստանալու գրուած հայերէն փաստաթուղթը։

Մեքսիքայի մէջ հիմնադրած է «Այբբենգիմէ Հրատարակչութիւնը», ուր հրատարակուած է Մեքսիկայի հայերուն վերաբերող «Արարատից Պոպոկատեպետլէ» (2011) գիրքը եւ Համբարձում Չիթճեանի յուշերու սպաներէն թարգմանութիւնը, որ Մեքսիքայի հրատարակուած առաջին գիրքն է, որ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին Յղումներ

Խմբագրել