Քիոլնի Տաճար
Քիոլնի տաճար (գերմաներէն՝ Kölner Dom), դասական գոթական ոճով կառուցուած կաթողիկէ տաճար գերմանական Քիոլն քաղաքին մէջ: Աշխարհի ամենաբարձր եկեղեցիներու շարքին մէջ կը զբաղեցնէ երրորդ հորիզոնականը: Անիկա Համաշխարհային ժառանգութեան առարկայ կը հանդիսանայ:
Քիոլնի տաճարի կառուցումը ընդգրկած է երկու փուլ՝ 1248-1437 թուականները եւ 1842-1880-ական թուականները[1]: Կառուցումէն ետք տաճարը ունեցաւ 157 մետր բարձրութիւն եւ չորս տարի շարունակ եղած է աշխարհի ամենաբարձր շինութիւնը:
Գերմանիոյ ամենաշատ այցելու ունեցող տաճարներէն մէկը կը համարուի: Ամէն օր, միջին տուեալներով, կ'այցելեն շուրջ 20,000 այցելուներ[2]:
Պատմութիւն
ԽմբագրելՆախակարապետ Եկեղեցիներ
ԽմբագրելՏաճարի ներկայիս տարածքը, ամենայն հաւանականութեամբ, թերեւս հռոմէական տիրապետութեան ժամանակ, հանդիսացած է Քիոլնի մէջ բնակող քրիստոնեաներու հոգեւոր-կրօնական կեդրոնը: Քաղաքի հիւսիսային մասին մէջ, հարիւրամեակներու ընթացքին, կառուցուած են մի քանի եկեղեցիներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նախորդին կը գերազանցէր իր չափերով: Այդ եկեղեցիները կը գտնուէին Քիոլնի վանքերու ու մենաստաններու օղակին մէջ, որ կը հանդիսանար «սուրբ Քիոլնը»:
Այդ եկեղեցիներու մնացորդները այսօր կարելի է տեսնել Քիոլնի տաճարի ստորին հատուածին մէջ, ուր կատարուած են հնագիտական ուսումնասիրութիւններ[3]: Այդ տարածքը կ'ընդգրկէ աւելի քան 4,000 քառակուսի քիլոմեթր: Ամենահիներէն շատ քիչ բան պահպանուած է: Յայտնաբերուած են միայն յատակի եւ պատի որոշ հատուածներ: Գրեթէ 500-ական թուականներուն կառուցուած պարզունակ աւազանի տակ եղած է ութանկիւն մկրտարան, որուն վրայ կար բալդախին՝ վարագոյր՝ գահի վրայ: 540-ին այստեղ ուղարկաւորուած են կին եւ ութամեայ տղայ մը: Գերեզմանէն յայտնաբերուած թանկարժէք իրերը կը վկայեն, որ մահացածները Մերովինկներ հարստութեան Տէօդեբերտ Ա. արքայի ընտանիքի անդամներն են:
Արդէն մի քանի տարի ետք, նոյն վայրին մէջ կը սկսի նոր, աւելի մեծ եկեղեցւոյ շինարարութիւնը: Այդ եկեղեցւոյ սուրբ սեղանի դիմաց դրուած էր քարէ պատրաստած գահը՝ 5.70 մեթր տրամագիծով: Միջերկրածովեան աւազանի եկեղեցիներուն մէջ այդպիսի կառոյցները կ'օգտագործուէին ոչ միայն քարոզներ կարդալու համար, այլեւ հանդիսավոր արարողակարգեր ընելու, օրինակ թագադրում, աստիճաններու դասում: 8-րդ դարու վերջին եկեղեցւոյ արեւմտեան մասին մէջ կառուցուած են օղակաձեւ երգեցողութեան պատշգամներ: Հին տաճարը Քիոլնի ամենամեծ եկեղեցիներէն մէկն էր: Անիկա դարձաւ քիոլնեան եպիսկոպոսութեան նստավայրը: Անոր կեդրոնական նաւի լայնութիւնը կը հասնէր 12 մեթրի: Նավին կցուած էին վեցմետթանոց այլ նաւեր՝ կողքերէն: Կամարաշարով երեք նաւերը կը կապուէին իրարու: Արեւելեան եւ արեւմտեան նաւերուն կը հարէին ցած լայնակի շինութիւններ, որոնց արեւելեան մասին մէջ կը գտնուէին ոչ մեծ պատշգամները: Այդ պատշգամները կ'աւարտէին կիսաշրջանաձեւ խորանով: Արեւելեան պատշգամները նուիրուած էին Մարիամ Աստուածածինին, իսկ արեւմտեանները՝ Սուրբ Պետրոսին: Ատոնց կողքին կային երկու կլոր աշտարակներ: Որոնց առջեւ կը գտնուէր ընդարձակ ներքին բակը՝ շրջապատուած ժամերգութեան համար նախատեսուած կցակառոյցներով: Բակի կեդրոնը կար ջրհոր, որուն պատերը ցայսօր պահպանուած են տաճարի դիմաց գտնուող ստորգետնեայ ինքնաշարժներու կառատան մէջ:
13-էն 18-րդ Դարեր
Խմբագրել1248-ին[4] Քիոլնի արքեպիսկոպոս Քոնրատ ֆոն Հոխշտադենը դրաւ ապագայ տաճարի առաջին հիմնաքարը: Անիկա դարձաւ եւրոպական պատմութեան մէջ ամենաերկարատեւ շինարարութիւնը: Քիոլնը, Սրբազան Հռոմէական կայսրութեան ամենահարուստ եւ քաղաքականապէս հզօր քաղաքը, որոշում կայացուց ունենալ իր մայր տաճարը՝ օրինակ վերցնելով Ֆրանսայվն: Ու պէտք է կառուցուելիք տաճարի չափերը գերազանցէր մինչ այդ կառուցուած բոլոր տաճարներու մասշտաբներուն:
Կար նաեւ մէկ այլ պատճառ նոր եկեղեցի կառուցելու համար: Քիոլնի արքեպիսկոպոս Ռայնալտ ֆոն Դասելը, որ Ֆրիտրիխ Ա. Շիկամորուս կայսեր կանցլերն ու զօրապետն էր, ստացաւ կայսրէն Սուրբ մոգերու մասունքները, որոնք նախքան կը պահուէին Միլանի տաճարին մէջ: 1164-ին[5] Ռայնալտ ֆոն Դասելը մեծ շուքով բերաւ մասունքները Քիոլն: Ատոնց համար աւելի քան տասը տարի պատրաստուեցաւ յատուկ մասունքարան արծաթէն, ոսկիէ եւ թանկարժէք քարերէ: Այդ մասունքարանը՝ Երեք արքաներու, կը համարուի մոզանեան արուեստի դպրոցի գլուխգործոց: Բարձր աստիճանը, որուն հասաւ Քիոլնը արեւմտաեւրոպական քրիստոնէական աշխարհին մէջ այդ մասունքներու հետեւանքով, պէտք է կառուցեր համապատասխան մակարդակի տաճար մը:
Հիմքի ձեւը, որ կառուցուեցաւ 1248-ին, փոխ առնուեցաւ այդ ժամանակ Ֆրանսայի մէջ կառուցուող եկեղեցիներու ձեւէն: Շինութեան մէջ շատ լոյս ներթափանցելու համար զանգուածային պատերու փոխարէն սկսան կիրառել որմնասիւներ: Իսկ որպէսզի պատերը կարողանան պահել վիթխարի որմնասիւներու ծանրութիւնը, կառուցուեցան յատուկ քառանկիւնի հարթ որմասիւներ եւ կամարներ, այսպէս ըսուած կամարաորմահեցային համակարգ: Այս պարագային կամարները ունէին ոչ թէ կիսակլոր տեսք, այլ կեդրոնը ունէին սրուածքներ, որ թոյլ կու տար հաւասարակշիռ պահել ամբողջ ծանրութիւնը: Այս վիթխարի շինարարական յօրինուածքը պէտք է մարդկանց մօտ յառաջացնէր երկիւղածութեան եւ ակնածանքի պահեր՝ հանդէպ Երկնային արքայութեան:
Տաճարի շինարարութիւնը սկսաւ անոր արեւելեան մասէն: Շուրջ 70 տարի ետք կառույցն ու պատշգամներու դրուագումը աւարտեցաւ: Կառուցումը ընթացաւ առաջին ճարտարապետ Կերհարդ ֆոն Ռիլրի գծագիրերի հիման վրայ: Ներքին պատշգամներու յարակից մասերուն մէջ, ուր տեղադրուած է գլխաւոր խորանը՝ սեւ մարմարէ, կը սկսին ճեմասրահն ու անոր պսակաձեւ հարող ժամատները: Ներքին տարածութիւնը զարդարուած է խոյակներով, որոնց վրայ ոսկեջրուած բնանկարագրական տերեւներ են: Մեծ պատուհանները դրուագազարդ են:
Ժամատներու շուրջը կառուցուած են կոնտրֆորսներ, որոնք կը յառաջացնեն գետնախարիսխի տպաւորուիուն: Անոնց միջեւ լաւ կը դիտուին գլխաւոր պատշգամներու պատուհանները, որոնք դրուագազարդուած են ճակտոններով:
Միայն պատշգամներու եւ անոնց ներքին բաժանումներու կառուցումէն ետք՝ տաճարի հիւսիսային հատուածին մէջ ցարդ գտնուող Քարոլինկներու տաճարի արեւմտեան մասը քանդուեցաւ: 14րդ դարուն կառուցուեցան հարաւային նաւերը եւ Հիւսիսային աշտարակի երկրորդ յարկը[6]: 15րդ դարուն աւարտեցաւ Հարաւային աշտարակի երրորդ յարկը: Այստեղ տեղադրուեցան 1448-49 թուականներուն ձուլուած «Պրետիտոզա» եւ «Սպեցիոզա» անուանումներով զանգերը: Միայն ատկէ ետք սկսաւ կառուցուիլ հիւսիսային կողմնային նաւը: 16րդ դարու սկիզբը աւարտեցաւ կեդրոնական նաւի շինարարութիւնը եւ կապուեցաւ ծածկը: Այսպիսով աւարտեցաւ տաճարի միջնադարեան կառուցման փուլը[7]:
Յուղարկաւորումներ Տաճարին Մէջ
ԽմբագրելՔիոլնի բոլոր արքեպիսկոպոսները չեն յուղարկաւորուած տաճարին մէջ եւ բոլոր գերեզմանաքարերը չեն տեղափոխուած այստեղ Հին տաճարէն: Տեղափոխուածներու թիւին կը պատկանի արքեպիսկոպոս Գերոյի գերեզմանը (969-976 թուականներ): Արքեպիսկոպոսի սարկոֆագը դագաղով հանդերձ վերայուղարկաւորուած է տաճարի Սուրբ Ստեփանոս ժամատան մէջ: Գերեզմանաքարը կը ներկայացնէ սպիտակ մարմարիոնէ տախտակ՝ ագուցուած կարմիր եւ կանաչ ծիրանաքարով: Սարկոֆագը կը թուագրուի 1265-ին: Անյայտ անձի գերեզմանաքար ալ պահպանուած է Սուրբ Ագնէսի ժամատան մէջ, որ կը թուագրուի մօտաւորապէս 1085-ին: Բոլոր սարկոֆագները տեղադրուած են արեւելեան հատուածին մէջ:
Խաչաձեւ ժամատան հիւսիսային պատին այսօր տեղադրուած է արքեպիսկոպոս Էնկելպերտ Ա. (1216-1225) պառկած ֆիգուրը[8]: Անիկա չի համարուիր մահարձան, քանի որ արքեպիսկոպոսի մասունքները մինչեւ 1633 պահպանուած են այն սարկոֆագին մէջ, ուր են Գերոյի մասունքները: Այդ իսկ պատճառով, որպէսզի պահպանուի արքեպիսկոպոսի յիշատակը, կը պատրաստեն այդ արձանը եւ կը տեղադրեն 1665-ին: Այսօրուան վայրը անիկա տեղափոխուած է ընդամէնը 19րդ դարուն: Ի տարբերութիւն միջնադարեան այլ մահարձաններու, այստեղ արքեպիսկոպոսը պատկերուած է եկեղեցական հանդերձով:
Արքեպիսկոպոս Քոնրադ Հոխշդատցին (1238-1261), որ 1248-ին տեղադրած է գոթական եկեղեցւոյ հիմքերը, թաղուած է Առանցքայի ժամատան մէջ: Իսկ երբ որոշուեցաւ, որ գերեզմանի վրայ պիտի տեղադրուի երեք մոգերու մասունքներով արկղը, սարկոֆագը տեղափոխուեցաւ Սուրբ Յովհաննէս ժամատուն: 1845-ին տեղադրուած սարկոֆագին մէջ պառկած է արքեպիսկոպոսի պրոնզաձոյլ ֆիգուրը՝ պատրաստած 13րդ դարու գերմանացի վարպետներու կողմէ: Արքեպիսկոպոսը, որ մահացած է 63 տարեկան հասակին, կտակած էր, որ զայն պատկերեն երիտասարդ եւ գեղեցիկ: Վարպետները այդպէս ալ կ'ընեն:
Արտասովոր տեսք ունի Ֆիլիփ Հայնսբերգցի արքեպիսկոպոսի (1167-1191) սարկոֆագը: Անոր պառկած ֆիգուրը փորագրուած է կրաքարի վրայ եւ պատուած է ներկի շերտով: Շրջապատուած է պատերու պսակով, դարպասներով: Կենդանութեան օրերուն արքեպիսկոպոսը աշխատած է Քիոլնի պաշտպանական պատերու շինարարութեան վրայ, ուստի, 1330-ին, անոր մահէն 140 տարի ետք, այդպիսի շքեղ գերեզման կառուցած են որպէս երախտիք քիոլնեցիներու կողմէ:
Միւս գերեզմաններէն կը տարբերի նաեւ արքեպիսկոպոս Ֆրիտրիխ Սաարվերդենացիի (1370-1414) սարկոֆագը: Անիկա կը պատկերէ արքեպիսկոպոսին պառկած վիճակին մէջ, որուն երկարութիւնը կը հասնի 2.20 մեթրի: Սարկոֆագը տեղադրուած է Աստուածամօր ժամատան մէջ՝ խորանին կից:
Այստեղ է նաեւ կոմս Կոթֆրիտ Արսնբերգցիի՝ 1371-ին կառուցած գերեզմանը: Գերեզմանը ճաղավանդակներով առանձնացուցած է, ատիկա եղած է այն նկատառումով, որ մեռեալի հարազատները չվնասեն սարկոֆագը, քանի որ մեռնելէն առաջ կոմսը իր ինչքը կտակած է ոչ թէ իրենց՝ հարազատներուն, այլեւ Քիոլնի արքեպիսկոպոսին: Մինչեւ այսօր ալ, ամէն տարի, Արնսպըրկ քաղաքէն դելեգացիա կու գայ եւ դրասանգ կը զետեղեն կոմսի շիրիմաքարին:
Մասունքներ Եւ Գանձեր
ԽմբագրելՀին խորանը[9], որ այսօր Սուրբ հաղորդութեան ժամատունն է, օծուած է 1277-ին Ալպերթ Մեծի ձեռամբ: Անիկա կը գտնուէր տաճարի հիւսիսային հատուածին մէջ ու ունէր եւս կցակառոյց մը, ուր 13րդ դարուն կը պահպանուէին տաճարի գանձերը:
Վեցանիստ շինութիւնը, որ ինկած է տաճարի հիմքերուն մէջ, կը ծառայէ որպէս պահոց՝ սուրբ մասունքներու համար: Այս «սրբութիւններու պալատը» որպէս առանձին բաժանմունք, առանձնացուած է պրոնզէ ձուլածոյ թերթիկներով: Տաճարի եւ այդ պալատի միջեւ կը գտնուին մուտքերը եւ տաճարի կրպակը: Գոթական հիմքերու հարեւանութեամբ գտնուող աստիճանները կը տանին դէպի տաճարի ստորգետնեայ հատուածը:
«Սրբութիւններու պալատը» վերին յարկին վրայ պատուած է ապակեայ առաստաղով, որմէ կը բացուի տեսարան դէպի տաճարը: Բաժանմունքի կեդրոնում դրուած է Սուրբ Էնկելպըրտի արկղիկը, ուր 1663-ին զետեղուած են 1225-ին մահկանացուն կնքած արքեպիսկոպոսի մասունքները:
Տաճարին մէջ կը պահպանուին նաեւ Սուրբ Պետրոսի գաւազանը իր գաւազանագլխիկով, որ կը թուագրուի 4րդ դարուն, Սուրբ Պետրոսի մասունքարանն ու Երեք մոգերու արկղիկը:
Գանձարանի հիմնական հաւաքածուն ցուցադրուած է յատուկ ցուցափեղկերու վրայ: Ատոնք կը լուսաւորուին նկուղներու կամարակապ պատուհաններէն: Առաջին ցուցանմուշներէն կը համարուին եպիսկոպոսի ցուպն ու սուրը՝ Քիոլնի արքեպիսկոպոսութեան խորհրդանիշները: Միւս գանձերը կը պատկանին միջնադարեան պատմութեան ժամանակաշրջանին: Ինչպէս նաեւ կան 18րդ եւ 19րդ դարերու նմուշներ: Առաւել հետաքրքրական ցուցանմուշներու շարքին կը դասուին գոթական ծիսակարգային խաչն ու մասունքատուփը: Այս յարկաբաժինին վրայ կը գտնուի նաեւ Երեք արքաներու մասունքատուփ-արկղը եւ առաւել թանկարժէք գիրքերով գրադարանը:
Մէկ յարկ վար կը գտնուի վիմագիր արձանագրութիւններու հաւաքածուն: Այստեղ մեկտեղուած է նաեւ եկեղեցական հանդերձներու հաւաքածուն: Մէկ կողմին վրայ այստեղ սենեակը կը խորանայ դէպի հռոմէական պաշտպանական պատը: Իսկ ձախ անկիւնին վրայ անիկա կ'ընդհատուի գոթական հին տաճարի հիմքերու մօտ: Կամարներու տակ գտնուող որմնախորշերուն մէջ կը գտնուին երկու ցուցափեղկեր, որոնց վրայ դրուած են Ֆրանկոնիայի գերեզմաններու պեղումներէն գտնուած գտածոները: Այդ գերեզմանոցին մէջ յայտնաբերուած են 540-ին մահացած կնոջ եւ տղա-երեխայի գերեզմանները Մերովինգներու տոհմէն:
Այս յարկին վրայ կը գտնուին նաեւ արձաններ, Սուրբ Պետրոսի միջնադարեան շքամուտքը: Եկեղեցական հանդերձներէն աչքի կ'իյնայ արքեպիսկոպոս Քլեմենս Օգոստոս Բաւարացիի պատուերով կարուած հագուստները՝ «Capella Clementina» անուանումով: Ատոնցմէ մէկը 1742-ին ան ընծայած է եղբօրը՝ արքայ Քառլ Ալպրեխտին:
Երեք Մոգերու Մասունքներ
Խմբագրել1164-ին Հոհենշտաուֆեն արքայոտոհմի կայսր Ֆրիտրիխ Ա. Շիկամորուսը Քիոլնի արքեպիսկոպոս Ռայնալտ ֆոն Դասելին նուիրեց Երեք մոգերու՝ Մելքոնի, Գասպարի եւ Պաղտասարի մասունքները: Այդ ժամանակէն սկսեալ քաղաք սկսան այցելել մեծաթիւ ուխտաւորներ ամբողջ Եւրոպայէն՝ երկրպագելու սուրբ մասունքներուն: Ուխտագնացութիւնները դէպի Քիոլն հսկայական դեր խաղացին ինչպէս կրօնական, այնպէս ալ տնտեսական առումներով: Երեք մոգերու թագերը մինչեւ այսօր ալ կը զարդարեն քաղաքի զինանշանը:
1190-էն մինչեւ 1220 ինկած ժամանակահատուածը Նիքոլաուս Վերդունացին՝ այդ ժամանակներու ամենայայտնի ոսկերիչներէն մէկը, իր արուեստանոցին մէջ ստեղծեց ոսկիէ արկղիկը, ուր պիտը պահպանուէին սրբագոյն մասունքները: Երեք մոգերու մասունքարանը ունի հետեւեալ չափերը. բարձրութիւն՝ 1.53 մեթր, լայնութիւն՝ 1.10 մեթր, երկարութիւն՝ 2.20 մեթր: Արկղի փայտեայ պատեանը պատուած է ոսկեջրած պղնձեայ եւ արծաթեայ թիթեղներով: Ֆիգուրները իրականացուած են քանդակադրոշմի (չեկանկա) եղանակով: Միայն արկղիկի առաջին հատուածը ամբողջութեամբ պատրաստուած է ոսկիէ թերթիկներէ: Եզրազարդերը դրուագուած են ոսկեջրած արծինի թերթիկներով:
Յատկապէս տպաւորիչ են փոքրիկ սիւնաշարերը՝ ոսկեջրած արծինով, որոնք նրբօրէն նախշազարդուած են: Արկղիկը զարդարուած է 1000 թանկարժէք քարերով ու մարգարիտներով: Կան 300-էն աւելի անտիկ գեմմաներ ու կամեյաներ, որոնք տուեալ ժամանակահատուածին կը համարուէին ամենաարժէքաւոր զարդերը: Ճիշդ է, արկղիկի պատրաստման համար օգտագործուած են բազմաթիւ թանկարժէք մետաղներ ու քարեր, բայց մեծ է նաեւ ատոր կրօնական յօրինուածքը: Երկայնական հատուածներուն մէջ պատկերուած են հինկտակարանեան արքաները եւ մարգարէները: Վերին հատուածին մէջ կը գտնուին առաքեալները: Այստեղ նրբօրէն կը ցուցադրուի, որ Նոր Կտակարանը կը հիմնուի Հինի վրայ: Ներքեւի մասին մէջ պատկերուած են Քրիստոսի խարազանման եւ խաչելութեան տեսարանները: Իսկ ատոնց վերեւի հատուածին մէջ՝ սուրբ նահատակներ, Դիոկղետիանոսի զօհերը դարձած, նաբորի եւ Ֆելիքսի պատկերներն են ու օրհնեալ Յիսուսի առաքինութիւնները՝ յոյսը, հաւատը եւ սէրը:
Արկղիկի առջեւի հատուածի կեդրոնը պատկերուած են Տիրամայրն ու անոր գիրկը՝ մանուկ Յիսուսը: Անոնց ձախէն խոնարհած են երեք մոգերը: Աւելցուած է նաեւ չորրորդ անձը՝ Գերմանիոյ կայսր Օտտոն Դ.ն, որ մեծ հանգանակութիւն տուած է տաճարին ու այդ արկղի պատրաստման: Մարիամ Աստուածածինէն աջ պատկերուած է Յիսուսի մկրտութիւնը Յորդանան գետին մէջ: Իսկ քիչ մը աւելի վեր կը յայտնուի Ահեղ դատաստանի պատկերը:
Սուրբ մասունքարանը ունի յատուկ բացուող դռնակ: Ամէն տարի 6 Յունուար-ին[10], երեք մոգերու յիշատակման տօնին, արկղիկը կը բացուի ու հաւատացեալներուն կը ցուցադրուի ներսը, ճաղերու ետեւը գտնուող սուրբերու գանկերը: Ի դէպ բոլոր երեք գանկերու վրայ ամրացուած են ոսկիէ, թանկագին քարերով թագեր:
Միլանի Տիրամայր
ԽմբագրելԱրքեպիսկոպոս Ռայնալտ ֆոն Դասելը Միլանէն Քիոլն բերաւ Տիրամոր քանդակը: Անիկա այսօր տեղադրուած է Երեք մոգերու մասունքարանէն ոչ հեռու: Տիրամօր արձանը կը համարուի հրաշագործ եւ խորը պաշտամունքի մաս կը կազմէ հաւատացեալներու շրջանին: Այս արձանի նախօրինակը ըստ երեւոյթին այրած է հրդեհի ժամանակ 1248-ին: Իսկ արդէն 1290-ին ստեղծուած է նոր արձանը, որ հասեած է մինչեւ մեր օրերը եւ կը զարդարէ Քիոլնի տաճարը: Արձանը ժողովուրդը կ'անուանէ «Միլանեան մատոննա»: Նախքան անիկա կանգնած էր Տիրամօր ժամատան խորանին: Անոր վրայ կը տարածուէր հարուստ զարդարանքներով ամպհովանին, որուն մէկ հատուածը այսօր ալ կը պահպանուի տաճարի ստորին յարկերուն վրայ գտնուող գանձարաններէն մէկուն մէջ: 19րդ դարուն Մարիամ Աստուածածինի արձանը հանուեցաւ նախկին տեղէն եւ տեղադրուեցաւ նոր, յատուկ պատրաստուած վայրին մէջ: Այդ ժամանակահատուածին կը պատկանին նաեւ արձանի վրայ ագուցուած գայիսոնն ու թագը:
Միլանեան Տիրամայրը կը համարուի քանդակագործական արուեստի հիանալի նմուշ մը: Անիկա տիպիկ դասական գոթական ոճի աշխատանք իրմէ կը ներկայացնէ: Անոր ստեղծողները կը համարուին այն քանդակագործները, որոնք կառուցած են տաճարի առաքեալներու քարի արձանները ներքին պատշգամպներուն: Զգուշօրէն եւ վայելչագեղօրէն է Տիրամայրը գրկած է նորածին Քրիստոսը: Կազմուածքը քանդակուած է նրբագեղ ու նուրբ: Հագուստի ծալքերը ուսերէն կը ձգուին մինչեւ ոտքերը: Արձանը ներկուած է խայտաբղետ գոյներով:
Գերոյի Խաչ
ԽմբագրելԱյս երկումեթրանոց բարձրութեամբ կաղնեփայտէն պատրաստած խաչ է[11], որ եկեղեցւոյ նուիրած է Քիոլնի արքեպիսկոպոս Գերոն (969-976 ): Վերջինս Օտտոն Ա. Մեծ կասեր վստահելի անձն էր ու դեսպանորդը: Խաչի ստեղծման մտահղացումը արքեպիսկոպոսի մօտ յառաջացաւ այն բանէն ետք, երբ վերադարձաւ Բիւզանդիա կատարած այցելութենէն: Այդ ժամանակ մեծադիր խաչելութիւնները թերեւս եւրոպական եկեղեցիներուն մէջ յայտնի չէին:
Այս խաչելութեան իւրայատկութիւնը ոչ այնքան անոր հսկայական չափերով պայմանաւորուած է, որքան այդ ժամանակին ոչ բնորոշ պատկերներու իրականութեամբ: Խաչի վրայ կը գտնուի Փրկիչի անկենդան մարմինը: Անոր գլուխը փոքր-ինչ հակուած է դէպի առաջ, իսկ աչքերը փակուած են: Քրիստոսի մարմինի վրայ ակներեւ կը դիտուին մկանները իրենց մանրամասնութեամբ, ջիլերն ու ոսկորները: Քանդակագործը Յիսուսը պատկերզծ է ոչ իր փառքի գագաթնակէտին, այլ մահուան ժամին: Ինչպէս կը հաւատան քրիստոնեաները, Մահը մարդկային ցեղին կը բերէ փրկութիւն: Խաչափայտն ու լուսապսակը դրուագուած են ապակիէ զարդերով:
Թիւեր Եւ Փաստեր
ԽմբագրելԸնդհանուր երկարութիւնը (արտաքին) | 144.58 մեթր |
Ընդհանուր լայնքը (արտաքին) | 86.25 մեթր |
Նաւի ճակատի լայնութիւնը | 39.95 մեթր |
Ներքին նաւի լայնութիւնը | 45.19 մեթր |
Արեւմտեան ճակատի լայնութիւնը | 61.54 մեթր |
Հիւսիսային աշտարակի բարձրութիւնը | 157.18 մեթր |
Հարաւային աշտարակի բարձրութիւնը | 157.14 մեթր |
Աստիճաններէն մինչեւ ծայրաձող | 509 (97.25 մետր = 152.5 մեթր ծովու մակարդակէն հաշուած) |
Զանգեր | 11 (8 զանգեր հարաւային աշտարակին մէջ, 3 զանգեր կեդրոնական աշտարակին մէջ), ամենամեծ զանգը՝ «Decke Pitter»[12][13][14][15] |
Նաւի ճակատի բարձրութիւնը | 69.95 մեթր |
Կեդրոնական աշտարակի բարձրութիւնը | 109.00 մեթր |
Կեդրոնական ներքին նաւի բարձրութիւնը | 43.35 մեթր |
Կողմնային նաւերու բարձրութիւնը | 19.83 մեթր |
Տաճարի մակերեսը (մօտաւորապէս) | 7914 մեթր² |
Պատուհաններու մակերեսը (մօտաւորապէս) | 10000 մեթր² |
Տանիքի մակերեսը (մօտաւորապէս) | 12000 մեթր² |
Տաճարի ծաւալը | 407000 մեթր³ |
Օգտագործուած քարերու զանգուած (մօտաւորապէս) | 300000 տոննա |
Պահպանութեան տարեկան ծախսեր | 10 միլիոն € |
Հասցէ | Domkloster 4, 50667 Köln |
Լեգենդներ Տաճարի Վերաբերեալ
Խմբագրել- Տաճարի ճարտարապետ Գերհարդը, որուն ուժերէն վեր կատարած էր շինարարութիւնը, օգնութեան կը դիմէ Սատանային: Վերջինս նոյն պահին կը յայտնուի եւ գործարք մը կ'առաջարկէ. անիկա է՝ ճարտարապետը պիտի կարողանայ կառուցել տաճարը, բայց աւարտէն ետք վաճառելու է հոգին իրեն: Գործարքը պիտի կատարուէր մինչեւ աքաղաղի առաջին կանչը: Ճարտարապետը անել վիճակի մէջ կը գտնուէր, ուստի համաձայնուեցաւ: Սակայն այդ զրուցին թաքուն ականջալուր եղած է ճարտարապետի կինը: Ան որոշում փրկած է ամուսինին հոգին եւ ստանալ շինարարութեան համար անհրաժեշտ գծագիրերը: Առաւօտ շուտ կ'արթննայ, ծուղրուղուի կը կանչէ աքլորի փոխարէն: Սատանան նոյն պահին կը յայտնուի, կու տայ սպասուած գծագիրերը: Սուտը արագ կը բացայայտուի, սակայն արդէն ուշ էր:
- Գոյութիւն ունի առաջին լեգենդի շարունակութիւնը: Երբ սատանան կ'իմանայ խաբէութեան մասին, կ'ըսէ. «Կու գա՛յ աշխարհի վերջը այն ժամանակ, երբ դրուի այս տաճարի վերջին քարը»: Այդ օրէն մինչեւ հիմա տաճարնը ամբողջութեամբ չէ կառուցուած:
- Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, երբ գրեթէ ամբողջութեամբ ռմբակոծումէն աւերուած էր Քիոլնը, հրաշալի կերպով տաճարը չի տուժեր:
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Տաճարը նկարուած վերէն
-
Ընդհանուր տեսքը հրապարակէն
-
Տաճարի մուտքը
-
Գոթական աշտարակները
-
Ներքին ներքնամատը
-
Նոր երգեհոնը
-
Սուրբ Քրիստափորի արձանը
-
Տաճարի վիտրաժներէն
-
Զանգերէն մէկը
-
Տաճարը Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն
-
Յատակի խճանկարներէն
-
Տաճարը ձմրան ընթացքին
-
Տաճարը 2013-ին
-
Տաճարի գանձերէն
-
Տիրամայրը Յիսուսի հետ
-
Ռուսական դրօշմանիշի վրայ
-
Տաճարի մասունքներէն
-
Տաճարի մասունքներէն
-
Տաճարի ցուցանմուշներէն
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Centre UNESCO World Heritage։ «Cologne Cathedral - UNESCO World Heritage Centre»։ whc.unesco.org (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2016-02-11
- ↑ «Cologne Cathedral»։ www.cologne-tourism.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-08-08-ին։ արտագրուած է՝ 2016-02-11
- ↑ Baptismal font behind cathedral
- ↑ Arnold Wolf]: „Trachyt vom Drachenfels“ Archived 2010-07-06 at the Wayback Machine. auf koelner-dom.de
- ↑ Schelbert, S. 89–106.
- ↑ Wim Swaan gives the latest date as 1560, but a date of 1520 is considered more probable by other scholars.
- ↑ «Քյոլնի մայր տաճար»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-02-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-07-06
- ↑ A social and religious history of the Jews, Salo Wittmayer Baron, 2nd Edition, Columbia University Press, 1965, p. 174
- ↑ Joan Holladay, Iconography of the High Altar in Cologne Cathedral, (1989)
- ↑ Borger, S. 33.
- ↑ Arthistory, University of Pennsylvania
- ↑ The World Peace Bell in Newport, Kentucky is larger, but turns around its center of mass rather than its top.
- ↑ The World Peace Bell in Newport, Kentucky is larger, but turns around its center of mass rather than its top.
- ↑ The World Peace Bell in Newport, Kentucky is larger, but turns around its center of mass rather than its top.
- ↑ The World Peace Bell in Newport, Kentucky is larger, but turns around its center of mass rather than its top.
Արտաքին Յղումներ
Խմբագրել- «Տաճարի հատակագիծը, գծագրերը» Archived 2012-10-23 at the Wayback Machine.
- Պաշտոնական կայք
- Deutsche Welle
- gcatholic.org կայքում(անգլերէն)
- dom-fuer-kinder.de Archived 2016-07-08 at the Wayback Machine.
- Artikel über den Kölner Dom in koeln-magazin.info Archived 2016-03-17 at the Wayback Machine.
- Publikationen der Diözesanbibliothek Köln Archived 2016-03-04 at the Wayback Machine.
- Die Bauphasen des Kölner Domes und seiner Vorgängerbauten (YouTube-Video, 9:59 min)
- Dokumentation zum Dom (YouTube-Video, 43:45 min)
- Digitalisierte Archivbestände zum Domstift im digitalen Historischen Archiv Köln
- Foto der Domfassade Anfang der 50er jahre (digit.wdr.de)
- Das Geläut des Domes auf wdr.de.Glockenpforte