Օձունի Եկեղեցին

Օձունի Եկեղեցին, եկեղեցի Լոռի մարզի Օձուն գիւղին մէջ։ Կը պատկանի գմբեթաւոր պազիլիկ եկեղեցիներու տիպին։ Ներկայիս կը գործէ։ Ընդգրկուած է Օձունի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ։

Օձունի Եկեղեցին
Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Օձունի Եկեղեցինը գտնվում է Հայաստանում
Օձունի Եկեղեցին
Կը Գտնուի Հայաստան

Պատմութիւն

Խմբագրել

Տեպետի հովիտի ձախափնեայ բարձրադիր սարահարթին վրայ, պարուրուած այգիներու կանաչով, բազմած է Օձուն գիւղը՝ Յովհան Օձնեցի Իմաստասէր Կաթողիկոսի ծննդավայրը։

Գիւղին տարածքը հարուստ է պատմական կոթողներով՝ ամէն տեղ կը գտնուի տարբեր դարաշրջաններուն վերաբերող յուշարձաններ, որոնց մէջ կ'առանձնանայ հայ միջնադարեան ճարտարապետութեան գլուխ գործոցներէն՝ Օձունի հոյակերտ գմբեթաւոր պազիլիկ եկեղեցին, որ գիւղի կեդրոնը գտնուելով դէպի վեր կը խոյանայ եւ իր դիրքով կ'իշխէ շրջակայքին վրայ։

 
Օձունի եկեղեցին

Ըստ աւանդութեան, Թովմաս առաքեալ եկեղեցւոյ վայրին մէջ կ'օծէ քահանաներու եւ եպիսկոպոսներու։ Ներկայիս եկեղեցւոյ շէնքը կառուցուած է 5-րդ դարուն, աւելի հին՝ 4-րդ դարուն Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Տրդատ Գ.-ի կողմէ կառուցուած միանաւ պազիլիկ տիպին պատկանող եկեղեցւոյ տեղը։ 5-րդ դարուն եղած է գերանածածկ, կղմինտրէ ծածկասալերով եռանաւ պազիլիկ, իսկ գմբեթակիր մոյթերը, գմբեթն ու քարէ կամարակապերը աւելցուած են 6-րդ դարուն։ 8-րդ դարուն Յովհան Օձնեցին կղմինտրէ ծածկասալերը փոխարինած է քարով։ 1888 թուականին Աբովեանները աւելցուցած են զանգակատները։

Եկեղեցին անուանուած է Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Նշան, Սուրբ Յովհաննէս, Խաչկոնտ, Խաչգունդ. վերջինս կապուած է եկեղեցւոյ բակին մէջ թաղուած Խաչգունդ քահանայի անուան հետ, որուն յիշատակին 1291 թուականին կանգնեցուցած են արձանագրութեամբ քանդակազարդ խաչքար։ Եկեղեցւոյ մօտ կը գտնուի վաղ քրիստոնէական շրջանի կոթող, որ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան յաղթանակը նշանաւորող հոյակապ յուշարձան է[1]։

Գմբեթաւոր Պազիլիկ Եկեղեցի

Խմբագրել

Օձունի գմբեթաւոր պազիլիկ եկեղեցին կը գտնուի գիւղի կեդրոնական բարձրադիր մասը։ Արեւելքէն արեւմուտք երկարած ուղղանկիւն յատակագիծով գմբեթաւոր պազիլիկ է (20,71×31,62 մ. արտաքին չափերով)՝ կիսաշրջանաձեւ խորանին մօտ երկյարկ աւանդատներով եւ արտաքին կամարաշար սրահով։ Աղօթասրահը ուղղանկիւն դահլիճ է՝ երկշար մոյթերով բաժնուած երեք նաւերու։ Արտաքին սրահը երեք կողմերէն (հիւսիսային, արեւմտեան եւ արեւելեան) կը շրջապատէ աղօթասրահը։

Եկեղեցին վաղ միջնադարեան եզակի կառոյցներէն է, ուր համեմատաբար ամբողջականօրէն պահպանուած է արտաքին սրահը, որուն շնորհիւ ընդարձակուած է եկեղեցւոյ ընդհանուր ծաւալը։ Աղօթասրահը եւ արտաքին կամարաշար սրահը համաժամանակեայ կառոյցներ են։ Պազիլիկը կառուցուած է պազալտի եւ բաց շագանակագոյն ֆելզիտի սրբատաշ քարերով։ Եկեղեցին յայտնի է 6-7-րդ դարերու վաղ քրիստոնէական արուեստին բնորոշ պատկերաքանդակներու եւ զարդաքանդակներու բազմազանութեամբ, որոնք կիրառուած են չափի բացառիկ զգացումով։ Եկեղեցւոյ արտաքին եւ ներքին պատերուն կան բազմաթիւ հայերէն արձանագրութիւններ:

Եկեղեցին շատ անգամներ նորոգուած է, որուն մասին յիշատակութիւններ պահպանուած են եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող տապանաքարերուն վրայ (801 թուական, 1888 թուական)։ 19-րդ դարու վերջերը, եկեղեցին եւ շրջապարիսպը վերանորոգած են թիֆլիսաբնակ Զաքարիա եւ Պաղտասար Աբովեան եղբայրները, որոնց նուիրատուութեան վկայող արձանագրութիւն պահուած է եկեղեցւոյ հիւսիս-արեւելեան գմբեթակիր մոյթի արեւմտեան կողմը ամրացուած սալի եւ իրենց մօր՝ Եղիսաբէթի տապանաքարին վրայ։

Զանգաշտարակներ

Խմբագրել

Օձունի եկեղեցւոյ արեւելեան ճակատային հարթութենէն քիչ մը վեր, 19-րդ դարուն կառուցած են երկու համաչափ զանգաշտարակներ։ Օձնեցի շինարար վարպետ Նալպանտ Սերգոյի կերտած ճարտարուեստական աշտարակները, ըլլալով ուշ շրջանի յաւելումներ, չեն խաթարած եկեղեցւոյ ընդհանուր տեսքը։

Գերեզմանատուն

Խմբագրել

Գերեզմանատունը կը գտնուի եկեղեցւոյ շուրջ, կան 13-20-րդ դարերուն պազալտէ խոշոր տապանաքարեր, խաչքարեր։ Խորհրդային տարիներուն յուշարձանի վերանորոգման եւ բարեկարգման աշխատանքներ իրականացուած են 1938 թուականին, 1949-1950-ական թուականներուն եւ 1977, 2013 թուականներուն[2]։

Ճարտարապետութիւն

Խմբագրել

Եկեղեցին կառուցուած է տեղական բաց շագանակագոյն ֆելզիտէ, որ արեւի ճառագայթներէն կը շողշողայ տարբեր նրբերանգներով: Կոթողը ուշադրութիւն կը գրաւէ իր ներդաշնակ համաչափութիւններով եւ հրաշալի զարդաքանդակներով։ Եկեղեցին ունի ուղղանկիւն յատակագիծ, աղօթասրահէն բացի կ'ընդգրկէ երեք կողմից շրջապատող արտաքին սրահը՝ բաց խորանով։ Եկեղեցու ճակատին և պատուհանների շրջանակներին կան բարձրաքանդակներ։ Հատկապես հետաքրքիր է պատուհանէ աջ հրեշտակի կերպարը։ Օձունի հրեշտակը ներկայացուած է բարդ դիրքով՝ ան կարծես ձեռքերով կը յենուի պատուհանի շրջակալին։ Վանքին մօտ կը գտնուի 5-6-րդ դարերու մահարձան, որ կը ներկայացնէ աստիճաններուն տեղադրուած կրկնակի կամար, որ որմնախորշերու բարձրաքանդակներով պատուած սիւներ են։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Ջալալեանց Ս., Ճանապարհորդութիւն ի Մեծն Հայաստան, Տփխիս, 1842, հ. 1։
  • Լալայեան Ե., Պորչալուի գաւառ, «Ազգագրական հանդէս», Թիֆլիս, 1901, գիրք 7-8։
  • Հասրաթեան Մ., Տաշիրի սրահաւոր միանաւ յուշարձանները, «Լրաբեր հասարակական գիտութիւններու», Եր., 1974, N 3։
  • Շախկեան Գ., Օձունի եկեղեցին, Եր., 1983։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Գառնիկ Շախկեան (1983 թ)։ Օձունի եկեղեցին։ Երեւան: «Սովետական գրող» հրատարակչութիւն։ էջ 84 
  2. «ՀՀ Մշակոյթի նախարարութիւն, «Պատմամշակութային Արգելոց-Թանգարաններու Եւ Պատմական Միջավայրի Պահպանութեան Ծառայութիւն» ՊՈԱԿ, Օձունի գմբեթաւոր պազիլիկ եկեղեցի»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2019-12-02 

Արտաքին Յղումներ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։