Ֆետերիքօ Ֆելլինի

Իտալացի բեմադրիչ եւ բեմագիր։

Ֆետերիքօ Ֆելլինի (իտալ.՝ Federico Fellini, 20 Յունուար 1920(1920-01-20)[1][2][3][…], Ռիմինի, Էմիլիա Ռոմանիա, Իտալիոյ Թագաւորութիւն[1][4] - 31 Հոկտեմբեր 1993(1993-10-31)[2][3][5][…], Հռոմ, Իտալիա[4]), իտալացի բեմադրիչ եւ բեմագիր։ Ան 25 շարժանկարներու բեմադրիչ է եւ 51 շարժանկարի համար գրած է բեմագրութիւն։

Ֆետերիքօ Ֆելլինի
իտալ.՝ Federico Fellini
Ծնած է 20 Յունուար 1920(1920-01-20)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Ռիմինի, Էմիլիա Ռոմանիա, Իտալիոյ Թագաւորութիւն[1][4]
Մահացած է 31 Հոկտեմբեր 1993(1993-10-31)[2][3][5][…] (73 տարեկանին)
Մահուան վայր Հռոմ, Իտալիա[4]
Քաղաքացիութիւն  Իտալիա
Ուսումնավայր Հռոմի Սապիենզա համալսարան?
Ազդուած է Չարլի Չապլին? եւ Փապլօ Փիքասօ
Երկեր/Գլխաւոր գործ Ճանապարհ?, ?, Ամարկորդ?, I Vitelloni? եւ Քաղցր կյանք?
Մասնագիտութիւն ժապաւէնի բեմադրիչ, հեղինակ, երգիծաբան, կոմիքսների արտիստ, գրագէտ, բեմադրիչ, հեղինակ
Անդամութիւն Արուեստներու եւ գիտութիւններու ամերիկեան կաճառ
Ամուսին Ջուլիետա Մազինա?
Կայքէջ federicofellini.it(իտալ.)

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Ռիմինի, միջին դաս նկատուող ընտանիքի մը մէջ: Ռիմինին այդ ժամանակ փոքր քաղաք մըն էր, ուր Իտալիոյ այլ վայրերէն անոր ծնողքը փոխադրուած էր:

1924 թուականին Ֆելլինին սկսած է յաճախել Ռեմինիի Սան Վինչենցոյի միանձնուհիներուն կողմէ ղեկավարուող տարրական դպրոցը, երկու տարի անց՝ հանրային դպրոցը: Ուշիմ աշակերտ մը ըլլալով ան իր ազատ ժամերը լեցուցած է գծելով, տիկնիկային բեմադրութիւններ ընելով եւ մանկական ամսագիր կարդալով: Այդ ամսագրին մէջ ալ ան կարդացած է ամերիկեան մանկական շարժանկարներու մասին պատմութիւններ, որոնք մեծ ազդեցութիւն ձգած են շարժանկարներ նկարելու իր յետագայ գործին վրայ:

Փոքր տարիքին ան նաեւ պաշտած է կրկէսը: Նոյնիսկ որոշ ժամանակ ծաղրածու աշխատած է: Մանկութեան այդ սէրը յետագային արտացոլուած է իր նկարահանած ժապաւէններու որոշ դրուագներուն մէջ:

Ֆելլինին առաջին անգամ ծնողքին հետ Հռոմ այցելած է 1933 թուականին եւ Հռոմի մէջ տեսած պատկերները, գեղարուեստական զգացողութիւնները անդրադարձ ունեցած են իր յետագայ ժապաւէններուն մէջ:

1937 թուականին Ֆետերիքօ Ֆելլինին նկարիչ Թեմօ Պոնինիին հետ Ռիմինիի մէջ բացած է դիմանկարներ գծելու խանութ մը:

Հիմնականօրէն գրած է երգիծական յօդուածներ եւ զանոնք տպագրած՝ երգիծական թերթերու մէջ: Որոշելով ըլլալ ծաղրանկարիչ եւ երգիծական գրող՝ Ֆելլինին 1938 թուականին ճամբորդած է Ֆլորանսա, ուր «420» շաբաթաթերթին մէջ հրապարակած է իր առաջին ծաղրանկարը:

Այնուհետեւ կեանքը շարունակուած է Հռոմի մէջ, ուր 1939 թուականին, իր ծնողքը ուրախացնելու համար, ընդունուած է Հռոմի համալսարանի իրաւաբանութեան բաժինը, քանի որ մինչ այդ դժուարութիւններ ունեցած էր աւագ դպրոցին մէջ եւ բացակայութիւններուն պատճառով հազիւ կարողացած էր աւարտել զայն:

Ուսանողական տարիներ

Խմբագրել

Ուսանողական տարիներուն սկսած է ճաշարաններու եւ սրճարաններու մշտական յաճախորդներու ուրուանկարները կատարել եւ վաճառել: Կարճ ժամանակ լրագրողի աշխատանք մը գտած է, բայց դատական լուրեր գրելը ձանձրալի նկատելով թողած է գործը: Ուրիշ աշխատանք մը գտած է ազդեցիկ երգիծական «Marc’Aurelio»-ի մէջ եւ հոն մշտական գործ ունենալով, սկսած է աշխատիլ գրողներու, երիգիծաբաններու եւ բեմագիրներու հետ: Այս մարդիկ կապեր ստեղծած են շարժանկարային արուեստի բնագաւառին մէջ եւ ընդլայնած՝ Ֆելլինիի մասնագիտական ծանօթութեան շրջանակը․ ան գրած է բեմագրութիւններ, որոնք բեմադրուած են։

Ապա գործուղուած է պատերազմական դաշտ, ուրկէ նոյնպէս գրութիւններ ղրկած է, իսկ վերադառնալով, մէկը միւսին ետեւէն, նկարահանած է իր աշխարհահռչակ շարժանկարները:

Շարժանկարներ

Խմբագրել

Ֆելլինիի առաջին ինքնուրոյն շարժանկարը «Ճերմակ շէյխ»ն է (1952), սակայն համաշխարհային ճանաչման արժանացած է «Ճանապարհ» ժապաւէնով, որով արտայայտած է մարդասիրութեան, փոխըմբռնման ու բարութեան գաղափարները: Բեմադրիչը նոյն գաղափարները արծարծած է նաեւ «Քապիրիոյ գիշերները» (1956) շարժանկարին մէջ, հոս փնտռած է չարի եւ բարիի յաւերժական պայքարի խորհրդաւոր իմաստը:

Արուեստի քննադատները Ֆելլինիի ստեղծագործութեան բարձրակէտը կը նկատեն «Քաղցր կեանք» (1959, Քաննի փառատօնի «Ոսկէ արմաւենիի ճիւղ» մրցանակ ստացած) շարժանկարը, ուր հեղինակը ցոյց կու տայ, թէ որքան դատարկ ու անիմաստ է կեանքը, երբ մարդիկ առանձին են եւ օտարացած իրարմէ:

«Ութուկէս» (1963-ին նկարահանուած եւ «Օսքար» ստացած ժապաւէնին մէջ[6]) Ֆելլինին քննադատած է բարձր խաւի հասարակութեան արատները, որոնք յագեցած են ճշմարտութեան դաժան որոնումներով:

Ֆետերիքօ Ֆելլինին շարժանկարային մրցանակները ընդհանրապէս ստացած է բեմադրիչներէն եւ այդ մրցանակներուն մէջ տասնեակ Օսքարներ կան[7]:

Ռիմինիի օդակայանը

Խմբագրել

Ռիմինի քաղաքի օդակայանը կոչուած է Ֆետերիքօ Ֆելլինիի անունով:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Феллини Федерико // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохорова — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 Federico Fellini
  4. 4,0 4,1 4,2 4,3 4,4 4,5 Archivio Storico Ricordi — 1808.
  5. 5,0 5,1 5,2 Internet Broadway Database — 2000.
  6. «Federico Fellini» 
  7. «ՖԵԼԼԻՆԻԻ 100-ԱՄԵԱԿՆ ՈՒ ԱՄԱՅԻ ՌԻՄԻՆԻՆ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-10