Ֆրանսուա Վիոն

Միջնադարու ֆրանսացի բանաստեղծ։

Ֆրանսուա Վիոն (ֆրանսերէն՝ François Villon, 1431[1], Փարիզ, Ֆրանսայի Թագաւորութիւն[2] - 1463[3], Ֆրանսա), միջնադարու ֆրանսացի բանաստեղծ։

Ֆրանսուա Վիոն
ֆրանսերէն՝ François Villon
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ François de Montcorbier
Ծնած է 1431[1]
Ծննդավայր Փարիզ, Ֆրանսայի Թագաւորութիւն[2]
Մահացած է 1463[3]
Մահուան վայր Ֆրանսա
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսայի Թագաւորութիւն
Մայրենի լեզու միջին ֆրանսերեն?
Ուսումնավայր Փարիզի Համալսարան
Երկեր/Գլխաւոր գործ Ballade des pendus?, Le Testament? եւ Épître à Marie d'Orléans?
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, երգերու հեղինակ, գրագէտ

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Փարիզ։ Ծնելէն քանի մը ամիս ետք ան որբացած է եւ մայրը երեխան յանձնած է եկեղեցի: Վանքին մէջ Ֆրանսուային որդեգրած է վարդապետ Կիոմ Վիոն

որուն մականունը յետագային ընդունած է Ֆրանսուա:

Նախնական վանական կրթութիւն ստանալէ ետք ան եղած է Սորպոնի համալսարանի արուեստներու բաժնի ուսանող եւ 1452-ին արուեստի մագիստրոսի աստիճանով աւարտած է ուսման ընթացքը:

Բանաստեղծը

Խմբագրել

1456-ին Վիոն գրած է 320 տունէ բաղկացած «Փոքրիկ Կտակարան» բանաստեղծութիւնը, որ տեսակ մը իրաւաբանական փաստաթուղթերու ծաղրերգութիւն է, իրատեսական, զօրեղ ստեղծագործութիւն, յագեցած քնարականութեամբ, հեգնանքով եւ կոպիտ հումորով:

1461-ին, անյայտ պատճառներով, Վիոնը կը գտնենք Ֆրանսայի Մունգ քաղաքի բանտին մէջ, ուր զայն դաժան պատիժի ենթարկած է եպիսկոպոս Թիպոուլ տ'Արուսին, բայց շուտով, նոր թագադրուած Լուի ԺԱ. կ'անցնի այդ քաղաքէն, որ առիթ կը դառնայ բոլոր բանտարկեալներուն ազատ արձակման: Վիոն այդ առիթով թագաւորին մը մաղթէ 12 որդի ունենալ: Անոր առաջին իսկ գրութիւնները մեծ ժողովրդականութիւն կը շահին: Իր կեանքին հետագայ տարիները Վիոն կ'անցընէ Ֆրանսայի տարբեր շրջաններուն մէջ:

Տաղանդաւոր երիտասարդին «Մեծ Կտակարանը» կը թուագրուի 1462, ընդմիջարկուած է գեղօններով եւ բաղկացած է 2023 տունէ: Յատկանշական են փարիզեան ստորին կեանքի իրապատում տեսարանները, ցայտուն են խռովարար թափառաշրջիկներու, գողերու, պոռնիկներու, գինեմոլ կրօնաւորներու եւ այլոց բնութագրումները:

Վիոն ունի նաեւ հայրենասիրական տրամադրութիւններ: Անոր բանաստեղծութիւնները ճկուն են ու երաժշտական, իսկ լեզուն կը համատեղէ քաղաքային քաղքենի դասակարգին խօսելաձեւը, գողերուն աղաւաղուած լեզուն (jargon) եւ սորպոնեան ճարտասանութիւնը:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել