Ֆրետերիք Շոփէն (1 Մարտ 1810(1810-03-01)[4][5], Ժելյազովա Վոլյա, Վարշաւայի դքսութիւն[6] - 17 Հոկտեմբեր 1849(1849-10-17)[1][2][3][…], Փարիզ, Ֆրանսայի երկրորդ հանրապետութիւն[6][7]), լեհ յօրինող, երգահան։ Աշխարհահռչակ երաժիշտ եւ տաղանդաւոր դաշնակահար էր, սակայն չէր սիրեր համերգներ տալ։

Ֆրետերիք Շոփէն

Շոփէն կը համարուի «ռոմանթիք երաժշտութեան» մեծագոյն վարպետներէն մէկը։ Գրած է դաշնամուրային ստեղծագործութիւններ։ Իր մազուրկները, պալատները, վալսերը ճանչցուած են բոլորի կողմէ։ Ընկերը՝ Ռոպերթ Շումանը ըսած է՝ Շոփէնի ստեղծագործութիւնները կը նմանին «ծաղիկներով ծածկուած թնդանօթներու»։

Շոփէնի երաժշտութեան հրաշալի յատկութիւններէն մէկը իր հասանելիութիւնն է, որ օժտուած է բացառիկ մեղեդիութեան զգացումը։ Շոփէն ըսած է, որ իր երաժշտութեան ոգին մէկ բառով կարելի է արտայայտել լեհերէն «ժալ» բառով։

Կենսագրւթիւն

Խմբագրել

Մանկութիւն

Խմբագրել

Շոփէնի հայրը՝ Նիքոլա Շոփէնը, ֆրանսացի էր, որ 1787-ին երբ Շոփէն 16 տարեկան էր, գաղթած է Լոթարինգայէն։ Իսկ մայրը լեհուհի: Շոփէն ծնած է Żelazowa Wola [ʐɛlaˈzɔva ˈvɔla] Ժելազովա վոլա, Լեհաստան։

1810-ին Շոփէն մկրտուած է այն եկեղեցիին մէջ, ուր իր ծնողքը պսակուած էր։ Նոյն տարուան մէջ, Շոփէնի ընտանիքը տեղափոխուեցաւ Վարշաւա, ուր հայրը պիտի դասաւանդէր ֆրանսերէն։

Շոփէն յաճախած է Վարշաւայի ճեմարանը 1823-1826 թուականներուն։ Շոփէնի ընտանիքի բոլոր անդամները օժտուած էին երաժշտական յատկանիշներով։ Այսպիսով, Շոփէնը, փոքր տարիքէն հմտացած է երաժշտութեան ասպարէզին մէջ։

Շոփէնի առաջին դաշնամուրի ուսուցիչը եղած է Wojciech Zywny-ն։ Սակայն տաղանդաւոր Շոփէնը շատ կարճ ժամանակի մէջ գերազանցեց իր ուսուցիչը։ 7 տարեկան երեխան սկսած էր արդէն մասնակցիլ ելոյթներու եւ ստեղծագործած էր 2 պոլոնեզներ։

Պատանեկութիւն

Խմբագրել

Մինչեւ 13 տարեկան Շոփէնը կրթութիւնը ստացած է տունը։ 1823-ին տեղափոխուեցաւ Վարշաւայի Վարժարանը։ 1826-ին Շոփէն հետեւեցաւ եռամսեայ երաժշտական դասընթացքներու։ 1826 թուականին Շոփէն սկսաւ պաշտօնապէս ուսումնասիրել Էսների հետ երաժշտական յօրինումներ։ Այս դասընթացքներու ժամանակ Շոփէն կրկին փաստեց իր տաղանդը։

1828-ին ճամբորդութեան մը ընթացքին Շոփէն մասնակցեցաւ քանի մը համերգներու։ Տարիներու ընթացքին ան շարունակեց յօրինել եւ արժանացաւ մեծ հռչակի ոչ միայն որպէս յօրինող այլ նաեւ՝ նուագող։ Աւելի ուշ 1830-ին Շոփէն զգալով Լեհաստանի ողբալի վիճակը (ապստամբութիւններու պատճառաւ) եւ տեսնելով Ֆրանսայի անհոգութիւնը այս վիճակի նկատմամբ գրեց «Յեղափոխական Էդիւտը Սի մինորի մէջ»։

Վերջին տարիներ

Խմբագրել

Շոփէնի փառքը կը նուազէր։ 1848-ին Փարիզի մէջ ան տուաւ իր վերջին համերգը, ապա մեկնեցաւ Լոնտոն, ուր մասնակցեցաւ քանի մը համերգի։ Շոփէն կը տառապէր անբուժելի թոքախտ հիւանդութենէ, եւ այդ պատճառաւ չկրցաւ դասաւանդել։

Աղքատութեան հետեւանքով ան չէր կրնար գոհացնել իր կարիքները։

Մահացաւ 1849-ին 39 տարեկանին։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 2,0 2,1 Internet Broadway Database — 2000.
  3. 3,0 3,1 Itaú Cultural Enciclopédia Itaú CulturalSão Paulo: Itaú Cultural, 2001. — ISBN 978-85-7979-060-7
  4. Zamoyski A. Chopin — 1979.
  5. https://www.chopin-society.org.uk/articles/chopin-birthday.htm
  6. 6,0 6,1 6,2 6,3 Archivio Storico Ricordi — 1808.
  7. 7,0 7,1 Գերմանիայի ազգային գրադարանի կատալոգ