Ալենուշ Տէրեան
Ալենուշ Տէրեան (պարս․՝ آلينوش طريان, 9 Նոյեմբեր 1920, Թեհրան, Իրան- 4 Մարտ 2011, Թեհրան, Իրան) Իրանի մէջ Բնագիտութեան առաջին կին- փրոֆ. եւ Իրանի աստղագիտութեան պատմութեան մէջ առաջին արեւային աստղադիտակի եւ աստղադիտարանի հիմնադիրն է։
Ալենուշ Տէրեան պարս․՝ آلنوش طریان | |
---|---|
| |
Ծնած է | 9 Նոյեմբեր 1920 |
Ծննդավայր | Թեհրան |
Մահացած է | 4 Մարտ 2011 |
Մահուան վայր | Թեհրան, Իրան |
Քաղաքացիութիւն | Իրան |
Ազգութիւն | Հայ |
Մայրենի լեզու | Պարսկերէն |
Ուսումնավայր |
Փարիզի Համալսարան[1] Թեհրանի Համալսարան[1] |
Մասնագիտութիւն | Բնագէտ եւ աստղագէտ |
Աշխատավայր | Թեհրանի Համալսարան[1] |
Ծնողներ | հայր՝ Արտո Տերյան?[1], մայր՝ Վարթո Տերյան? |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԱլենուշ Տէրեան ծնած է 1920-ին թեհրանահայ ընտանիքի մէջ։ Մայրը ուսանած էր Զուիցերիոյ մէջ եւ ֆրանսերէնի ուսուցչուհի էր, իսկ հայրը՝ ծնունդով Նոր Ջուղայէն, գրող էր ու կեանքի վերջին 20 տարիներուն ծառայածր է որպէս Իրանի «Սեփահ պանք»ի տնօրէն։ Ծնողները տիրապետած են հայերէնին, պարսկերէնին եւ ֆրանսերէնին։ Հայրը նաեւ Ֆերտոսիի բանաստեղծութիւններուն հայերէն թարգմանութիւններուն հեղինակ է, որոնք հրատարակուած են իր «Արիզարտի Պոեզիայի հաւաքածոյ» գիրքին մէջ[2]։
Մայիս 1947-ին Ալենուշ կ'աւարտէ ուսումը Թեհրանի համալսարանի գիտութեան բաժանմունքէն եւ նոյն տարուան Սեպտեմբերին աշխատանքի կ՚անցնի նոյն բաժանմունքի բնագիտութեան տարրալուծարանին մէջ։ Տարի մը ետք, ան փորձասենեակի գործառութիւններու վարիչ մարմնի պետ կը նշանակուի։
Տէրեան կը փորձէ համոզել իր դասախօս Մահմուտ Հեսապին, որ օգնէ իրեն կրթաթոշակ ստանալու Ֆրանսայի մէջ ուսումը շարունակելու համար։ Սակայն, իգական սեռին պատկանելուն պատճառով կը մերժուի։ Այսուհանդերձ, հօր նիւթական օգնութեամբ, Փարիզ կը մեկնի եւ Սորպոնի մթնոլորտային բնագիտութեան բաժանմունքին մէջ կը շարունակէ ուսումը։ 1956-ին կ'աւարտէ եւ դասախօսական պաշտօնի առաջարկ կը ստանայ, սակայն, կը մերժէ՝ Իրանի մէջ ծառայելու համար։ Ան կը վերադառնայ իր ծննդավայրը եւ իբրեւ դասախօս կը սկսի ջերմուժականութիւն դասաւանդել Թեհրանի համալսարանի բնագիտութեան բաժանմունքին մէջ։
1959-ին, Արեւմտեան Գերմանիա կրթաթոշակ կը տրամադրէ Թեհրանի համալսարանին, արեւային բնագիտութեան աստղադիտարանին մէջ չորս ամիս սորվելու համար։ Տէրեան կ'ընտրուի կրթաթոշակի շահառու։ Մարտ 1961-ին Գերմանիա կը մեկնի։ Իսկ վերադարձէն ետք, 30 Մայիս 1964-ին կ՚արժանանայ փրոֆեսորի կոչման, եւ այդպէս կը դառնայ Իրանի առաջին կին փրոֆէսորը։
20 Նոյեմբեր 1966-ին կ'ընտրուի Թեհրանի համալսարանի երկրաբնագիտութեան կոմիտէի անդամ, իսկ երեք տարի ետք կը նշանակուի Թեհրանի համալսարանի Երկրաբնագիտութեան հիմնարկին արեւային բնագիտութեան աստղադիրանին հետազո օտութիւններու խումբին նախագահ, որուն հիմնադրման մէջ ինք մեծ դեր կատարած էր[3]։
Տէրեան Իրանի մէջ աստղաբնագիտութիւն դասաւանդող առաջին անձն էր։ 1979-ին պաշտօնաթողման դիմում ներկայացուցած եւ ապա հանգստեան կոչուած է։ Ան, կտակով, բնակարանը նուիրած է Ջուղայի հայերուն եւ այն ուսանողներուն, որոնք յարմար բնակատեղի չունին, կեանքին վերջը անցուցած է Թեհրանի Թաուհիտ ծերանոցին մէջ,ուր իր 90 Ամեակին առիթով արժանացած է Վիքթոր Համբարձումեանի անուան միջազգային մրցանակին:
Գնահատականներ
ԽմբագրելԹեհրանի մէջ զինք անուանած են «իրանական աստղագիտութեան մայրը»:
Իրանի հեռուստատեսութեան «Իմաստուններ» ծրագիրին կողմէ որպէս գիտութեան ոլորտի մնայուն դէմք ճանչուած է։ 2003–ին՝ Իրանի հեռուստատեսութեան պատուէրով, անոր կեանքին մասին վաւերական շարժանկար մը ստեղծուած է, «Դէպի Արեւ» անունով[4]։
Յուլիսի 2006-ին Իրանի նախագահ՝ Մահմուտ Ահմատինեժատիի կողմէ գնահատագիրի ու շքանշանի արժանացած է։ Նոր Ջուղայի հայոց ազգային վարժարանի դահլիճներէն մէկը կոչուած է «Ալենուշ Տէրեան»:
Անոր ուսանողներն ու ժամանակակիցները մինչեւ օրս կը յիշեն զինք՝ որպէս հոգատար ուսուցիչ, որ կը վայելէ իր բոլոր ուսանողներուն սէրն ու յարգանքը:
Աղբիւրներ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 https://iranwire.com/en/features/69285/
- ↑ «Հարցազրոյց Տիկին Ալենուշ Տէրեանի հետ (պարսկեր էն)»։ 2010-05-04։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-08-01-ին։ արտագրուած է՝ 2010-06-29
- ↑ «Հարցազրոյց Ալենուշ Տէրեանի հետ (անգլերէն)»։ 2007-12-19։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-11-12-ին։ արտագրուած է՝ 2012-06-02
- ↑ «Իրանի Աստղագիտութեան Մայրը Մոռացութեան Շեմին (պարսկերէն)»։ 2007-11-10։ արտագրուած է՝ 2010-06-29