Ալի պին ալ-Հուսէյն

Ալի պին ալ–Հուսէյն (23 Դեկտեմբեր 1975(1975-12-23), Ամման, Յորդանան), Յորդանանի թագաւոր Հուսէյն Ա. Իպն Թալալի երրորդ որդին եւ անոր երրորդ կնոջ՝ թագուհի Ալիայի երկրորդ երեխան։ 6 Յունուար 2011-էն ՖԻՖԱ-ի անդամ եւ Ասիոյ ֆութպոլի դաշնութեան փոխնախագահն է[1]։

Ալի պին ալ-Հուսէյն
արաբերէն՝ علي بن الحسين
Ծնած է 23 Դեկտեմբեր 1975(1975-12-23) (48 տարեկան)
Ծննդավայր Ամման, Յորդանան
Քաղաքացիութիւն  Յորդանան
Կրօնք Իսլամութիւն
Ուսումնավայր Փրինսթընի Համալսարան
Սանդհարսթի Թագավորական ռազմական ակադեմիա?
Salisbury School?
Մասնագիտութիւն ֆունկցիոներ
Վարած պաշտօններ կազմակերպութեան նախագահ
Ամուսին Իշխանուհի Ռիմ ալ-Ալի
Ծնողներ հայր՝ Հուսեյն I իբն Տալալ?, մայր՝ Ալիա ալ-Հուսեյն?
Երեխաներ Abdullah bin Ali? եւ Jalilah bint Ali?
Կայքէջ alibinalhussein.com

Յունուար 2015-ին յայտարարուած է, որ արքայազն Ալին Զեպպ Պլաթէրի թեկնածու է այդ տարուայ Մայիսին կայանալիք ՖԻՖԱ–յի նախագահի հերթական ընտրութիւններուն[2]։

Անձնական կեանք

Խմբագրել

Թագաժառանգ Ալին կրթութիւնը սկսած է Ամմանի Իսլամական ուսումնական քոլէժին մէջ։ Կրթութիւնը շարունակած է Մեծ Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, ուր յաջողութիւն ունեցած է մարզանքի, յատկապէս՝ ըմբշամարտի մէջ[3]։

23 Ապրիլ 2004–ին թագաժառանգ Ալի ամուսնացած է CNN–ի նախկին լրագրող Ռիմ Պրախիմիի հետ, ով դիւանագէտ, Աֆղանստանի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան յատուկ ներկայացուցիչ Լախդար Պրախիմիի դուստրն է[4]։ Ամուսնութիւնը հրապարակայնօրէն նշուած է 7 Սեպտեմբեր 2004–ին[5]։ Անոնք ունին երկու զաւակ․ իշխանուհի Ճալիլա (ծնած է 16 Սեպտեմբեր 2005–ին) եւ իշխան Ապտուլա (ծնած է 19 Մարտ 2007–ին)[6]։

Պարգեւներ

Խմբագրել
  • Ալ–Հուսէյն Պին Ալիի Մեծ ժապաւէնի շքանշան
  • Վերածնունդ բարձրագոյն շքանշանի ասպետ
  • Յորդանանի Աստղ շքանշանի Մեծ ժապաւէն
  • Պատուաւոր լեգէոնի (Ֆրանսա) շքանշան
  • Ծագող արեւի շքանշան (Ճափոն)
  • Թագաւորական Վիքթորեան շքանշանի հրամանատար–ասպետ (Մեծ Բրիտանիա)
  • «Աւստրիական հանրապետութեան առաջ ծառայութիւններու» համար առաջին աստիճանի Մեծ խաչի պատուաւոր նշան

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել