Աղբիւրագիտութիւն

Աղբիւրագիտութիւնը՝ գիտութեան օժանդակող ճիւղ է, որ կը մշակէ պատմական աղբիւրներու հետազօտման մեթոտները (կերպերը)։ Աղբիւրներու ծագման հարցերը պարզաբանելու համար, օրինակ՝ ճշգրտութիւն, ժամանակ, տեղ, նախնական բնագիր, հեղինակ, եւայլն, մեծ նշանակութիւն ունին Աղբիւրներու արտաքին կողմի քննութիւնը եւ Աղբիւրներու դերը հաստատող մեկնաբանութիւնը (իմաստ, թեմա կամ նիւթ, խնդիրներ, եւայլն)։ Իսկ ներքին կողմի քննութիւնը կը բացայայտէ Աղբիւրներու բովանդակութիւնը, ինչպէս՝ ճշգրտութիւն, լիարժէքութիւն։

Աղբիւրագիտութիւնը կ՚օգտագործէ նաեւ պատմական գիտութիւններու այլ ճիւղերու տուեալները, ինչպէս օրինակ՝ հնագիտութեան, արձանագրագիտութեան, պատմական չափագիտութեան տուեալները, եւայլն։

Պատմական աղբիւրներ

Խմբագրել

Պատմական Աղբիւրները՝ մարդկային ընկերութեան անցեալի պատմութեան յուշարձաններն են, եւ իրենց բնոյթով տարբեր են.

  • Գրաւոր Աղբիւրներ (ձեռագիր եւ տպագիր), արտադրութեան գործիքներ, կենցաղային իրեր, ճարտարապետական ու շինարարական յուշարձաններ, եւայլն։ Որպէս պատմական Աղբիւրներ կ՚օգտագործուին նաեւ հին լեզուական տարրերը, գեղարուեստական գրականութեան, պատմական աշխարհագրութեան եւ ժողովրդային բանահիւսութեան նիւթերը։

Պատմական Աղբիւրներու մէջ նշանակալից տեղ կը գրաւեն գրաւոր յուշարձանները, զորս կրնանք բաժնել երկու մասի.

  • Մատենագրական. օրինակ՝ պատմիչներու երկեր, տարեգրութիւններ, ժամանակագրութիւններ, յիշատակարաններ, օրագրութիւններ, յուշագրութիւններ, զանազան իրերու վրայ գրուած կամ փորագրուած արձանագրութիւններ, նամակներ։
  • Պաշտօնական. օրինակ՝ հրովարտակներ, պայմանագրեր, կոնդակներ, կանոնագրութիւններ եւ օրէնսդրութիւններ, յայտարարութիւններ, զանազան որոշումներ, զեկոյցներ, տեղեկագիրներ։

Գրաւոր յուշարձանները կ՚ըլլան բնագրեր եւ պատճէններ. իւրաքանչիւր դարաշրջանի յատուկ է Աղբիւրներու որոշակի տեսակ։

Պատմական Աղբիւրներու ուսումնասիրման մեթոտներու (կերպերու) մշակումով կը զբաղի՝ Աղբիւրագիտութիւնը։

Հայաստանի մասին պահպանուած հնագոյն տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Հայաստանի հնագոյն պատմութեան մասին, որոշակի տեղեկութիւններ պահպանուած են՝ Թէլ Ալ-Ամարնէի (ԺԵ.դ., Ն.Ք.) ու Պողազգոյի պեղումներէն յայտնաբերուած սեպագիր պնակիտներու վրայ, նաեւ բաբելա-ասորեստանեան արձանագրութիւններու մէջ։ Նայիրի Երկրի առաջին յիշատակութիւնը պահպանուած է՝ Ասորեստանի թագաւոր Սալմանասարի (1280-1261թթ.)(Ն.Ք.) մէկ արձանագրութեան մէջ։ Ուրարտուի մասին տեղեկութիւններ կը հաղորդեն ուրարտական սեպագիր արձանագրութիւնները, հին Հայաստանի մասին արժէքաւոր աղբիւր է Պէհիսթունի Արձանագրութիւնը։

Հայկական Աղբիւրներէն կարեւորագոյն նշանակութիւն ունին հայ պատմիչներ՝ Ագաթանգեղոսի, Փաւստոս Բուզանդի, Մովսէս Խորենացիի, Եղիշէի, Ղազար Փարպեցիի, Սեբէոսի, Ղեւոնդի, Յովհաննէս Դրասխանակերտցիի, Ասողիկի, Թովմա Արծրունիի, Ստեփանոս Օրբելեանի եւ այլոց երկերը, կարեւոր են նաեւ ձեռագիր մատեաններու յիշատակարանները։

Աղբիւրագիտական լրացուցիչ տուեալներ

Խմբագրել

Աղբիւրագիտական լրացուցիչ տուեալներ կ՚ընձեռեն՝ արաբական, բիւզանդական եւ մասամբ ասորական սկզբնաղբիւրները։

Աւելի ուշ շրջանի համար, արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը պարունակեն իրաւաբանական եւ գեղարուեստական գրականութիւնները, արխիւային փաստաթուղթերը, վիմական արձանագրութիւնները, ժամանակագրութիւնները, ինչպէս նաեւ վրացական ու պարսկական Աղբիւրները, եւրոպացի եւ ռուս ճանապարհորդներու ուղեգրութիւնները, նիւթական մշակոյթի մնացորդները, վարքաբանական, դաւանաբանական գրականութիւնը, եւայլն։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Ստեփան Տիգրանի Մելիք-Բախշեան, Հայոց պատմութեան աղբյուրագիտութիւն,։ Հնագոյն ժամանակներից մինչեւ 18-րդ դարի վերջը, Երեւանի համալս. հրատ., 1996 - 336 էջ։