Ամունտսընի Ծով
Ամունտսընի ծով (անգլերէն՝ Amundsen Sea), ծով մըն է՝ Հարաւային Ովկիանոսին մէջ, Անթարքթիքա մայրցամաքի ափերուն մօտ:
դասաւորում | ||
Ընդհանուր մակերեսը | 98 000 քմ² | |
Ամենամեծ խորութիւնը | 585 մ | |
Միջին խորութիւնը | 286 մ | |
Տեղը
ԽմբագրելՏարածուած է Մերի Պերտի երկրի կղզիին կից. սահմանափակուած է արեւելքէն Թերսթընի կղզիով, իսկ արեւմուտքէն՝ Տարթի հրուանդանով: Վերջինէն արեւմուտք կը ձգուի Անթարքթիքայի խաղաղական ովկիանոսային ափը: Ծայրամասային ծով մըն է: Տարածքը 98.000 քառակուսի քմ է, միջին խորութիւնը 286 մեթր, իսկ առաւելագոյնը՝ 585 մեթր:[1]:
Ընդհանուր ակնարկ
ԽմբագրելԾովն իր անունն ստացած է նորվեկիացի բեւեռախոյզ Ռոալտ Ամունտսընի պատուին[2]:
Պատմութիւն
ԽմբագրելԱմունտսընի ծովը շատ խիստ եղանակային պայմաններով, դժուարամատչելի եւ քիչ այցելուող ծովերէն է: Ոչ մէկ նաւ չէ յաջողած մօտենալ անոր ծովափին, քանի որ ան շրջափակուած է խաղաղական ովկիանոսային սառոյցէ լեռնազանգուածով: Ճիշդ այս տեղը, 1774 թուականին, անյաջողութեամբ աւարտած է Ճէյմզ Քուքի արշաւախումբը, երբ կը ցանկար հետազօտել Անթարքթիքան: Թերսթոն թերակղզիին համեմատաբար մօտ հասած է ամերիկեան «Կլեթչըր» եւ «Պերթըն Այլընտ» սառցահատուածները (1960 թուականին), ինչպէս նաեւ «Ն. Փալմերը» (1993 թուականին): Ափերն ամբողջովին սառոյցներէն են:
Բնութենական Պայմաններ
ԽմբագրելԱմբողջ տարուայ ընթացքին ծովուն վրայ կը փչէ մայրցամաքային սառն օդը: Ամունտսընի ծովը ամբողջ տարին պատուած է սառոյցով:
Ձմռան՝ ծովուն վրայ օդի ջերմաստիճանը վրայ շատ ցած է: Ամէնապաղ ամիսներն են՝ Յունիսը, Յուլիսը եւ Օգոստոսը: Միջին ամսական ջերմաստիճանը Յուլիսին կը կազմէ -18-էն -28: Այստեղ օդի ջերմաստիճանը կախուած է քամիի ուղղութենէն եւ արագութենէն: Փոթորիկներու ժամանակ հարաւային հատուածներու ջերմաստիճանը կը նուազի մինչեւ -30էն -35 աստիճանը, իսկ հիւսիսային հատուածին՝ -40էն -50: Հիւսիսային քամիները քիչ մը կը ջերմացնեն օդը, քանի որ կը փչեն բարեխառն գօտիէն:
Ամառնային տաքացումները կարճատեւ են եւ քիչ: Համեմատաբար ջերմ ամիսներն են՝ Դեկտեմբերը, Յունուարը եւ Փետրուարը:
Ամունտսընի ծովուն ջուրերուն մէջ տարածուած են ձուկերը, որոնք որպէս կեր կը ծառայեն փենկվիններու եւ ալպաթրոսներու համար: Սառոյցներուն վրայ կ'երեւան ծովաշուներ եւ ծովառիւծներ: Այս ծովուն ամէնատարածուած կետը փոքր զոլաւորն է:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Flannery Tim F. (2006)։ The Weather Makers: How man is changing the climate and what it means for life on Earth։ HarperCollins։ էջ 356։ ISBN 0-00-200751-7
- ↑ [[[:Կաղապար:Gnis3]] «Amundsen Sea»]։ Geographic Names Information System։ United States Geological Survey։ արտագրուած է՝ 23 October 2011
Ուիքիպահեստ նախագիծի Ամունտսընի Ծով ստորոգութեան մէջ կրնաք գտնել յաւելեալ պատկերազարդում այս նիւթի վերաբերեալ։ |